ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Ե -

Ինչպէս ամէն գիտութեան մէջ, լեզուաբանութեան մէջ ալ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մանրամասնութիւնները, այսինքն նրբերանգները։ Շատ անգամ կը տեսնուին ուղղագրական եւ լեզուական սխալներ՝ որոնք ուշադրութեան առարկայ չեն ըլլար ընդհանրապէս, բայց կրնան փոխել ամբողջ հատուածի մը ներդաշնակութիւնը։ Պէտք է ընդունիլ, որ որեւէ էութիւն կը կազմուի մանրամասնութիւններէ եւ նրբերանգներէ եւ անոնց սխալը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ամբողջութեան իմաստը փոխուի, եւ խօսքին կամ գրութեան նպատակը բոլորովին շեղի։

Ահաւասիկ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական ուղեցոյց» դասագիրքէն օրինակներ։

«Պարապ» ածականը գործածուած մարդու համար, կը մատնանշէ մտային դատարկութիւն եւ հետեւաբար չի կրնար գործածուիլ «անզբաղ» վիճակի համար։ Պէտք է գործածել «ազատ» ածականը։ Հեգնական իմաստով կարելի է գործածել «պարապ»ը։

Ածականը պէտք է դնել իր որակած բառին անմիջական առջեւը, այլապէս շփոթութիւն կը ստեղծէ։ Սխալ է ըսել՝ «մնացեալ Զատկական արձակուրդը», պէտք է ըսել. «Զատկական մնացեալ արձակուրդը», որովհետեւ, «մնացեալ»ը կը վերաբերի «արձակուրդ»ին եւ ոչ թէ «Զատկուան»։

Ուրիշ օրինակ մը.- «մեծ հօրս ժառանգութիւնը» տարբեր իմաստ ունի, իսկ «հօրս մեծ ժառանգութիւնը»՝ տարբեր։

Կերակուրին մէջ աղին առատութիւնը բնորոշելու համար, սխալ է գործածել «աղոտ» ածականը։ Հայ լեզուն նման բառ չունի։ Ունինք «աղօտ»՝ «օ»ով, որ կը նշանակէ «տարտամ»։ Պէտք է ըսել «աղի»։ Հականիշ՝ «անլի»։

«Ամբողջ» եւ «բոլոր». այս երկու անորոշ ածականներն ալ կու տան ամբողջութեան գաղափարը։ «Ամբողջ» կը գործածենք՝ երբ այս ածականին ընկերակցող գոյականը եզակի է. օրինակ՝ «ամբողջ ծառը», «ամբողջ պարտէզը»։

«Բոլոր» կը գործածենք երբ իրեն ընկերակցող գոյականը յոգնակի է. օրինակ՝ «բոլոր ծառերը», «բոլոր աշակերտները»։

Ուրիշ օրինակներ՝ «ամբողջ ուսուցչական կազմը ներկայ էր։ «Բոլոր ուսուցիչները» ներկայ էին։

«Այն» եւ «ան»։ «Այն» ցուցական ածական է, իսկ «ան»ը՝ անձնական դերանուն։ Երբեմն այս երկուքին միջեւ շփոթ կը ստեղծուի։ Պէտք է ի մտի ունենալ որ «այն»ը կը գործածուի գոյականի մը հետ, իսկ «ան»ը՝ ոչ. օրինակ՝ «այն մարդը» մեռաւ եւ ոչ թէ «ան մարդը»։ «Այն» աշակերտը՝ որ կարգապահ է, կը սիրուի։

«Անձնագիր» եւ «անցագիր»։ Այս երկու բառերը երբեմն սխալ կը հնչուին։ «Անձնագիր»ը «ինքնութեան թուղթ»ն է, որ երբեմն «անձնաթուղթ» ալ կը կոչուի։ Իսկ «անցագիր»ը, այն «արտօնագիր»ն է, որ օտար երկրէ մը ներս ազատ մուտք ունենալու իրաւունքը կու տայ։

«Անոյշ» ածականի «պարագայ» մը գոյութիւն ունի հայերէնի ուղղագրութեան մէջ։ Այնքան զբաղեցուցած է հայերէնի ուղղագրութեամբ պարապողները, որ կարելի է ըսել թէ իսկապէս «հարց» մըն է։

Ընթացիկ դարձած է «անոյշ»ը «անուշ» գրել։

Ձայնափոխութեան կանոններուն հիման վրայ փաստուած է երկրորդին անհեթեթութիւնը, սակայն ցարդ անոր կառչողներ անպակաս են։

Տեսնենք թէ ի՞նչ են ձայնափոխութեան տրամադրութիւնները այս հարցին նկատմամբ։ Խնդրին կը մօտենանք հակառակ կողմէն։ «Անոյշ» ածականը բառակերտումի ընթացքին կը դառնայ «անուշեղէն», իսկ «քնքուշ»ը՝ քնքուշութիւն։

Բառամէջի «ու»ն կը կորսուի կամ անգիր «ը»ի կը վերածուի, իսկ «ոյ»ն՝ «ու»ի։ «Անոյշ»ը եթէ «ու»ով եղած ըլլար, պէտք է կորսնցնէր «ու»ն եւ բառակերտուէր «անշեղէն». ընդհակառակը «ու»ն կայ «անուշեղէն»ին մէջ եւ այս «ու»ն կ՚ընդունինք որպէս անոյշ բառին «ոյ» երկբարբառին ձայնափոխուած ձեւը։

Ասիկա թերեւս լաւագոյն առիթն է անդրադառնալու համար տարօրինակ երեւոյթի մը։ Կարգ մը ուղղագրական սխալներ՝ տարիներով ուղիղ նկատուած են եւ այդպէս ալ գործածուած, այնպէս որ երբ այսօր կ՚ուզենք այդ սխալները վերցնել եւ ուղիղները մատնանիշ ընել, բուն ուղիղները սխալ կը կարծուին։ «Անոյշ»ի պարագան անոնցմէ մէկն է…։

«Բացակայ» եւ «պակաս». մարդկային էակի մը տեղ մը ոչ-ներկայութիւնը պէտք է ցոյց տալ «բացակայ» բառով, իսկ իրերու նոյն վիճակը՝ «պակաս»ով։ Կարելի է պակաս բառը մարդոց համար ալ գործածել, եթէ մեր միտք բանին տուեալ անհատին ցնդածութիւնը ցոյց տալ է. օրինակ՝ «աշակերտը բացակայ է»։

Բացարձակ թուական ածականի մը ընկերացող գոյական մը նախընտրելի է միշտ եզակիով տալ. օրինակ՝ Պօղոսը «տասը գաւաթ ջուր խմեց», եւ ոչ թէ «տասը գաւաթներ»։

Երբեմն կեանքի տեւողութիւնը կամ ժամանակի երկարութիւնը շեշտելու համար յոգնակիով տալ. օրինակ՝

«Քառասուն ԵՐԿԱ՜Ր տարիներ գրագէտը սպասարկած է հայ գրականութեան»։

***

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին (այս տարի հոկտեմբեր 10, շաբաթ օր) յաջորդող Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ փափաքեցանք Ոսկեդարով գրական արտայայտութիւն գտած «Ոսկեղինիկ»ին՝ Հայ լեզուին հետ աւելի մտերմանալ, անոր գեղեցկութիւնը, ախորժահամ եւ գրաւիչ քաղցրութիւնը աւելի մօտէն վայելել եւ այս վայելքին մասնակից ընել նաեւ մեր շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամները։ Արդարեւ ամէն լեզու յարգի է, ամէն լեզու մշակութային արժէ՛ք մըն է, եւ ամէն լեզու իր ժողովուրդին համար նուիրական է, եւ Հայերէնն ալ մեր նախնիներու շրթներուն վրայ երկարօրէն ծաղկած սքանչելի՜ լեզու մըն է։

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ հայերէնը դժուար լեզու մըն է. աշխարհի վրայ որեւէ գեղեցկութեան տիրանալու համար աշխատութիւն, ջանք պէտք չէ՞. ո՞ր մէկ բան դիւրին է կեանքի մէջ… Բայց դժուարը յաղթահարելն ալ մեծ հաճոյք է մարդուս համար։ Արդարեւ, դժուարը յաղթահարելու համար պէ՛տք է սիրել, եւ սիրելու համար պէ՛տք է ճանչնալ, ծանօթանալ… Ուրեմն նախ ճանչնանք, ծանօթանանք Հայ լեզուին հետ, յետոյ սիրենք զայն եւ յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն… եւ որքան մօտէն ճանչնանք, այնքան աւելի՛ պիտի սիրենք, եւ որքան շատ սիրենք, այնքա՛ն պիտի մտերմանանք…։

- Սկզբնաղբիւր.-

1) Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան, «Դիւրին Գրաբար», 1986

2) Մ. Սուլթ, «Լուսարձակ Հայ Ոսկեղինիկ Դպրութեան», 1945

3) Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, «Ուղղագրական Ուղեցոյց», 1962

4) Բենիամին Թաշեան, «Լսարան Հայ Լեզուի», 1962

5) Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան, «Հայերէն Լեզուի Դասագիրք», 1968

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 11, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020