ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԿՐԱԿԱՀԵՐԹ
Արցախի ճակատին վրայ աննախընթաց կրակահերթ։ Կիրակի օրէն ի վեր ամենայն սաստկութեամբ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։ Երէկ արդէն Ատրպէյճանի բանակը Արցախի առընթեր ուղղակի թիրախաւորել սկսաւ նաեւ Հայաստանի տարածքը։ Հակամարտութեան աշխարհագրութեան այս ընդլայնումը առանձնապէս մտահոգիչ գործօն մը կը համարուի՝ պատճառ դառնալով յոռետեսութեան։
Այս իրավիճակին մէջ, երէկ ուրիշ մտահոգիչ լուրեր ալ արձագանգ գտան լրասփիւռներու վրայ։ Այսպէս, Հայաստան հաղորդեց, որ իր օդային մարզէն ներս թրքական F-16 մը խոցած է հայկական զօրքերու ռազմաօդանաւ մը, որու օդաչուն ալ զոհուած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հաղորդուած այս լուրերը հերքուեցան Թուրքիոյ կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն յայտնեց, որ այդ լուրերը սուտ են։ Թրքական լրատուամիջոցները անմիջապէս արձագանգեցին այս հերքումին։ Մինչ այդ, նոյն աղբիւրները կը յայտնեն, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներքին քաղաքական տեսակէտէ նեղ կացութեան մատնուած ըլլալու հետեւանքով պատերազմ հրահրած է Ատրպէյճանի դէմ։ Օդանաւի դէպքը հերքուեցաւ նաեւ Պաքուի կողմէ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ թրքական ռազմաօդանաւերը որեւէ ձեւով բախումներուն չեն մասնակցիր։ «Թուրքիա մեր կողքին է, սակայն անոր ընթացքը բարոյական զօրակցութիւնով սահմանափակուած է», ըսաւ Ալիեւ։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ երկրի ռազմաօդային ուժերը ընդհանրապէս չունին, չեն օգտագործեր F-16 կործանիչներ։ Իրերամերժ այս փոխանցումներու մթնոլորտին մէջ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնները տեղեկացուցին, որ թրքական ռազմաօդանաւերը միջոցէ մը ի վեր կը խախտեն օդային սահմանները։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, անցեալ օգոստոսին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակներուն կողմէ իրականացուած համատեղ զօրավարժութիւններէն վերջ, թրքական շարք մը ռազմաօդանաւեր չեն վերադարձած ու շարունակած են մնալ այնտեղ։ Երէկուան հաղորդումներուն մէջ ալ հայկական կողմը նշեց, որ թրքական F-16-ը թռիչք առած էր Ա-տըրպէյճանի Կենճէ քաղաքի ռազմախարիսխէն։
Անգարա-Երեւան առանցքի առկայ լարուածութիւնը կը զուգորդուի բարձրաստիճան պետական այրերու խիստ յայտարարութիւններով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ մարտի դաշտի վրայ եւ բանակցային սեղանի շուրջ Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին է։ «Այս հարցը միայն մէկ լուծում ունի՝ Հայաստան պէտք է ետ քաշուի Ատրպէյճանի տարածքներէն։ Որքան ատեն, որ սա տեղի չ՚ունենար, խնդիրը չի լուծուիր», ըսաւ Չավուշօղլու։ Այս յայտարարութիւնները ան կատարեց՝ Անգարայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Հազար Իպրահիմին տուած այցելութեան ժամանակ, ԱՔ կուսակցութեան փոխ-կուսակցապետ Նուման Քուրթուլմուշի հետ։
Անգարա եւ Երեւան կը հակադրեն նաեւ այլ տուեալներ։ Մէկ կողմէ օրակարգի վրայ է, որ Թուրքիոյ կազմակերպումով Ատրպէյճանի զօրքերու շարքին կը կռուին սուրիացի վարձկան գրոհայիններ։ Միջազգային մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ այս լուրերուն։ Այս բոլորին փոխարէն, Թուրքիան ալ կը հաղորդէ, որ հայոց շարքին կռուելու մեկնած են Սուրիայէն ՓՔՔ-ԵՓԿ-ական ահաբեկիչներ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան այս առաւօտ տեղեկացուց, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով բախումները շարունակուած են, սակայն որոշ չափով անոնց թափը նուազած է։ «Բացառիկ ու աննախադէպ են այս պատերազմի ո՛չ միայն թափն ու ծաւալը, այլ նաեւ՝ ռազմագիտական բաղադրիչները։ Փաստացիօրէն մենք կը վարենք հինգերորդ սերունդի պատերազմներուն բնորոշ գործողութիւններ», ըսաւ ան։ Արցախի ճակատամարտի ամբողջ երկայնքով հրաձգութիւններու միջավայրին մէջ հայկական կողմը այս առաւօտ հաղորդեց, որ այդ բոլորը կը շարունակուին։ Յովհաննիսեանի բանաձեւումով՝ սա առանձին դիրքերու պատերազմ մը չէ, աւելի մեծ նշանակութիւն մը ունի։ Ցարդ, ըստ հայկական կողմի հրապարակած տուեալներուն, Ատրպէյճանի բանակը ունեցած է 790 զոհ, որու 180-ը Քարվաճառի ուղղութեան վրայ է։ Ազէրի զօրքերէն 1900 վիրաւորեալներ կան։ Անոնք կորսնցուցած են 1 ռազմաօդանաւ, 7 ուղղաթիռ, 72 անօդաչու թռչող սարք եւ 137 հրասայլ կամ զրահապատ զինուորական ինքնաշարժ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Աւստրիոյ, Հոլանտայի եւ Լիթվայի իր պաշտօնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ եւրոպական քաղաքականութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական քարտուղար Ուէնտի Մորթընի հետ։