ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՍՈՒՐԻԱ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին պա­հել Սու­րիոյ հա­յու­թիւ­նը, որ ա­ղի­տա­լի պայ­ման­նե­րու են­թար­կուած է այդ երկ­րի ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի այ­ցե­լէ Սու­րիա։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեան զու­գա­հեռ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար ի­րա­վի­ճա­կին ու մա­նա­ւանդ տեղ­ւոյն վրայ ճշդե­լու հա­մար սու­րիա­հա­յու­թեան խնդիր­ներն ու կա­րիք­նե­րը։ Սու­րիա պի­տի այ­ցե­լեն նաեւ խումբ մը ե­րես­փո­խան­ներ։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ա­ռա­ջար­կեց, որ­պէս­զի պատ­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը եւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րուի Սու­րիոյ հա­յոց ի նպաստ։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեանն ալ յայտ­նեց, թէ մշտա­կան կա­պի մէջ կը գտնուին դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն եւ Հա­լէ­պի մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ցա­ւով մատ­նան­շեց, թէ Հա­լէ­պի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր կը դառ­նայ։ Վեր­ջին մէ­կու­կէս ամ­սուան ըն­թաց­քին քա­ղա­քէն ներս քրիս­տո­նէա­կան շրջան­ներն ալ կը դառ­նան զի­նեալ­նե­րու թի­րա­խը։ Ա­նոնք պայ­ման­ներ կը թե­լադ­րեն նաեւ տեղ­ւոյն հա­յե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­րա­գօ­րէն հե­ռա­նան տա­րած­քէն։ Ըստ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի, խնդիր­նե­րը կ՚ըն­թա­նան ե­րեք ուղ­ղու­թեամբ։ Հա­լէ­պա­հա­յե­րու մէկ մա­սը կը տե­ղա­փո­խուի դէ­պի Սու­րիոյ ա­ռա­ւել անվտանգ տա­րածք­նե­րը։ Մէկ մա­սը կը հե­ռա­նայ Սու­րիա­յէն, իսկ միւս մա­սը կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ Հա­լէ­պի մէջ։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած տուեալ­նե­րով՝ վեր­ջին շրջա­նին Հա­լէ­պէն Հա­յաս­տան ե­կած է շուրջ եր­կու հա­րիւր հո­գի։ «Ա­ռա­ջին խնդի­րը բնա­կա­րա­նի հարցն է, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ըստ էու­թեան կը փա­փա­քին հաս­տա­տուիլ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Վար­ձքի հետ կա­պուած խնդիր­նե­րը լու­ծուած են ՄԱԿ-ի գրա­սե­նեա­կի եւ բա­րե­գոր­ծա­կան կա­ռոյց­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ։ Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ այժմ կ՚աշ­խու­ժաց­նեն փոքր գոր­ծա­րա­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման օգ­նե­լու ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի հա­մա­պա­տաս­խան վար­կեր տրա­մադ­րուին ա­նոնց։ Գոր­ծա­տու­նե­րէն կը խնդրենք, որ­պէս­զի ա­ռա­ւել դիւ­րու­թեամբ աշ­խա­տան­քի ըն­դու­նին սու­րիա­հա­յե­րը», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015