ԱՐԴԱ՛Ր ԸԼԼԱԼ

«Սուրբ մը ըլլալ բացառութիւն է. իսկ արդար մը ըլլալ՝ կանո՛ն»։

VICTOR HUGO

Մեքենայ մը արդիւնաւորութեամբ կարենալ գործելու համար նախ պէտք է իւղել իր անիւները, եւ յետոյ շարել անոր զսպանակը։ Առանց խնամելու ոչ մէկ մեքենայ կրնայ արդիւնաւորապէս շարժիլ եւ աշխատիլ, քանի որ մարդ ի՛նչ որ տայ մեքենային, ան իրեն տրուածին համեմատութեամբ կ՚աշխատի։ Ուրեմն եթէ մեքենայէ մը լաւագոյն կերպով օգտուիլ կ՚ուզուի, պէտք է խնամք տարուի անոր։

Մարդիկ ալ բնութեամբ այդպէս են ընդհանրապէս, ի՛նչ որ ստանան, ինչքան որ տրուի իրենց, այդ չափով կու տան։ Եւ ահաւասիկ ճիշդ այս կէտին «զոհողութեան» զգացումն է որ ի յայտ կու գայ, զգացում մը՝ որ օտար եւ հեռու է շատերուն, քանի որ մա՛րդ իրմէ որեւէ բան տալ չ՚ուզեր ուրիշին։

Ահաւասիկ, արդարութեան գաղափարը արժէք կը գտնէ՝ «առնուածին» եւ «տրուածին» հաւասարակշռութեան մէջ։ Մարդ, ընդհանրապէս իր փոխյարաբերութիւնները կը հաստատէ՝ ստացուածին եւ տրուածին, եւ կամ փոխադարձաբար, տրուածին փոխարէն ստացուածին համեմատութեան վրայ։ Եւ այս համեմատութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ արդարութիւնը կը պահանջէ զոհողութիւն։ Արդարեւ, հոն ուր չկայ զոհողութեան ոգի, հոն կարելի չէ արդարութիւն նկատել։

Արդարութեան եւ զոհողութեան այս յարաբերութիւնը սապէս բացատրել ջանանք. արդարութիւնը կախում ունի զոհողութեան զգացումէն, որովհետեւ մարդ երբեք չ՚ուզեր կորսնցնել, չ՚ուզեր որ իրմէ բան մը պակսի, կ՚ուզէ որ իր ունեցածը միշտ իրեն պահէ եւ ոչինչ պակսեցնէ իր ստացուածքէն։

Մարդուս ունեցած բարոյական արժէքներէն, բարոյական ստացուածքներէն կարեւորագոյնն է՝ իրաւունքը։ Այս պատճառով մարդ միշտ ինքզինք իրաւացի կը նկատէ, միշտ ինքզինք ամէն իրաւունքի տէր կը նկատէ, կամ ըսենք, այդպէս կը կարծէ։ Այս իմաստով արդարութիւն կը նկատէ իր իրաւունքը, բայց միայն ի՛ր իրաւունքը պահել եւ պաշտպանել, առանց մտածելու թէ ուրիշն ալ իրաւունք ունի, ուրեմն ուրիշն ալ իրաւունքի տէ՛ր է։

 Որպէս բարոյական կարեւոր ստացուածք, որպէս բարոյական արժէք, իրաւունքին անմիջապէս կը յաջորդէ ազատութիւնը։ Մարդ կ՚ուզէ միշտ ազատ ըլլալ։ Ուստի իրաւունք եւ ազատութիւն համընթաց արժէքներ են մարդուս համար, որոնք մարդ կ՚ուզէ վայելել անսահման եւ անչափ կերպով։

Ինչպէս նիւթական արժէքներու եւ ստացուածքի նկատմամբ մարդ ագահ է, բարոյական արժէքներու՝ իրաւունքի եւ ազատութեան նկատմամբ ալ վերջին աստիճան ագահ է, միշտ աւելին կ՚ուզէ անյագօրէն։ Ո՛չ իրաւունքի մէջ, ոչ ալ ազատութեան մէջ քիչով, կամ ունեցածով չի գոհանար, բաւարար չի գտներ ունեցած իրաւունքը եւ ազատութիւնը։ Եւ արդարութեան գաղափարը, մարդ արարածին համար, թէ՛ իրաւունքին եւ թէ ազատութեան ամբողջութեամբ եւ միայն իրեն պատկանելիութեան մէջ կը տեսնէ։

Եւ ահաւասիկ, թէ՛ անհատապէս եւ թէ ընկերային կեանքի մէջ իրաւունքի եւ ազատութեան այս անվերջ տենչանքը զսպելու եւ իրաւունքի եւ ազատութեան ներդաշնակութիւնը եւ հաւասարակշռութիւը ապահովելու միջոցն է՝ զոհողութեան զգացումը զօրացնել, զոհողութեան գիտակցութիւնը հաստատել մարդուս մէջ։

Մարդկային անհատական կեանքը, այսինքն ներաշխարհը, եւ ընկերային-հաւաքական կեանքը, այսինքն արտաքին աշխարհը կախում ունի զոհողութեան զգացումէն։ Արդարեւ, մարդուն ներքին խաղաղութիւնը կախում ունի զոհողութեան կամեցողութենէն, ինչպէս եւ ընկերային կեանքի մէջ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու ճամբան՝ զոհողութիւն կարենալ ընելն է թէ՛ կարգ մը իրաւունքներէն եւ թէ ազատութենէն։

Ամէն բան ունենալ բայց ներքին խաղաղութիւն չունենալ. անշուշտ որ բաղձալի բան մը չէ, եւ ուրեմն մարդ պէտք է գիտնայ զոհողութիւն ընել այնտեղ՝ ուր կը պահանջէ…։

Գետ մը ձմեռնային ցուրտին սառած է. չի կրնար իր բնական ընթացքը ունենալ։ Ուստի պէտք է որ արեւուն ճառագայթներէն մին սկսի բեկբեկել անոր վրայ. պէտք է հալի այն սառերու կոյտը, որ ցրտաշունչ քամիի մը հետեւութիւնն է, եւ այն ատեն ահաւասիկ կարելի կ՚ըլլայ գետին սովորական ընթացքը տեսնել. եւ այն սովորական ընթացքն է, որ դարձեալ կը սկսի տանիլ նաեւ անբառնալի ժայռերը։

Եւ մտային տարրերու միացած նիւթական տարրերու շնորհիւ է միայն հնարին վայելել արեգակնային ճառագայթը, որ է իսկական իրաւունքը եւ իսկական ազատութիւնը։

Այս տարրերը արտաբերելու համար մարդը կը կարօտի հաւասարկշռուած մտային շարժումի մը։ Արդարեւ, միտքն է որ կը հակակշռէ անսանձ զգացումները, միտքն է որ կ՚իմացնէ մարդուն՝ թէ թէեւ անհատ մըն է, բայց կախում ունի ուրիշ անհատներէ եւ այդ ալ կարելի է իրաւունքի եւ ազատութեան զոհողութենէ։

Ո՛չ իրաւունքը եւ ո՛չ ազատութիւնը անսահման է, ուրեմն ընկերային խաղաղութեան համար ե՛ւ ներքին խաղաղութեան համար մարդ պէտք է գիտնայ զոհել իրաւունքէ եւ ազատութենէ մասեր, ի նպաստ ուրիշներու իրաւունքին եւ ազատութեան։

Ուստի մասնաւորին կամքը պէտք չէ հաշմէ ընդհանուրին էութիւնը՝ լուսաւոր մաս մը տեսնելով, թէ իր իրաւունքը եւ ազատութիւնը վտանգի ենթակայ է։ Պէտք է մտածել ուրեմն մասնաւորին կամքին սահման մը դնելու մասին՝ նշանակել այդ սահմանը եւ մոլի կիրքերը պահել պարփակել այդ սահմանին մէջ։ Անսանձ կիրքերը, արդարեւ ամենամեծ արգելքներն են թէ՛ ներքին եւ թէ ընկերային խաղաղութեան։

Յառաջդիմելը բնական օրէնքի հետեւութիւն է, եւ հետեւաբար մարդկութեան ան-բըռնաբարելի իրաւունքը ըլլալով եւ իր ազատութեան մաս կազմելով, այս մարդկութեան ճիւղերէն մին երբ կ՚ուզէ վայելել այդ իրաւունքը եւ ազատութիւնը, պէտք է սահմանի եւ կարգի ներքեւ գործածէ զանոնք։

Եւ ահաւասիկ, այդ սահմանը պիտի գծուի զոհողութեան գիտակցութեամբ։

Ուրեմն պէտք է աշխատիլ արդարասէրներ ըլլալու. Վ. Հիւկոյի խօսքով՝ սուրբ ըլլալը բացառութիւն է թէեւ, բայց արդար ըլլալը կանո՛ն է։

Արդարասէր ըլլալ չի բաւեր, այլ պէտք է արդա՛ր ըլլալ, արդար գործել, արդարութիւնը իւրացնել։ Արդարը արժանի է ամէն վարձատրութեան, բայց պատիժի արժանի ամէն անոնք՝ որ նախամեծար կը նկատեն իրենց անձնական շահը փոխանակ հասարակաց-հանրային շահուն։ Մանաւանդ իրաւունքը եւ ազատութիւնը շահագործելով անձնական շահ ապահովել՝ երբեք ներելի պէտք չէ նկատուի։ Ինքնամոլութիւնը վտանգ մը եւ սպառնալիք մըն է ընկերային խաղաղութեան…։

Արդարեւ, անձնական շահը, որ յաճախ կ՚ընկերակցի խաւար տգիտութեան հետ, արգելք է վայելելու իրական իրաւունքը եւ ազատութիւնը։ Կը կարծէ՞ք որ անձնական շահ ապահովող մը ներքնապէս խաղաղ է եւ երջանիկ։ Թերեւս երեւութապէս, բայց ան իր ներաշխարհին մէջ միշտ պակաս մը ունի, եթէ ո՛չ խղճահարութեան պատճառով, բայց այն վախին պատճառով, թէ կրնայ կորսնցնել իր շահը, եւ մտահոգութիւն մը տեւական՝ միշտ աւելին ունենալու, միշտ բարդելու իր անձնական շահը, քանի որ ան անյագ է եւ անբաւարար շահու նկատմամբ։ Այս ալ կը նշանակէ, որ մարդ եթէ նոյնիսկ իր ներկայ ունեցածներէն զոհողութիւն ընել չուզէ, գոնէ իր աւելորդ փափաքներէն, անյագ պահանջներէն եւ տենչանքներէն պէտք է զոհողութիւն ընէ՝ ներքին եւ ընկերային ընդհանուր խաղաղութիւնը, եւ անշո՛ւշտ երջանկութիւնը ապահովելու համար։

Արդէն մարդ երբ կ՚ապրի ընկերային կեանքի մը մէջ, այս կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր անհատ, այսինքն ընկերութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անդամ որքան իրաւունքներ ունի, ունի նաեւ պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատու է իր արարքներուն։ Իսկ ազատութիւնը միշտ ունի սահմա՛ն մը, եւ այդ սահմանը կ՚որոշուի ուրիշ մէկուն ազատութեան սահմանով։ Եւ արդար ըլլալու համար պէտք է հպատակիլ եւ հնազանդիլ սահմաններու գիծերուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 19, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020