ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇԱՅԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որոնց վերջնական արդիւնքը տակաւին յայտնի չէ։ Այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ առաջադրուած էր հանրապետականներուն կողմէ եւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն, որ առաջադրուած էր դեմոկրատականներու կողմէ ՝ երէկ ներկայացան Միացեալ Նահանգներու ընտրողներուն։ Անոնք արդէն բուռն ընտրապայքարի մը մէջ էին։ Ինչպէս որ նախընտրական քարոզարշաւը հանդիսացած էր մեծ մրցակցութեան մը թատերաբեմը, այնպէս ալ քուէհամարը մեծ մրցակցութեան մը առիթ դարձած է։ Սկզբնական տուեալներու լոյսին տակ երկու թեկնածուներն ալ մէկ կողմէ գոհ են իրենց ապահովածէն, իսկ միւս կողմէ կան վիճարկումներ։ Ամերիկեան աղբիւրները կը հաղորդեն ընտրութիւններու արդիւնքի՝ երկրի բարձրագոյն դատարանին մօտ վիճարկման հաւանականութեան մասին։

Թէեւ տակաւին ոչինչ յստակացած է, սակայն միջազգային կարգ մը աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ Ֆլորիտայի նահանգէն ներս Տանըլտ Թրամփ յաջողած է առաւելութիւն արձանագրել։ Այս հաղորդումը ուշագրաւ է, որովհետեւ աւելի քան հինգ տասնամեակէ ի վեր ԱՄՆ-ի մէջ նախագահ ընտրուիլ յաջողած է այն թեկնածուն, որ առաւելութեան հասած է Ֆլորիտայի մէջ։ Այս հաղորդումները կը հաւասարակշռուին Արիզոնայի նահանգէն հասած լուրերով։ Աւանդաբար թէեւ այնտեղ հանրապետականները կը յաղթեն, սակայն, «AP» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Ճօ Պայտըն առաւելութեան հասած է Արիզոնայի մէջ։ Յամենայնդէպս, անորոշութեան եւ սպասումի առկայ մթնոլորտին մէջ շօշափելի միակ փաստն է, որ այս ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է մրցանշային։

Սպասման մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ լարուածութիւններ։ Կը հաղորդուի, որ Սպիտակ տան առջեւ ցուցարարներ բողոքի դուրս եկած են։ Ամերիկեան ոստիկանութիւնը արդէն կը միջամտէ դէպքերուն։ Սպիտակ տունն ալ առնուած է հսկողութեան տակ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020