ԵՈՒՎԱԼ ՆՈՅ ՀԱՐԱՐԻ. «21 ՄԻՏՔ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՄԱՍԻՆ»

Հրեայ յայտնի տեսաբան, գիտնական եւ ապագայապաշտ գրող Եուվալ Նոյ Հարարիի հերթական համաշխարհային պեսթսելըր գիրքը հայերէնով արդէն մեր սեղանին է: «XXI դարու 21 դասերը». այսպէս կը կոչուի երիտասարդ գիտնականին գիրքը, իսկ եբրայերէնէն ուղղակի թարգմանութեամբ կ՚ըլլայ «21 միտք 21-րդ դարու մասին»: Գիրքը սլացքով կը տարածուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, կը թարգմանուի եւ միլիոնաւոր օրինակներով կը սպառի:

Այն հայերէնի թարգմանած է Լիանա Զաքարեան, տպագրած է հայաստանեան «Նիւմէգ» հրատարակչական ընկերութիւնը, որ վերջին տարիներուն համաշխարհային անուանի գիրքեր կը հրատարակէ եւ հայ ընթերցողին կը հասցնէ:

Այս մէկը հրեայ գրող-պատմաբանին երրորդ գիրքն է: Ան իր առաջին գիրքին՝ «Sapiens․ Մարդկութեան համառօտ պատմութիւնը» (2011) խորագրով աշխատութեան մէջ դիտարկած է հեռաւոր անցեալը, իսկ «Homo Deus․ Վաղուայ համառօտ պատմութիւնը» (2016) գիրքին մէջ՝ հեռաւոր ապագան: Իր վերջին գիրքին մէջ գիտնականը անդրադարձած է ներկային։

Քննասիրութեան այս ընդարձակ ժողովածոյին մէջ հեղինակը փորձած է հասկնալ այն կարեւոր խնդիրները, որոնց հետ բախում ունեցած է մարդկութիւնը 21-րդ դարուն։

Գիրքը կը պարունակէ հինգ գրափորձ, որոնք միաւորուած են հինգ մասերու մէջ՝ արուեստագիտական մարտահրաւէր, քաղաքական մարտահրաւէր, յուսահատութիւն եւ յոյս, ճշմարտութիւն, մտածողութեան ճկունութիւն։

21-րդ դարու ամենաազդեցիկ գիտնականներէն Եուվալ Նոյ Հարարի։ Ան կը  դասաւանդէ Երուսաղէմի հրէական համալսարանի պատմութեան բաժնին մէջ: Հարարիի յօդուածները կը հրապարակեն The Guardian, Financial Times, The New York Times, The Times, The Economist ու Nature ամսագրերը։ Ան Պոլոնսքիի անուան «Ստեղծարարութեան ու ինքնատիպութեան» կրկնակի մրցանակակիր է։ 2011 թուականին արժանացած է Ռազմական պատմութեան ընկերութեան Մոնկատոյի անուան մրցանակին: Փրոֆեսէօրը իր գիրքերուն ու յօդուածներուն մէջ արծարծուող նիւթերով դասախօսութիւններ կը կարդայ աշխարհով մէկ։ 2018 թուականին Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին, «Քոնկրէս Հոլ»ի բեմին վրայ ունեցաւ մարդկութեան ապագային վերաբերեալ իր գլխաւոր ելոյթը:

«XXI դարու 21 դասերը» գիրքը իրականութեան մէջ որեւէ խրատ չի տար, ո՛չ ապագան կը կանխատեսէ, ո՛չ ալ գուշակութիւններ կ՚ընէ, բայց լաւագոյն ձեւով ցոյց կու տայ անխուսափելի զարգացումներուն հետեւանքները:

Այս գիրքով Հարարի ուշադրութիւն կը սեւեռէ շատ կարեւոր հարցերու վրայ, որոնց պատասխանները անհրաժեշտ են մեր գոյատեւման համար: Մեր անցեալն ու ներկան հասկնալու ճամբուն Հարարի կը ստիպէ մտածել արժէքներու եւ իմաստի մասին, հասկնալ թէ տեղեկատուական աղմուկով եւ անորոշութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ ո՞րն է վերջապէս մեր առաքելութիւնը: Ահա հարցեր, որոնց ձեւով մը կը պատասխանէ գիրքը.

- Իրականութեան մէջ ի՞նչ կը կատարուի այս պահուն:

- Որո՞նք են այսօրուայ մարտահրաւէրներն ու այլընտրանքները:

- Ինչի՞ն պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք:

- Ինչպէ՞ս համակարգիչները եւ մարդամեքենաները կը փոխեն մարդ ըլլալուն իմաստը:

- Ինչպէ՞ս կը դիմակայենք կեղծ լուրերու համաճարակին:

- Ազգերն ու կրօնքները տակաւին կարեւո՞ր են:

- Ի՞նչ պէտք է սորվեցնենք մեր երեխաներուն…

- Ինչպէ՞ս կրնանք պահպանել ընտրութեան ազատութիւնը, երբ մեծ տուեալները կը հալածեն մեզ:

- Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ աշխատանքային շուկան ապագային, եւ ի՞նչ հմտութիւններ անհրաժեշտ են այդ շուկայէն դուրս չմղուելու համար:

- Ինչպէ՞ս պէտք է պայքարինք ահաբեկչութեան սպառնալիքին դէմ:

- Ինչո՞ւ ազատական ու բարեսէր ժողովրդավարութիւնը ճգնաժամ կ՚ապրի:

Ստորեւ իմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ վերջերս հայերէնի թարգմանուած այս գիրքէն հատուած մը.

ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երբ մեծնանք, կրնայ ըլլալ, որ աշխատանք չունենանք:

Մենք պատկերացում չունինք, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ աշխարհը 2050 թուականին: Ընդունուած է կարծել, որ մեքենայական ուսուցումն ու մարդամեքենաշինութիւնը պիտի փոխեն ամէն ինչ՝ մածունի արտադրութենէն մինչեւ եոկայի ուսուցումը: Սակայն փոփոխութիւններու բնոյթին եւ անոնց անխուսափելիութեան վերաբերեալ կարծիքները հակասական են: Ոմանք կը կարծեն, թէ ընդամէնը 10-20 տարի ետք միլիառաւոր մարդիկ տնտեսութեան համար պիտի դառնան ոչ պիտանի: Ուրիշներ հաւատացած են, թէ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ մեքենականացումը կը շարունակուի՝ նոր աշխատատեղեր ու բարօրութիւն ստեղծելու համար:

Մենք կեցած ենք սարսափելի փոփոխութիւններու շեմի՞ն, թէ՞ նման կանխատեսումները լուտիստական անհիմն խուճապային աղմուկի հերթական օրինակն են (լուտիստականութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու սկիզբը յառաջացած գործաւորներու շարժում մըն էր, որ դէմ էր արդիւնաբերութեան մէջ մեքենաներու ներմուծման): Դժուար է ըսել: Վախը, որ մեքենայականացումը կը յանգեցնէ զանգուածային գործազրկութեան, արդիական է 19-րդ դարէն ի վեր, բայց, առ այսօր իրականութիւն չէ դարձած: Արդիւնաբերական յեղափոխութեան սկիզբէն, մեքենայականացումը գործի դրուելով, իւրաքանչիւր աշխատատեղ փոխարինուած է մէկ նուազագոյն նորով, իսկ միջին կենսամակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է: Հակառակ ատոր, բոլոր պատճառները կան ենթադրելու, որ այս անգամ ամէն ինչ ուրիշ է ու մեքենայական ուսուցումը արմատապէս պիտի փոխէ խաղին կանոնները:

Մարդուն կարողութիւնները երկու տեսակ են՝ ֆիզիքական եւ մտաւոր: Առաջ մեքենաները կը մրցակցէին մարդուն հետ միայն կոշտ ֆիզիքական ուժով, մինչդեռ իմացական տեսանկիւնէն մարդը հսկայական կարողութիւններ ունէր: Գիւղատնտեսութեան ու արդիւնաբերութեան մէջ, ձեռքի աշխատանքի մեքենայացումէն ետք, ի յայտ եկան բազմաթիւ նոր մասնագիտութիւններ, որոնք կը պահանջէին իմացական կարողութիւններ եւ որոնցմով օժտուած է միայն մարդը՝ սորվիլ, վերլուծել, հաղորդակցիլ եւ ամենակարեւորը՝ հասկնալ մարդկային յոյզերն ու զգացմունքները: Սակայն արհեստական բանականութիւնը սկսած է աւելի շատ հմտութիւններով գերազանցել մարդիկը, այդ կարգին նաեւ՝ մարդուն յոյզերուն ճանաչումով: Մեզի յայտնի չէ գործունէութեան որեւէ երրորդ ասպարէզ (ֆիզիքականէն ու մտաւորէն զատ), ուր մարդը կարենայ առաւելութիւն ունենալ:

Կարեւոր է հասկնալ, որ արհեստական բանականութեան յեղափոխութիւն ըսելով նկատի չունինք միայն համակարգիչներուն կատարելագործումը: Անիկա թափ կ՚առնէ բնական ու ընկերային գիտութիւններուն մէջ տեղի ունեցող բեկումնային նուաճումներէն: Որքան մարդիկ աւելի լաւ կը հասկնան մարդուն զգացմունքներու, ցանկութիւններու եւ արարքներու հիմքին մէջ ինկած կենսատարրաբանական մեքանիզմները, այնքան համակարգիչները աւելի կը կատարելագործուին մարդուն վարքը վերլուծելու, որոշումները կանխատեսելու հարցին մէջ՝ փոխարինելով վարորդներուն, դրամատան կառավարիչներուն եւ իրաւաբաններուն:

Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին նեարդային համակարգի կառուցուածքը, աշխատանքն ու զարգացումը ուսումնասիրող գիտութեան ու վարքային տնտեսագիտութեան ասպարէզին մէջ հետազօտութիւնները կ՚արտօնեն գիտնականներուն՝ «ներխուժել» մարդուն ուղեղը ու աւելի լաւ հասկնալ որոշումներու կայացման ներքին կառուցուածքը: Պարզուած է, որ մեր ընտրութիւնը, ինչ ալ ըլլայ՝ ուտելիքէն մինչեւ զուգընկերը, կ՚որոշուի ոչ թէ մեր առեղծուածային ազատ կամքով, այլ միլիառաւոր նեարդաբջիջներու փոխազդեցութեամբ, որ վայրկեանի մասնիկին մէջ կը հաշուարկեն հնարաւորութիւնները: Գովաբանուած «մարդկային կանխազգացումը», ի յայտ եկաւ, որ ոչ այլ ինչ է, քան՝ «նմոյշի ճանաչում»: Լաւ կատարելու եւ բանակցելու ատեն առեղծուածային կանխազգացում ունենալու կարիք չկայ: Կրկնուող «նմոյշները» ճանչնալով, անոնք կը նկատեն անուշադիր հետիոտները, անվճարունակ վարկառուներն ու խարդախները ու կը ջանան խոյս տալ անոնցմէ: Պարզուած է նաեւ, որ մարդուն ուղեղին կենսատարրաբանական հաշուարկները կատարեալ չեն: Անոնք հիմնուած են զտողական եւ հինցած նեարդային հանգոյցներու վրայ, որոնք աւելի շատ պիտանի են ափրիկեան արօտադաշտերու պայմաններուն, քան՝ քաղաքի քարէ մացառուտքին: Զարմանալի չէ, որ նոյնիսկ փորձուած վարորդները, դրամատան կառավարիչներն ու իրաւաբանները երբեմն յիմար սխալներ կը կատարեն:

Այս մէկը կը նշանակէ, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ մարդը գերազանցել նոյնիսկ այնպիսի խնդիրներ լուծելու ժամանակ, որոնք ենթադրաբար «կանխազգում» կը պահանջեն: Արհեստական բանականութիւնը հարկաւ չի կրնար մըր-ցիլ մարդուն հետ անոր խորհրդաւոր ու ծածուկ կանխազգացումներուն մէջ, սակայն լիովին ունակ է ուժերը չափելու նեարդաբջիջներու ցանցին հետ՝ հաւանականութիւն հաշուարկելու եւ օրինաչափութիւն ճանչնալու գործին մէջ:

Մասնաւորապէս, արհեստական բանականութիւնը կրնայ աւելի լաւ գլուխ հանել այն առաջադրանքները, որոնք կը պահանջեն ուրիշ մարդոց վարքագիծին կանխազգացումը: Կան աշխատանքներ (օրինակ, անցորդներով լեցուն փողոցին մէջ ինքնաշարժ քշելը, անծանօթ մարդոց դրամ պարտքով տալը, որեւէ գործարքի շուրջ բանակցիլը), որոնք յաջող կերպով կատարելու համար կը պահանջուի ուրիշներու յոյզերն ու ցանկութիւնները ճիշդ գնահատելու կարողութիւն: Այդ երեխան կը պատրասուի՞ ցատկել ճանապարհին երթեւեկելի մասին վրայ: Վայելուչ հագուած այս տղամարդը կը վերցնէ իմ դրամներն ու կ՚անհետանա՞յ: Այս իրաւաբանը կ՚իրականացնէ՞ իր սպառնալիքը, թէ՞ պարզապէս կ՚ուզէ զիս վախցնել: Երբ կը կարծէինք, թէ մեր յոյզերն ու ցանկութիւնները կը սերին որեւէ նիւթական հոգիէ, մեզի կը թուէր, թէ համակարգիչները երբեք չեն կրնար փոխարինել վարորդները, դրամատան կառավարիչներն ու իրաւաբանները: Չէ՞ որ համակարգիչը ունակ չէ հասկնալու մարդուն աստուածատուր հոգին: Բայց եթէ այս յոյզերն ու ցանկութիւնները իրականութեան մէջ ոչ այլ ինչ են, քան կենսատարրաբանական հաշուարկներ, ուրեմն չկայ որեւէ պատճառ, որ համակարգիչները չկարենան վերծանել զանոնք եւ այդ մէկը անոնք կրնան ընել աւելի լաւ՝ քան ոեւէ բանական մարդ:

Հետիոտնին մտադրութիւնները գուշակող վարորդը, վարկառուին վճարունակութիւնը գնահատող դրամատան կառավարիչը եւ բանակցային կողմերուն տրամադրութիւնները հասկնալ փորձող իրաւաբանը իրականութեան մէջ կախարդական ունակութիւն չէ, որ կը բանեցնեն: Վերլուծելով դէմքին արտայայտութիւնը, ձայնին երանգը, ձեռքին շարժումները եւ նոյնիսկ մարմինին հոտը՝ անոնց ուղեղը առանց իրենց գիտակցութեան, կը ճանչնայ կենսատարրաբանական օրինաչափութիւնները: Համապատասխան զգայակներով զինուած արհեստական բանականութիւնը կրնայ այդ առաջադրանքները կատարել աւելի վստահ ու ճշգրտօրէն, քան՝ մարդը:

Այսպիսով, զանգուածային գործազրկութեան սպառնալիքը կու գայ ոչ այնքան բարձր արհեստագիտութեան զարգացումէն, որքան՝ կենսաբանական եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան միաձուլումէն: Մագնիսական հնչիւններով մարդուն մարմնի շերտանկարահանումէն մինչեւ աշխատաշուկայ տանող ճանապարհը երկար է եւ տանջալի, սակայն անկէ կարելի է անցնիլ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին: Այն բացայայտումները, որոնք այսօր գիտնականները կը կատարեն նշիկաձեւ մարմինի եւ փոքր ուղեղի վերաբերեալ, արդէն 2050 թուականին հնարաւորութիւն կու տան համակարգիչներուն՝ գերազանցել հոգեբաններն ու թիկնապահները:

Արհեստական բանականութիւնը կրնայ ոչ միայն «ներխուժել» մարդուն ուղեղը, այլ գերազանցել անոր հմտութիւններն ու կարողութիւնները, որոնք մինչեւ օրս կը նկատուէին բացառապէս մարդուն իւրայատուկ: Ան նաեւ օժտուած է ոչ միայն մարդկային բացառիկ կարողութիւններով, որ իրեն կ՚արտօնէ միս ու արիւնէ ստեղծուած աշխատակիցին գերազանցել քանակապէս եւ որակապէս: Արհեստական բանականութեան երկու կարեւոր գերմարդկային ունակութիւններն են միացման ու փոխկապակցման գործակցելու հնարաւորութիւնն ու թարմացուելու կարողութիւնը:

Մարդիկ անջատ անհատականութիւններ են ու կարելի չէ զանոնք իրարու կապել եւ այնպէս ընել, որ բոլորը միանման կերպով համապատասխանեն ժամանակի պահանջքներուն: Ի տարբերութիւն մարդոց, համակարգիչները դիւրութեամբ կարելի է միացնել իրարու ու ստեղծել մէկ ամբողջական ճկուն ցանց: Այդ պատճառով ալ խնդիրը միլիոնաւոր աշխատակիցներու նոյնքան մարդամեքենաներով փոխարինելը չէ: Զատ անհատներուն կու գայ փոխարինելու մէկ ամբողջական ցանցը: Մեքենայականացման հարցը քննարկելու պահուն սխալ կ՚ըլլայ համեմատել զատ վարորդներու ունակութիւնները՝ ինքնագնաց, առանց վարորդի շարժող ինքնաշարժին կարողութիւնենրուն հետ: Ճիշդ նոյն ձեւով կարելի չէ նաեւ զուգադրել բժիշկին եւ արհեստական բանականութեան կարողութիւնները, երբ ախտորոշում կը կատարեն ու բուժում կը նշանակեն: Անհրաժեշտ է համեմատել մարդոց հաւաքական կարողութիւնները՝ միաւորուած ցանցի կարողութիւններուն հետ:

Օրինակ, շատ վարորդներ տեղեակ չեն երթեւեկութեան կանոններու վերջին փոփոխութիւններուն մասին ու յաճախ կը խախտեն զանոնք: Ատկէ զատ, ամէն մէկ ինքնաշարժ իր վարորդին հետ անջատ ամբողջութիւն մըն է եւ երբ երկու ինքնաշարժ միեւնոյն ժամանակ մօտենան նոյն խաչմերուկին, վարորդները կրնան սխալ գնահատել մէկը միւսին մտադրութիւններն ու բախիլ: Ահա թէ ինչու ինքնագնաց, առանց վարորդի ինքնաշարժները կրնան մէկը միւսին հետ կապ հաստատել, քանի որ իրարմէ անկախ չեն, այլ մէկ հաշուարկի մասն են. իրարու միտքինը չհասկնալու եւ բախելու հաւանականութիւնը շատ աւելի փոքր է: Ու եթէ Երթեւեկի նախարարութիւնը որոշէ փոխել երթեւեկութեան կանոնները, բոլոր ինքնագնաց ինքնաշարժները կարելի է միեւնոյն ժամանակ դիւրութեամբ վերածրագրաւորել ու հանգիստ ըլլալ, որ անոնք ճշգրտօրէն կը հետեւին բոլոր կանոններուն:

Ուրիշ օրինակ մը. եթէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նոր հիւանդութիւն յայտնաբերէ, կամ որեւէ տարրալուծարան նոր դեղամիջոց մը ստեղծէ, գրեթէ անկարելի կ՚ըլլայ աշխարհի բոլոր բժիշկներուն այս զարգացումներուն մասին տեղեակ պահել: Սակայն, եթէ աշխարհի մէջ ըլլայ արհեստական բանականութեամբ նոյնիսկ 10 միլիառ բժշկական համակարգ, որոնցմէ ամէն մէկը պատասխանատու է զատ մարդու մը առողջութեան, զանոնք վայրկեաններու ընթացքին կարելի է վերածրագրաւորել այնպէս, որ տուեալներու փոխանակում կատարեն եւ իրարու տեղեկացնեն նոր վարակի կամ դեղամիջոցի մասին:

Փոխկապակցուելու եւ թարմացուելու այս հնարաւոր առաւելութիւնները այնքան կարեւոր են, որ որոշ ասպարէզներու մէջ մարդիկը ամբողջովին համակարգիչներով փոխարինելը շատ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, նոյնիսկ եթէ կան զատ մասնագէտներ, որոնք մեքենաներէն աւելի լաւ կ՚աշխատին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2020