ԱՐՑԱԽԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ. ԿԱՄ ՄՕ՞Տ ԵՆՔ ԱՐԴԵՕՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ…

Ընթերցողներս ինչքա՛ն կրնան զարմանալ կարդալով այս խորագիրը։

Անցեալ կիրակի առաւօտուն Արցախի սահմանին երկայնքով ընթացք առած ռազմական տարողունակ գործողութիւնները ամբողջութեամբ փոխեցին մեր առօրեան ու մեր ընդհանուր օրակարգը։

Գետնին արիւն կայ, կան մեծ թիւով զոհեր, կրակը տակաւին չէ դադրած ու ամենակարեւորը այն է, որ խաղաղութեան մեծ երազը, որուն համար ալ կռուած են արցախցիները, այսօր հետզհետէ կը հեռանայ մեզմէ։ Կը հեռանայ, որովհետեւ տարածքաշրջանի իրավիճակները, զարգացումներու ծանր թղթածրարը եւ պատմութեան կտրուածքով առկայ հայ-թրքական անլոյծ թնճուկի ծանրութիւնը ամբողջ Արցախի վրայ իր շուքը տարածած է։

Կա՞ն շահապաշտական մօտեցումներ. այո՛, կան։ Կայ տակաւին Պաքուի ներքին խոհանոցներուն մէջ օրէ օր աճ արձանագրող մեծ անորոշութիւնը, որու հետեւանքով ալ Տաւուշի սահմանի երեք ամիս առաջուան զարգացումներու շրջանին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստիպուած կ՚ըլլար պաշտօնէն հեռացնել երկրի բազմամեայ (16 տարի) արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը։ Քիչ բան չէր Մամետեարովի պաշտօնէն հեռանալը երկրի մը մէջ, որու քաղաքական իշխանութիւնը կեդրոնացած է մէկ անձի՝ Իլհամ Ալիեւի ձեռքը։ Մեծ թիւով վերլուծաբաններու համոզմամբ, Մամետեարովի հեռացումով Ալիեւ նաեւ կը նպատակադրէ վերատեսութեան ենթարկել իր արտաքին քաղաքականութիւնը, այլ խօսքով՝ Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի ընդհանուր մօտեցումները։ Այստեղ խօսուեցաւ նաեւ, որ Մամետեարով ձեւով մը Արցախի խնդրով «խաղաղութեան» ջահակիր էր ու եթէ լայն առումով անոր պաշտօնավարած տարիներուն նայինք, ապա անպայման պիտի նկատենք, որ հրաժարած կամ հեռացուած նախարարը կարեւոր աւանդ ունի երկու երկիրներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ։ Ամէն պարագայի, այս վարկածը գուցէ քննադատութեան արժանանայ, սակայն, աւելի քան յստակ է, թէ նոյն անձնաւորութեան պաշտօնաթողումէն ետք Ալիեւ արագօրէն փոխեց իր հռետորաբանութիւնը եւ սկսաւ բացայայտօրէն խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու իր «նոր» ընտրանքին մասին։

Գուցէ ան կը դիմագրաւէ ներքին բաւական սուր հիմնահարցեր, գուցէ պարտադրուած կերպով է, որ սկսաւ խօսիլ ռազմական ճանապարհի «արդիւնաւէտութեան» մասին… Գուցէ, գուցէ, գուցէ… Սակայն խնդիրը այսօր այնպիսի կէտի մը հասած է, որ ամբողջ տարածքաշրջանը՝ Պաքուէն Երեւան, անցնելով Ղարաբաղէն ու իրենց մէջ ներառելով Անգարան եւ Մոսկուան, մտած է ռազմական գործողութիւններու բաւական ծանրակշիռ վիճակի մը մէջ։ Կացութիւնը օղակ առ օղակ կը լայննայ, կ՚աճի եւ կրնայ նոյնիսկ վերածուիլ անբաղձալի եւ ամբողջական հակամարտութեան մը։ Յուսանք, թէ այդպէս չըլլայ, սակայն, յստակ է, որ այսօր՝ մանաւանդ Անգարայի կեցուածքները կը տանին աւելի մեծ բարդութեան մը ու այստեղ բնաւ ալ կարեւոր չէ քննարկել, ընդունիլ, կամ գուցէ հերքել, թէ ո՛ր կողմն է, որ առաջինը եղաւ ու կրակ բացաւ միւս կողմին վրայ։

Խնդիրը հիմա արդէն աւելին է, քան այդ քննարկումը ու յառաջիկայ ժամերը, անշուշտ, որ պիտի գծեն աւելի քան երեսուն տարուան վաղեմութեամբ հիմնախնդրի նոր սահմանները։ Խօսքը միայն աշխարհագրական սահմաններու մասին չէ։ Հարց է, որ արդեօք բոլորը պիտի փորձե՞ն լսել բոլորին եւ ի վերջոյ ընդունիլ՝ որ ինչպէս միջազգային հանրութիւնն է հաւատացողը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական լուծումը կարելի է ապահովել միայն խաղաղ ճանապարհով։

Ու այս բոլորէն ետք էական եւ հիմնական հարցադրումը կը մնայ նոյնը. արդեօք մենք այսօր այդքան հեռո՞ւ ենք ցանկալի խաղաղութենէն կամ թէ դէպքերն ու ծանրակշիռ զարգացումները այս փուլին ամբողջապէս այրա՞ծ են խաղաղութեան համար կայանալիք բանակցութիւններու հիմնարար կամուրջը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020