ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ քառասնորդացը, Պահքը, Ապաշխարանքը։

Պատասխան. Պահք կը նշանակէ որոշ ուտելիքներէ զրկուիլ կամ դադրիլ ճաշակելէ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար։ Եկեղեցական առումով, պահեցողութիւնը կը կատարենք մենք մեզ կենդանական ամէն տեսակի արտադրութիւն եղող սնունդէ զրկելով, որպէսզի մեր հոգին զօրացնենք, անդրադառնանք մեր գործած սխալներուն, զղջանք մեր գործած մեղքերուն համար եւ ապաշխարենք ու Աստուծմէ քաւութիւն խնդրենք։ Տարբեր առիթներով մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս սահմանուած են պահքեր, որոնցմէ ամենէն կարեւորը Քառասնորդացն է, որ Սուրբ Առաքեալներուն կողմէ տնօրինուած է, մեր Տիրոջ չարչարանքներէն քառասուն օրեր առաջ։ Այս մասին Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանը կը գրէ. «Քրիստոսէ ետք Անոր սուրբ առաքեալները սրբացուցին պահեցողութեան օրէնքը՝ ամէն շաբաթ, երկու օր՝ Զատիկէն առաջ ալ՝ քառասուն օր պահելով ու պահել տալով։ Առաքեալները կ՚ըսեն քեզի. “Ո՛վ անարգ կաւ, ազատն Աստուած քեզի համար, քու փոխարէնդ բռնուեցաւ եւ Իր հրաշագործ ձեռքերը քու պատճառովդ կապուած՝ հրեաներուն ձեռքը մատնուեցաւ, երկինք եւ երկիր ստեղծողը քեզ մեղքի գերութենէն ազատելու համար Գողգոթայի անարգ փայտէն կախուեցաւ եւ խաչուեցաւ, քու հոգիդ կենդանի պահելու համար՝ Իր հոգին աւանդեց, այդ պատճառով քու վրադ սուրբ պարտք կը դնենք՝ Չորեքշաբթին պահել Յիսուսի մատնութեան յիշատակին, եւ Ուրբաթը՝ Անոր խաչելութեան ու մահուան յիշատակին համար։ Տակաւին, քառասնօրեայ պահք կը սահմանենք եւ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանը կը ծածկենք քեզմէ, ինչպէս որ Աստուած Ադամը դրախտէն արտաքսելէ ետք՝ անոր առջեւ փակեց փափկութեան դրախտի դռները, որպէսզի սուրբ պահեցողութեամբ քեզ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան արժանանալու համար պատրաստես”»: Քառասնորդաց կը կոչուի, որովհետեւ քառասուն օրերու վրայ տարածուած է։ Կը սկսի Բուն բարեկենդանի կիրակիին յաջորդող երկուշաբթի օրը եւ կ՚աւարտի քառասուն օրեր ետք՝ Ղազարու տօնին նախորդող ուրբաթ երեկոյեան։ Իսկ այդ միջոցը՝ Սուրբ Ղազարու տօնէն մինչեւ Զատիկ կը կոչուի նաւակատիքի պահք, որ բոլոր Տէրունական տօներուն կը պահենք։ Քառասնորդաց Պահքի ժամանակաշրջանը, քրիստոնեայ անհատին համար ապաշխարութեան առիթ մըն է, դառնալու իր երկնաւոր Հօր, խնդրելով Անոր ներողամտութիւնը։

Հ. Եկեղեցւոյ հայրերը պահքի եւ ապաշխարութեան մասին խօսա՞ծ են:

Պ. Այ՛ո, անոնք իրենց քարոզներուն, ճառերուն եւ գրութիւններուն մէջ յաճախ խօսած են պահքի եւ ապաշխարութեան մասին: Ահաւասիկ փունջ մը այդ մտածումներէն:

Պահքի մասին.

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կ՚ըսէ.

- «Պահքը հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ է, որ կը խափանէ խորամանկ թշնամիին մուտքը։ Պահքը բորբոքած ցանկութիւններուն հուրը կը հանգեցնէ, որովհետեւ ինչպէս որ կրակը փայտը պակասելու պարագային կը մարի, այդպէս ալ որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը պակսելով՝ ցանկութիւններու բոցը կը հանգչի, եւ անոր տեղ կը բորբոքին սրբութիւնն ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր պահքով»:

- «Պահքը մեր հոգեւոր կեանքը կը զօրացնէ եւ մարմնաւոր անկարողութիւնները կը խափանէ, որովհետեւ մէկուն զօրանալու միջոցին միւսը կը տկարանայ։ Ինչպէս որ լէշակեր թռչունները անխնայ ուտելնուն պատճառով դժուարութեամբ կը թռչին եւ հեշտութեամբ կ՚որսացուին, իսկ սակաւակերները արագաթռիչ են եւ դժուար կը բռնուին, այդպէս ալ որկրամոլ ու չափաւոր մարդն է»:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ՚ըսէ. «Մաքուր պահքը թանկագին է Աստուծոյ առջեւ եւ ան գանձի նման պահուած է երկինքին մէջ: Պահքը զէնք է չարին դիմաց եւ վահան՝ որով թշնամիին նետերուն դէմ կը պատերազմինք»:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կ՚ըսէ.

«ՊԱՀՔ ՊԱՀԱ՞Ծ ԵՍ

Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի։ Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինիդ բոլոր անդամները։

Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէ եւ գէշ գործերէ։

Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ։

Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը ինչ չար է։

Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ։

Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ։

Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէ, սակայն վա՛յ անոր որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել»:

Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Պահեցողութիւնը հոգին կը մաքրէ, միտքը կը բարձրացնէ, կիրքերը չափի ու հակակշիռի տակ կը պահէ, ցանկութեան ամպերը կը ցրուէ, սեռային կրակը կը մարէ եւ ճշմարտութեան լոյսը կը վառէ»:

Շնուտա Գ. Հայրապետ կը գրէ. «Պահեցողութեան լաւութիւնը միայն թերութիւններուն եւ յոռի երեւոյթներուն դէմ պատերազմիլը չէ, այլ՝ դրականօրէն կ՚ազդէ հոգին զօրացնելու»:

Ապաշխարութեան-զղջումի մասին.

Ս. Կղեմէս Հռոմէացի Հայրապետ կ՚ըսէ. «Այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ ենք, ամբողջ սիրտով զղջանք մարմինով գործած չար գործերուն համար, որպէսզի Տիրոջ միջոցով փրկուինք, այնքան ատեն, որ զղջալու առիթ ունինք»:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ. «Ինչ բանը որ մարմինի համար խոց ու բալասան է, ապա նոյնն են մեղքն ու ապաշխարութիւնը հոգիին համար։ Շատ ուշադիր եղիր խօսքերուս հանդէպ. խոց եւ բալասան, մեղք եւ ապաշխարութիւն։ Խոցը մեղք է, ապաշխարութիւնը՝ բալասան։ Խոցը թարախն է, բալասանը ի վիճակի է թարախը մաքրելու»:

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ կը գրէ. «Ջերմեռանդ ապաշխարութիւնը այսպէս է, չի խնայեր ո՛չ հարստութիւն եւ ոչ ալ ֆիզիքական յոգնութիւն, այլ կը նեղէ, կը մաշեցնէ, կը տառապեցնէ եւ կը պահանջէ միայն մեղքերու թողութիւն ու հոգեկան ախտերէն բժշկութիւն, որոնցմով մեր մեղքերը պիտի քաւենք եւ մեր հոգիներուն վերքերէն բժշկուինք։ Կարելի է մեղքը քաւել ծոմապահութեամբ, արթուն մնալով. աղօթքով, խնդրուածքներով եւ գորովագին պաղատանքներով. կարելի է մեղքերը քաւել քուրձով, մոխիրով եւ չոր գետնի վրայ պառկելով. կարելի է մեղքերը քաւել լալով, ողբալով եւ աղքատներուն գթալով. կարելի է մեղքերը քաւել ողբալով, հառաչելով եւ անդադար արտասուելով. կարելի է մեղքերը քաւել հեզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ հնազանդութեամբ. կարելի է մեղքերը քաւել բարութեամբ եւ բարերարութեամբ. կարելի է մեղքերը քաւել եղբայրասիրութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղովը. կարելի է մեղքերը քաւել ուղիղ վարքով եւ վարդապետութեամբ»:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ. «Պէտք է հաւատալ թէ ո՛րչափ ալ մեղսալից ըլլանք, զղջումով եւ խոստովանութեամբ, արցունքով եւ ողորմութեամբ, պահքով եւ աղօթքով, եւ ասոնց յարմար բարեգործութիւններով, մեր մեղքերը ձիւնի պէս պիտի սպիտականան նոյնիսկ եթէ մուրի նման անմաքրելի ըլլան, եւ բուրդի նման պիտի մաքրուին նոյնիսկ եթէ արիւնի չափ կարմիր ներկուած ըլլան՝ անջնջելի որդան կարմիրով»:

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ կը գրէ. «Իսկ ի՞նչ է ապաշխարութիւնը եւ ի՞նչն է անոր պտուղը։

Ապաշխարութիւնը անցած վատ գործերուն համար ապաշաւելն է միայն, իսկ անոր պտուղները՝ չարիքներուն հակառակ գործելը, այսինքն՝ արդարութիւն։ Օրինակ, անմաքուր վարքի փոխարէն՝ սրբութիւն ունենալ. որկրամոլութեան ու գինովութեան փոխարէն՝ անօթենալ ու ծարաւնալ. ծիծաղելու փոխարէն՝ լալ. ագահութեան մեղքը գործողը՝ աղքատներուն պիտի բաժնէ ու տայ, եւ այլն։ Միայն պտուղ չ՚ըսեր, այլ՝ “արժանավայե՛լ” պտուղ, այսինքն՝ պակաս պտուղներ չտալ, այլ՝ կատարուած վատ (արարքներու) չափով կշռել նաեւ լաւը։ Տակաւին, փառասիրութեան ախտէն զերծ մնալով, առաքինութիւններ գործել, որոնց միջոցաւ Աստուծոյ վայելուչ պտուղներ կ՚ընծայուին։ Որովհետեւ ապաշխարութեան պտուղը՝ բարիքը անկեղծօրէն գործելն է, իսկ առ երեւոյթ բարին առանց պտուղի՝ տերեւն է միայն, Քրիստոսի անիծած թզենիին նման (Մր 11.12-20)»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ. «Մեր զղջումը կը քաւէ մեղքերուն յիշատակը, քանի որ մեր զղջալով Աստուած թողութիւն կու տայ մեղքերուն, խոստովանիլը՝ մեր մէջէն մեղքին կարելիութիւնը կը հեռացնէ, եւ ապաշխարանքը՝ կը հեռացնէ դժոխքին տանջանքները»:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեան կը գրէ.

- «Ապաշխարութեան բոլոր տեսակներն ալ մեր մեղքերը կը լուան եւ երկրորդ աւազան կը դառնան։ Տակաւին չէ եղած ապաշխարող մը, որ իր սիրտը կոտրէ Յիսուսին առջեւ ու չփրկուի»:

- «Մեղքերէն թեթեւնալու միակ միջոցը ապաշխարութիւնն է, եթէ միայն մարդ զգալով իր մեղաւորութիւնը, կը կամենայ ուղղուիլ, Աստուծոյ մօտենալ։ Ապաշխարութիւնը զղջացողին համար երկրորդ աւազան է։ Ինչքան մկրտութիւնը անհրաժեշտ է քրիստոնեայ չեղող մարդուն, այնքանով ալ ապաշխարութիւնը անհրաժեշտ է մեղաւոր քրիստոնեային, որովհետեւ թէ՛ մէկով եւ թէ ալ միւսով մեղքերը կը լուացուին։ Ջուրը եւ կրակը տեսանելի կրակը կը մարեն, իսկ ջերմ արցունքը մեղքի կրակը կը մարէ։ Ապաշխարութիւնը զղջացող մարդուն վրէժխնդրութիւնն է, որով ան կը պատժէ իր անձը։ Իսկ ան, որ ապաշխարութեան չի դիմեր, մեղքի վրայ մեղք կը դիզէ, կը պատժուի անմարելի կրակով»:

Շնուտա Գ. Հայրապետ կը գրէ. «Ան որ կը կարծէ թէ զղջալու կարիք չունի, այդպիսին ինքզինքը լաւ չէ ճանչցած, եւ չէ յայտնաբերած իր անձին գաղտնիքները»:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Իսկական ապաշխարողը, հետեւաբար, ան է՝ որ զղջալով ու ցաւելով իր նախկին սխալներուն ու թերացումներուն համար, կ՚որոշէ ՓՈԽԵԼ ԻՐ ԸՆԹԱՑՔԸ, ետ դառնալ իր նախկին ճանապարհէն դէպի նոր ուղղութիւն եւ նոր կեանք։

- Մոլութեանց ու մեղքին գերի՞ն էր. արդ, կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած մարդ։

- Կեանքէն դառնացած ու յուսահատա՞ծ մըն էր. կը դառնայ տառապանքով քաղցրացած եւ իմաստնացած, եւ յոյսով զուարթացած անձնաւորութիւն։

- Սիրոյ պակասը ունեցող սառն հոգի՞ մըն էր, իր կեանքը կը լեցնէ զեղուն սիրոյ ջերմութեամբ։

- Բարեգործութեան պտուղներէն ամլացա՞ծ մըն էր, իր կեանքը կը պտղաւորէ բարութեամբ»:  

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020