ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ
Պուլկարիոյ մէջ ներկայիս ծայր տուած է ներքին քաղաքական լուրջ տագնապ մը։ Յուլիսի 9-էն ի վեր Սոֆիայէ ներս կ՚ընթանան հակակառավարական բողոքի ցոյցեր։ Ցուցարարներու հոծ բազմութեամբ տեղի կ՚ունենան այս ցոյցերը, որոնց ընթացքին կը պահանջուի վարչապետ Պոյքօ Պորիսովի կառավարութեան հրաժարականը։ Սեպտեմբերի 22-ը Պուլկարիոյ մէջ ազգային տօն է։ Երկրի անկախութեան հռչակման 112-րդ տարեդարձին ալ բազմամարդ ցոյցերը շարունակուեցան։ Հրաժարականի պահանջ ներկայացուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Ցվեթա Քարաեանչեւայի եւ աւագ դատախազ Իվան Կեշեւի պարագային։ Այն ատենախօսները, որոնք ցուցարարներուն խօսք ուղղեցին, նշեցին, թէ հրաժարականները պահանջուած առաջատար պետական գործիչները կը համագործակցին մաֆիայի հետ։ Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ, որ կառավարութեան հետ տարակարծութիւններ ունի, հերթական անգամ զօրակցեցաւ ցուցարարներուն։
Վերջին մեծ ցոյցին յաջորդեց Սոֆիայի կեդրոնէն ներս երթ մը։ Կարգ մը խաչմերուկներ երթեւեկութեան փակուեցան։ Աւելի քան հազար իրաւապահներ դուրս եկած էին վերահսկելու համար իրավիճակը։ Ցուցարարներու հետ ծագած բախումներու հետեւանքով երեք ոստիկան վիրաւորուեցաւ։