ԳՈ՛ՐԾՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ
«Գործն է ամէն բան. փառքն է ոչինչ»։
JOHANN WOLFGANG VON GOETHE
(Faust)
Մարդիկ կը խորհին՝ բնական է, քանի որ մարդը բանաւոր էակ մըն է. մարդիկ կը խօսին՝ այս ալ բնական հետեւանքն է բանականութեան, քանի որ մարդ արտայայտել կ՚ուզէ իր խորհածը, իր մտածումը եւ կարծիքները։ Բայց այս երկուքը բաւարար չեն մարդուս, քանի որ ան ընկերային էակ մըն է եւ կոչուած է իրերօգնութեան, այսինքն իր խորհուրդները եւ խօսքերը գործնականի վերածելու՝ իր նմաններուն օգուտ մը ապահովելու համար։
Մէկու մը՝ ուրիշի մը մասին բարիք խորհիլը, բարիք կամենալը չի բաւեր, բարութեան մասին խօսիլն ալ անբաւարար է ուրիշին բարիք ապահովելու համար, այնքան ատեն որ այդ բարի կամեցողութիւնը գործի չվերածուի, այսինքն՝ բարեգործութիւն չկատարուի։
Թէեւ երբեմն խօսքը կրնայ օգուտ ապահովել, օգտակար ըլլալ նեղութեան մէջ գտնուողի մը՝ մխիթարել զայն, հանդարտեցնել «մխիթարական խօսք»երով։ Բայց ան ալ կրնայ կորսնցնել իր արժէքը, երբ գործի, գործնականի չվերածուին մխիթարական այդ խօսքերը ի վերջոյ։ Ուստի մխիթարական խօսքեր ընել եւ մխիթարել բոլորովին զատ վիճակներ են։ Պահ մը կու գայ որ խօսքը այլեւս կը ձանձրացնէ մարդը եւ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը։ Մխիթարական խօսքերը պէտք է վերածել գործի, այսինքն իրապէս «մխիթարել»ու։
Ընդհանրապէս բարիքը, բարութիւնն ալ նոյնն է. մէկու մը տեւական բարութեան մասին խօսիլ բայց չբարեգործել, իր իսկական իմաստով բարիք չի նշանակեր, թերեւս «բարի երեւելու ճիգ» մը, ինչ որ անկեղծութենէ զուրկ ջանք մըն է։
Մա՛րդ «ես բարի մարդ եմ», ըսելով բարի մարդ չ՚ըլլար, բարութիւնը պէտք է գործով ցոյց տայ, որպէսզի «բարի մարդ» ըլլայ։ Արդարեւ, բարիք գործելու մէջ ալ կարեւորը նպատակն է. մարդ «բարի» կոչուելո՞ւ համար բարիք կ՚ընէ, թէ ոչ՝ իրապէս օգտակար ըլլալու համար, ահաւասիկ, այս է իրական բարեսէրին եւ սուտ բարեսէրին տարբերութիւնը ստուգող եզրը։ Այս իմաստով, իրական եւ անկեղծ բարիքը այն է, որ օգտակար ըլլալու նպատակով կը գործուի, եւ ոչ թէ՝ փառք եւ պատիւ ստանալու, եւ բարեսէր մարդու համբաւ վայելելու համար…։
Արդարեւ, բարիին եւ չարին շուրջ առարկայական չափանիշ մը կը գտնուի. ուստի մարդուն եւ անոր վախճանին վրայ կը յայտարարուի կամ կը քօղարկուի բարին կամ չարը՝ գործո՛վ։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ ազնիւ է, ինչ որ արդար է, ինչ որ մաքուր է, ինչ որ սիրելի է, ինչ որ պարկեշտ է, ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը» (ՓԻԼ. Դ 8)։ Առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքները, այլ նաեւ տալու լաւագոյնն իր անձին։ Զգայնական եւ հոգեւոր իր ամբողջ ուժերով, առաքինի անձը կը ձգտի դէպի բարին. կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն «շօշափելի գործ»երով, եւ զայն կ՚իրականացնէ շօշափելի-դրական գործերու մէջ։
Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ թէ՝ առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նման ըլլալու մէջ։
Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներն են. կայուն տրամադրութիւններ, ունակական-սովորական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մեր արարքները, կը կարգաւորեն մեր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն մեր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։
Անոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար։ Արդարեւ, «բարոյապէս բարի կեանք վարել» կը նշանակէ բարին գործի վերածել։ Եւ առաքինի մարդն է, որ ազատօրէն կը գործէ բարին։ Այս ուղղութեամբ՝ բարի է այն մարդը՝ որ կը գործէ բարին։
Բարոյական առաքինութիւնները ստացական են՝ մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղները, արտադրութիւնները եւ սերմերն են. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու աստուածային սիրոյ հետ։
Ամենասուրբ Երրորդութիւնը թոյլ կու տայ աճիլ բարիին մէջ բարոյական առաքինութիւններու շնորհիւ։ Եւ «խոհեմութեան» շնորհիւ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրուի տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ ճշմարիտ բարին եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելո՛ւ։
Խոհեմութիւնը «ուղիղ կանոնն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, ինչ որ ըսած է նաեւ Արիստոտէլ։
Եւ «զօրութիւն»ը դժուարութիւններու, արգելքներու մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին եւ գործադրումին մէջ։ Նաեւ «ժուժկալութիւն»ը կը չափաւորէ եւ կը հաւասարակշռէ հաճոյքներուն հրապոյրը արարչութեան բարիքներուն գործադրութեան մէջ։ Առաքինի մարդը միշտ երջանիկ է բարիքի գործադրութիւնը ապահովելով իր կեանքին մէջ։ Բարիքը գործադրելով է, որ մարդ իսկական իմաստով բարեսէր եւ բարերար կ՚ըլլայ։
Մարդ միշտ ունեցած է բարիին բաղձանքը, եւ սակայն անոր բնութիւնը խոցը կը կրէ սկզբնական մեղքին։ Ան եղած է հակամէտ չարին եւ ենթակայ՝ մոլորումին։ Այս իմաստով մարդը իր անձին մէջ բաժնուած է։ Ահա թէ ինչո՛ւ մարդոց անհատական եւ հաւաքական ամբողջ կեանքը կը ներկայանայ իբր եղերական պայքար մը բարիին եւ չարին՝ լոյսին եւ խաւարին միջեւ։ Եւ այս իսկ պատճառով, մարդ թէեւ կը խորհի, կը խօսի բարիին մասին, սակայն կը դժուարանայ բարիին գործադրութեանը մէջ։ Մարդուս դիւրին կու գայ խորհիլ, խորհրդածել բարիին մասին, խօսիլ բարիին օգտակարութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին, բայց նոյնքան եւ աւելի դժուար՝ զայն գործադրել։
Մինչդեռ մարդուն կատարելութիւնը կը կայանայ երեք վիճակներուն միութեանը մէջ՝ խորհելու, խօսելու եւ գործելու մէջ։ Եւ դարձեալ, կատարեալ է այն մարդը՝ որ կը խօսի, ինչպէս որ կը խորհի եւ կը գործէ, ինչպէս որ կը խօսի։ Ուրեմն, անշուշտ որ կարեւոր է խորհիլ, խօսիլ բայց երբ այդ խորհուրդները եւ խօսքերը ուրիշի մը մասին է, ուրիշի մը օգուտը եւ բարոյական շահը կը հետաքրքրէ, անհրաժեշտ է նաեւ գործել, այսինքն իրականացնել, տեսանելի եւ շօշափելի վիճակի վերածել խորհուրդը եւ խօսքը։ Անշուշտ գործը պէտք է համաձայն ըլլայ խօսքին, ինչպէս խօսքը՝ խորհուրդին։ Կերպով մը ճշմարտախօս ըլլալու է մարդ՝ որուն այոն «այո՛» է եւ ոչը՝ «ո՛չ»։
Խորհուրդի, խօսքի եւ գործի համաձայնութիւնը ենթակային նկարագրին մասին հաստատ ստուգանիշ մըն է։ Բարձր նկարագրի տէր, վստահելի, պատուոյ արժանի է ան՝ որուն խորհուրդները, խօսքերը եւ գործերը համաձայն են եւ նոյն գիծին վրայ կ՚ընթանան։ Երանի՜ այդպիսի մարդոց…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024