ԻՐԱՒԱՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երկրի խորհրդարանէն ներս նախընթաց օր տուած բացատրութիւններուն շրջագծով խօսեցաւ նաեւ Տողու Փերինչէքի գործին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) օրակարգին վրայ է «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործին քննութիւնը։ Այս ուղղութեամբ նախապէս արձակուած վճիռը կ՚ենթարկուի վերատեսութեան։ Գէորգ Կոստանեանի խօսքերով, սոյն գործին քննութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն առումով, որ առաջին անգամ իրաւական հարթութեան վրայ քննարկուած են ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Երեսփոխան Թեւան Պօղոսեանի հարցին պատասխանելով՝ Կոստանեան նշեց, թէ այս հարցը ցարդ քննարկման առարկայ չէր դարձած միջազգային իրաւական հարթութեան վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կոստանեան ըսաւ. «Եւ այս իսկ հարցն է, որ մեզի համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, նկատի ունենալով, որ կը վիճարկուի այն հանգամանքը, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ունենալով հանդերձ որոշ միջազգային հանրային ճանաչում, չի կրնար համեմատուիլ Հոլոքոստի հետ, որովհետեւ Հոլոքոստը Նիւրնպերկեան դատավարութեան արդիւնքին արդէն իրաւաբանօրէն ճանչցուած փաստ մըն է։ Սա կը նշանակէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ԵՄԻԱ-ի մօտ քննարկման առարկայ դարձած է բացասական իմաստով, ինչ որ անհրաժեշտութիւն յառաջացուց, որպէսզի մենք միջամտենք տուեալ գործի քննութեան»։
Գէորգ Կոստանեան յիշեցուց, թէ Հայաստան չէր մասնակցած «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործի դատավարութեան առաջին փուլին։ «Որովհետեւ այդ հանգրուանին մենք տակաւին չունէինք ձեւակերպումներն ու իրաւական գնահատականները եւ միայն այն բանէն վերջ, երբ ունեցանք որոշումը, հասկցանք, որ մեր միջամտութիւնը այլընտրանք չունի։ Այսինքն, մեր խնդիրն էր բացառել առկայութիւնը, իրաւական որեւէ փաստաթուղթի, ուր Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկուած կ՚ըլլայ բացասական իմաստով։ Եւ այս պատճառով մենք գործադրեցինք բոլոր ջանքերը։ Յիշեցնեմ, որ մենք դիմած ենք միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպաններու, որոնք մասնակցեցան Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան», ըսաւ Կոստանեան։
Խորհրդարանի մէջ փոխանցած մանրամասնութիւններուն շրջագծով աւագ դատախազը յիշեցուց, թէ իրենք ԵՄԻԱ ներկայացուցած են այն փաստերը, որոնք պայմանագրի իմաստով Հայոց ջարդերը կ՚որակէին որպէս ցեղասպանութիւն։ «Այսինքն, մենք ներկայացուցինք նաեւ իրաւական այն բոլոր հիմքերը, որոնք մեզի գետին ստեղծեցին պնդելու համար մեր դիրքորոշումը, թէ մենք ունինք իրաւաբանօրէն ցեղասպանութեան փաստ։ Մեր խնդիրը այն էր, որ ԵՄԻԱ, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ, որոնք օժտուած չեն համապատասխան իրաւասութեամբ այս կամ այն կորուստները որպէս ցեղասպանութիւն որակելու կամ չորակելու համար, ձեռնպահ մնան նման յայտարարութիւններէ։ Եւ մենք իրաւական տեսանկիւնէն ներկայացուցած ենք, որ 1915 թուականին ենթարկուած ենք ցեղասպանութեան։ Մենք առաջին անգամ ներկայացուցինք իրաւական փաստեր», շարունակեց Կոստանեան։
Միեւնոյն ժամանակ աւագ դատախազը Վատիկանի մէջ Հռոմի Պապին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը կարեւորեց այս տեսանկիւնէն։ Ան համոզուած է, թէ սոյն իրադարձութիւնը ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ իրաւական տեսանկիւնէ լուրջ արդիւնքներ կրնայ տալ։ Ըստ իրեն, սոյն փաստը չի կրնար վրիպիլ նաեւ ԵՄԻԱ-ի ուշադրութենէն։
Ի լրումն այս բոլորին Գէորգ Կոստանեան յայտնեց, թէ իր կանխատեսումներով ԵՄԻԱ-ի վճիռը կը հրապարակուի յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին։