ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳՏԱԾՈՅ
Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է քսանեօթ դագաղ, որոնք թաղուած են աւելի քան 2500 տարի առաջ, որ իր տեսակին մէջ ամենամեծ գտածոն է:
Անհաւանական գտածոն յայտնաբերած են Գահիրէի մերձակայքին գտնուող հին Սաքքարայի մէջ աշխատող հնագէտները:
Այս ամսուան սկիզբին յայտնաբերուած էր տակաւին տասներեք դագաղ, յետագայ աշխատանքներու ընթացքին՝ եւս տասնչորս հատ:
«Նախնական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ դագաղները ամբողջութեամբ փակ են եւ թաղումէն ի վեր բնաւ չեն բացուած», ըսուած է Եգիպտոսի Հնութիւններու նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Գտածոն իր տեսակին մէջ ամենամեծն է եւ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ յայտնուած է, որ իրենք յոյս ունին շուտով «աւելի շատ գաղտնիքներ» բացայայտել յայտնաբերուածի վերաբերեալ:
Փայտէ դագաղներու կողքին հնագիտական խումբը յայտնաբերած է նաեւ աւելի փոքր արձաններ եւ իրեր: