ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԱՆՑ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ մանուկներն ու պատանիները։ Պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով՝ մասնաւորապէս խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորման բերումով, Արցախէն բազում ընտանիքներ ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Հայաստան։ Ընդհանուր առմամբ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայք հաստատած են անոնք։ Մեծ քաղաքի կեդրոնին մէջ, բնականաբար, ընկերային դժուարութիւններ կը յառաջանան, սակայն այդ բոլորը կը դիմագրաւուին՝ հաշուի առնելով ստեղծուած արտասովոր պայմանները, միասնականութեամբ ու գիտակցութեամբ։

Երէկ, Երեւանի մեթրոյին մէջ հաճելի անակնկալ վերապահուած էր հակամարտութեան գօտիէն դուրս եկած ընտանիքներու փոքրիկներուն համար։ Այսպէս, Երեւանի մեթրոյէն ներս տիկնիկներու ցուցադրութիւն մը տեղի ունեցաւ Արցախէն ստիպողաբար հեռացած ընտանիքներու զաւակներուն համար։ Այս ժամանցը անոնց տեսակէտէ հաճելի էր եւ տիկնիկներուն հետեւելու ժամանակ փոքրիկներու դէմքին վրայ ստեղծուած պատկերը յատկանշական էր անոնց այժմու հոգեվիճակին տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020