ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ
Արցախի ռազմական գործողութիւնները շաբաթավերջէն ի վեր կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Շաբաթավերջին բռնկած պատերազմէն ի վեր սա եղաւ անոնց երկրորդ հեռախօսազրոյցը՝ միշտ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին շարունակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ իրավիճակի քննարկումը։ Փութին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է՝ մարտական գործողութիւններուն բերումով։ Ընդգծուած է հակամարտ կողմերու միջեւ հրադադարի եւ տագնապի լիցքաթափման նպատակով միջոցներ ձեռք առնելու խիստ անհրաժեշտութիւնը։ Երէկուան հանդիպման շուրջ Նիկոլ Փաշինեան բացատրութիւններ փոխանցեց ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներուն տուած համատեղ հարցազրոյցի ընթացքին։ Բաց աստի, երէկ երեկոյեան ռուսական կարգ մը առաջատար հեռուստակայաններ ուղիղ եթերով արձագանգ հանդիսացան Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններուն։ Ըստ իրեն, իրենք Փութինի հետ չեն քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Ռուսաստանի ներգրաւման հնարաւորութիւնը։ Ըստ Փաշինեանի, հայկական կողմը տակաւին կարիք չունի օգտագործելու Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի ներուժը, սակայն նման անհրաժեշտութեան պարագային իրաւական բոլոր հիմքերը գոյութիւն ունին։ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան կը փափաքի Ռուսաստանի հետ կառուցել որակապէս նոր յարաբերութիւններ։
Ստեղծուած թէժ իրավիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտարարեց, որ Հայաստան կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւնը։ Օրակարգի վրայ է նաեւ Արցախի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք ձեւաւորելու վարկածը։ Ըստ Փաշինեանի, Հայաստան կ՚ապահովէ իր անվտանգութիւնը ՀԱՊԿ-ի մասնակցութեամբ կամ ոչ։ Երեւան ներկայիս մշտական կապի մէջ է ՀԱՊԿ-ի իր գործընկերներուն հետ։ Նոյն հարցազը-րոյցին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի օրակարգին վրայ չէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման հարցը։ Սա հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ բաւական նուրբ խնդիր մըն է։ Արդարեւ, վերլուծաբաններ երկար տարիներէ ի վեր կը շեշտեն, որ տարածքաշրջանէ ներս ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար Ռուսաստան կը ձգտի Արցախի ճակատին վրայ իր խաղաղապահներու տեղակայման հասնիլ։ Ուստի, ուշագրաւ է, որ նոյնիսկ ներկայ թէժ իրավիճակին մէջ Երեւան այս ուղղութեամբ փոփոխութեան չ՚ենթարկեր իր դիրքորոշումը։
Առկայ հրատապ կացութեան մէջ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ շփումները խտացած են։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց հակամարտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը փոխադրելու Ատրպէյճանի միտումները։ Երէկ օրուան տեւողութեան Մոսկուայէն այլ կարեւոր իրադարձութեան մը լուրերն ալ հասան։ Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններուն մասնակցութեամբ հանդիպում մը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ տեղի կ՚ունենան ծրագրաւորուած հանդիպումներ, որոնց աւարտին համապատասխան յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի։
Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, դիւանագիտական ջանքերու ծիրէն ներս, միջազգային բեմահարթակի վրայ Ռուսաստան անմիջական ուշադրութեան առարկայ է։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա մշտապէս կապի մէջ է Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ։ Ռուսաստան կ՚ուզէ, որ ռազմական գործողութիւնները դադրեցուին եւ կը զգուշացնէ, որ կողմերէ ոեւէ մէկուն ռազմական օժանդակութեան տրամադրումը ա՛լ աւելի պիտի սաստկացնէ լարուածութիւնը։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրացումը քննարկուի ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս։ Ըստ իրեն, Քրեմլին Թուրքիոյ եւ միւս երկիրներուն կոչ կ՚ուղղէ՝ իւղ չլեցնել ղարաբաղեան հակամարտութեան կրակին վրայ։ Ռուսական կողմը առաջին հերթին կարեւոր կը համարէ կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումը։
Ռուսաստանի առընթեր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներն ալ երէկ շարունակեցին արձագանգել իրադարձութիւններուն։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջանակին մէջ բռնութիւնը պէտք է դադրեցուի։ Ամերիկացի պետական քարտուղարի համոզմամբ, հակամարտ կողմերը պէտք է աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ եւ հնարաւորինս արագ վերադառնալ առարկայական բանակցութիւններուն։ Փարիզէն ալ երէկ օրուան տեւողութեան հնչեցին զանազան պաղարիւնութեան կոչեր։ Այդ բոլորէն վերջ, այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կը պատրաստուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկել իր ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ առկայ են անհամաձայնութիւններ եւ այս իրավիճակին մէջ Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնած է ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ Թուրքիոյ հռետորաբանութեան մասին։
ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Երեւանի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Քաթարի պետութեան էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Թանիի հետ։ Արմէն Սարգսեան տեղեկութիւններ փոխանցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած նոր պատերազմի եւ առկայ իրավիճակին շուրջ։ Կողմերը համակարծիք գտնուած են, թէ խնդրի լուծման կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեամբ եւ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։
Այս հեռախօսազրոյցին նշանակութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստան օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ Թուրքիոյ դերակատարութեան դէմ, իսկ Քաթար միջազգային բեմահարթակի վրայ Թուրքիոյ ամենամօտիկ երկիրներէն, անմիջական լծակիցներէն մին է։