ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԱՅՑԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ անվերապահ զօրակցութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այցելեց Պաքու, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Նախարարը նշեց, որ հերթական անգամ Պաքու այցելած է՝ վերահաստատելու համար Թուրքիոյ ամուր աջակցութիւնը Ատրպէյճանին։ Չավուշօղլու նշած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները արդէն անմիջական կապի մէջ կը գտնուին եւ Թուրքիոյ պարտականութիւնն է առկայ նուրբ ժամանակաշրջանին մէջ Ատրպէյճանը առանձին չթողուլ։ Իր կարգին, Ալիեւն ալ անդրադարձած է ռազմաճակատի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ ազատագրուած տարածքներուն։ Ան անդրադարձած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին նամակ մը ուղարկելով՝ օրակարգի վրայ բերած է օժանդակութեան հարցը։ Ըստ Ալիեւի, սա իրականութեան մէջ կը նշանակէ, որ Հայաստան կ՚ընդունի սեփական պարտութիւնը։
Մեւլիւտ Չավուշօղլուէն վերջ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ այցելեց Պաքու, ուր նոյնպէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ընդունուեցաւ։
Անգարա-Պաքու առանցքին այս երթեւեկին զուգահեռ՝ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «ARD» գերմանական հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Պաքու կողմնակից չէ երրորդ կողմերու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի միջամտութեան։ «Սա պատերազմ է մեր եւ Հայաստանի միջեւ։ Միւսները պէտք է խուսափին միջամտութենէ։ Մենք այլ երկրի միջամտութեան հնարաւորութիւն չենք տեսներ, որովհետեւ մեր հարեւան երկիրները մեր դաշնակիցներն են ու բարեկամները», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։
Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխովն ալ շաբաթավերջին անդրադարձաւ հիմնախնդրին։ Ըստ իրեն, Թուրքիա եւ Ռուսաստան ամենասերտ շփումներու մէջ են Արցախի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Ան խօսեցաւ նաեւ հակամարտութեան գօտի տեղափոխուած վարձկաններու հարցին շուրջ։ Դեսպանը մէջբերելով Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովի խօսքերը՝ ըսաւ, թէ անոնց ներկայութիւնը մեծ վտանգ կը պարունակէ եւ խորապէս կը մտահոգէ Ռուսաստանը։ Բաց աստի, դեսպանը դիտել տուաւ, թէ անհրաժեշտ է ձեռնպահ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան ա՛լ աւելի սրել հակամարտութիւնը։ «Մենք պէտք է հաշուի առնենք գլխաւորը. կ՚ընթանան մարտեր, մարդիկ կը մահանան եւ եթէ ոեւէ մէկը հիմա կրնայ ազդել իրադարձութիւններու վրայ, կատարել նոյնիսկ չնչին ներդրում մը հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ, սա պէտք է օգտագործել։ Այժմ բոլորը պէտք է զերծ մնան այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան կրակին վրայ իւղ լեցնել», ըսաւ Երխով։