ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ՍԱՍՏԿԱՑՈՒՑ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի ծանրածանր հետեւանքներով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ օրուայ մէջ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը հանգուցային երկու դիրքերու ուղղութեամբ իրականացուցած է յարձակումներ, որոնք չէզոքացուած են։ Երէկ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ կռիւներու ժամանակ նահատակուածներու շարքին կը գտնուին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան եւ Արցախի հերոսներէն Սերկէյ Շաքարեան։

Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երկոյեան սարքեց հերթական մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին ամփոփեց ռազմաճակատի օրուայ իրադարձութիւնները։ Ըստ իրեն, բոլոր ուղղութիւններու վրայ Ատրպէյճանի զօրքերու յարձակումները տապալած են։ Միայն Մարտունիի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զօրքերը յաջողած են մէկ-երկու դիրքի հակակշիռը ձեռք անցընել։ Երէկուան իրադարձութիւններու շարքին ան առանձնացուց Մարտունիի, Մարտակերտի, Շեխեր-Կարմիր շուկայի եւ ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ տեղի ունեցած յարձակումները։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեանն ալ տեղեկացուց, որ երէկ Ատրպէյճանի կողմէ կրակ բացուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտական դիրքերուն վրայ։ Այսպէս, մասնաւորապէս թիրախաւորուած է Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղը, ուր զոհուած է քաղաքացիական անձ մը, կան նաեւ վիրաւորներ։

Երէկ գիշեր կատարուած այս յայտարարութիւններէն վերջ, այսօր լուսադէմին ալ Ատրպէյճանի բանակը վերսկսաւ յարձակումներու՝ յարաբերաբար աւելի կանուխ ժամով։ «Սմերչ» կայանքներէ կրակ բացուեցաւ Մարտունիի եւ Շուշիի վրայ։ Այս առաւօտեան դրութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը յառաջխաղացման փորձերու ձեռնարկեցին նաեւ ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ։ Հաղորդուեցաւ, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը ազդու դիմադրութիւն ցոյց տուած է եւ Ատրպէյճանի զօրքերը վերադարձած են իրենց ելման դիրքերը։ Արեւելեան ուղղութեան վրայ ճակատային փոքր հատուածէ մը ներս Արցախի Պաշտպանութեան բանակը մարտավարական նպատակներով ուժերը ետ քաշած է՝ զբաղեցնելով ապագայ գործողութիւններու տեսակէտէ աւելի նպաստաւոր բնագիծ մը։ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն մարտավարական առաքելութիւնը իրենց կողմը թեքելու ուղղեալ փորձերը, սակայն Պաշտպանութեան բանակը վերահսկողութեան տակ կը պահէ գործնական-մարտավարական իրադրութիւնը։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2020