«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԷՆ ՆԵՐՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾՆԵՐԸ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ԸԼԼԱԼ»
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչալեթ մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան ընթացքին բնակելի շրջաններու վրայ գործուած անխնայ յարձակումներուն առընչութեամբ։ Ան նախազգուշացուց, որ նման գործողութիւնները կրնան ինքնին ռազմական յանցագործութիւններ ըլլալ։
«ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, գերագոյն յանձնակատարը Ժընեւի մէջ յայտարարութիւններ ընելով անհանգստութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս բնակելի շրջաններու վրայ գործուած անխտիր յարձակումներուն կապակցութեամբ։ Սա կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին եւ այդ յարձակումները կրնան ռազմական յանցագործութիւններ ըլլալ։ Պաչալեթ յիշեցուց հակամարտ կողմերուն ուղղուած բազմաթիւ կոչերը, որպէսզի անոնք ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցները՝ խուսափելու համար մարդկային կորուստներէն խաղաղ բնակչութեան շրջանակներէն ներս եւ կամ նուազեցնելու համար զանոնք։ Նոյն կոչերը կ՚ընդգրկեն նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները՝ ներառեալ դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու խնայուիլը։ «Այս բոլորին փոխարէն տուներ աւերուած են, փողոցներ աւերակներու վերածուած են, իսկ մարդիկ ստիպուած են փախուստի դիմել եւ անվտանգութիւն փնտռել նկուղներու մէջ», ըսաւ յանձնակատարը եւ աւելցուց, որ միջազգային իրաւունքը կ՚արգիլէ յարձակումները, որոնք կ՚իրականացուին առանց ընտրութեան կամ համամասնութեան սկզբունքի պահպանման։
Հայկական կողմը օրերէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ, որ Ատրպէյճանի բանակը պատերազմի ընթացքին սկսած է օգտագործել զէնքեր, որոնք սպիտակ ֆոսֆոր կը պարունակեն։ Այս բոլորը քիմիական զէնքի յատկանիշներ ունին։ Աւելի քան երեք օրէ ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը կիրառեն նման զինամիջոցներ, որոնցմով կը թիրախաւորուին անտառապատ շրջանները։ Մասնաւորապէս ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ կ՚այրին անտառներ։ Հասանելի վայրերու մէջ հրշէջ փրկարարները կը ձեռնարկեն հրդեհաշիջման միջոցներու, սակայն աղէտը կը շարունակէ մնալ օրախնդիր։ Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններու անտառապատ տարածքներէն ներս ի զօրու են նման երեւոյթներ։ Հրկիզող հրթիռներ ալ կ՚օգտագործուին Ատրպէյճանի կողմէ։ Այսպէսով առկայ մարդասիրական աղէտին վրայ կ՚աւելնայ նաեւ բնապահպանական աղէտ մը, ինչ որ զգալի վնաս կը պատճառէ Արցախի կենդանական ու բուսական աշխարհին։
Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Արցախի տարածքէն ներս յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած նոր զինատեսակ մը։ Ուսումնասիրութիւններէ վերջ պարզուած է, որ այդ մէկը այրող քասեթային միջուկային զէնք մըն է՝ շուրջ 40 սանդիմ երկարութեամբ։ Ըստ վերջին լուրերուն, Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են նաեւ Շուշի քաղաքը, որու դէմ եւս կիրառուած են արգիլեալ քասեթային ռումբեր։