ՍԻՐՈՅ ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սիրոյ մասին շատ խօսուած, մեկնաբանութիւններ եւ խորհրդածութիւններ են կատարուած դարերու ընթացքին։ Զոր օրինակ, ըսուած է որ սէրը, մարդուն յայտնի էութեան մը, իրի մը եւ կամ տիեզերական արժէքի մը ուղղուիլը եւ անոր կապուիլը ապահովող բարոյական կապ մը՝ զգացում մըն է։ Սէրը՝ մարդը գերմարդկային եւ հզօր, անիմանալի արժէքներու առաջնորդող եւ անոնց հետ կապ հաստատելու առիթ ընծայող անբացատրելի ուժ մը՝ զօրութիւն մըն է, եւ ան այս իմաստով նպատակն է կեանքին՝ իտէալ մը որ կը կազմաւորէ, կը կատարելագործէ կեանքը եւ անոր իմա՛ստ մը կու տայ, կ՚ըսեն շատեր։

Սէրը, մարդուս ինքնաճանաչման ազդակ մըն է, մարդ սիրոյ զգացումով կ՚անդրադառնայ իր «մարդ» հանգամանքին եւ սիրով կը հասկնայ իր գոյութեան իսկական եւ էական պատճառը։ Արդարեւ, մարդ սիրոյ ընդոծին զգացումին պատճառով է, որ կը լուծէ կեանքին գաղտնիքը, սիրոյ ազնիւ զգացումով է, որ բարձրագոյն արժէքներու գոյութեան կ՚անդրադառնայ եւ «ուրիշ»ին գոյութիւնը կ՚ընդունի եւ կը զգայ, թէ ինք կախում ունի «ուրիշ»ին գոյութենէն։ Սէրը՝ բալասանը, դեղը եւ դարմանն է անձնասիրութեան, ինքնամոլութեան եւ ինքնակեդրոն մոլի զգացումներու։

Սէրը այս իմաստով, «ուրիշ»ին՝ անձին ցոլացումն է եւ փոխադարձաբար՝ անձին «ուրիշ»ին մէջ յայտնութիւնը։ Այս ուղղութեամբ սէրը «հայելի» մըն է՝ ուր մարդ ինքզինք կը տեսնէ «ուրիշ»ին մէջ, եւ ուրիշը՝ իր մէջ։

Սիրոյ քաղցրութիւնը կեանքը կը դիւրացնէ եւ առիթ կ՚ընծայէ ուրիշներու հետ լաւագոյն պայմաններու մէջ խաղաղ եւ երջանիկ ապրելու։

Սէրը կը ներդաշնակէ, կը հաւասարակշռէ. «Ես»ին եւ «ուրիշ»ին կիրքերը եւ ինքնամոլ զգացումները։ Ատելութիւն, թշնամութիւն, հակառակութիւն օտար զգացումներ են իրական եւ անկեղ սէր ունեցողին համար եւ սէրը արգելք կը հանդիսանայ այդ զգացումներուն՝ որ մուտք գործեն մարդուն մէջ եւ փոխադարձ վնասներու, վիրաւորանքներու պատճառ ըլլան։ Սէրը լո՛յս է, իսկ ատելութիւնը՝ խաւա՛ր։ Սէրը արգելք կ՚ըլլայ նաեւ մախանքի՝ չար նախանձի, որ իրավտա՛նգ մըն է եւ սպառնալիք խաղաղ ընկերային կեանքի մը։ Սէրը, այս իմաստով ահաւասիկ, դեղ եւ դարման է ամէն հակառակութեան, ամէն վիրաւորանքի՝ որ կը վնասեն մարդկութեան ապագան։ Եւ հոն՝ ուր սէրը կը պակսի, խաւար եւ մութը տիրական կ՚ըլլայ, քանի որ սէրը լո՛յս է, սէրը յոյս է եւ սէրը կենսաբեր է։

Սէրը իր այս հանգամանքով արդարութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան, ազատութեան հիմը՝ նախապատճա՛ռն է։ Մարդկային բոլոր սկզբունքներ, համոզումներ, գաղափարներ սիրոյ վրայ են հաստատուած, եւ եթէ սէր չըլլայ, այս բոլոր արժէքները կը կորսնցնեն իրենց ազդեցութիւնը։ Արդարութիւն ըլլալու համար արդարեւ, հաւասարութեան ըմբռնումը պէտք է տիրական ըլլայ, իսկ եթէ սէր գոյութիւն չունենայ, կարելի կ՚ըլլա՞յ հաւասարութիւնը պահպանել եւ տեւականացնել։

Սիրոյ այս անհրաժեշտ հանգամանք ունենալը շատ բնական է, քանի որ «Աստուած Սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8) եւ որովհետեւ «Աստուած լո՛յս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Աստուած Իր բոլոր գործերուն մէջ ցոյց կու տայ Իր բարութիւնը, Իր բարեհաճութիւնը, Իր վստահելիութիւնը, Իր հաստատամտութիւնը, Իր հաւատարմութիւնը, Իր ճշմարտութիւնը եւ Իր սէ՛րը. «Ես գոհութիւն կը մատուցանեմ Քու անունիդ, Քու սիրոյդ եւ Քու ճշմարտութեանդ համար», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն (ՍԱՂՄ. ՃԼԷ 2)։

Իր պատմութեան ընթացքին, Իսրայէլ կրցաւ իրազեկ դառնալ, թէ Աստուած միայն մէկ պատճառ ունէր Ինքզինք անոր յայտնելու եւ բոլոր ժողովուրդներու մէջէն զինք ընտրելու իբր Իր ժողովուրդը. այս պատճառը Իր ձրի սէ՛րն է. (ՈՎՍ. Բ 1-23)։ Եւ Իսրայէլ հասկցաւ, շնորհիւ իր մարգարէներուն, թէ դարձեալ զինք սիրելո՛ւն համար է, որ Աստուած չդադրեցաւ փրկելէ զինք եւ ներելէ իր անհաւատարմութիւնը եւ բազմաթիւ մեղքերը։ (ՈՎՍ. Բ 1-23) եւ (ԵՍ. ԽԳ 1-7, ՈՎՍ. ԺԱ 1)։

Արդարեւ, Աստուծոյ սէրը յաւիտենակա՛ն է. (ԵՍ. ԾԴ 8)։ «Որովհետեւ լեռները կրնան շարժիլ, բլուրները կրնան փոփոխուիլ, բայց Իմ սէրս պիտի չպակսի» (ԵՍ. ԾԴ 10), եւ դարձեալ. «Սիրեցի քեզ յաւիտենական սիրով, ասոր համար գթութիւնս քեզի հանդէպ պահեցի». (ԵՐՄ. ԼԱ 3)։

Սէրը առաջին պարգեւն է, որ կը բովանդակէ միւս բոլոր պարգեւները։ Այս Սէրը «Աստուած սփռեց մեր հոգիներուն մէջ՝ Հոգիով, որ տրուեցաւ մեզի» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Սիրոյ պարգեւին առաջին արդիւնքը մեր մեղքերուն թողութիւնը կը հանդիսանայ։

Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ այս կատարեալ կեանքը, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինով, հրեշտակներով եւ բոլոր երանելիներով միատեղ կեանքի եւ սիրոյ այս հաղորդութիւնը՝ կոչուած է «երկինք»։ Եւ մարդ այս հաղորդակցութիւնը կը պահպանէ եւ կը տեւականացնէ սիրով։ Ուստի «ապրիլ երկինքի մէջ» կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլա՛լ», եւ ուրեմն Քրիստոսի հետ ըլլալու համար անհրաժեշտ պայման է՝ սիրել, սիրտը սիրով լեցուն ըլլալ։ «Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 17)։

Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի մեր Ժառանգութեան «գրաւական»ը կամ «երախայրիք»ը. այսինքն Սուրբ Երրորդութեան Կեանքը, որ «սիրել է՝ ինչպէս Ինք սիրեց մեզ». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 11-12)։ Այս Սէրը (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ) նախասկիզբն է Քրիստոսով այն նոր կեանքին, որ այլեւս հնարաւոր դարձած է, քանի որ մենք «ընդունած ենք ուժ մը, որ Սուրբ Հոգին է». (ԳՈՐԾ. Ա 8)։

Աստուած «կը նախանձի» մեզի, եւ ասիկա Անոր սիրոյն ճշմարտութեան նշա՛նն է։ Մտնենք Անոր Հոգիին բաղձանքին մէջ եւ լսելի պիտի ըլլանք։

Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Սիրոյ քաղցրութիւնը անպակաս ըլլայ ձեր կեանքերուն մէջ…

Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ մի՛շտ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 20, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020