ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԲԱՑԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆԷՆ, ՄՆԱՑԵԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱԿՈՒՂԻ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային բացի բանակցայինէն միւս ճանապարհները կը տանին դէպի պատմական փակուղի։ Ռուսական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ հայերը յամենայնդէպս լաւատես ու ճիշդ մտածող ժողովուրդ են։ «Մենք կը մտածենք ու կը կարծեմ ճիշդ կը մտածենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին վերջնական որոշման կարելի է հասնիլ միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Այլ ուղի չկայ։ Որեւէ ռազմական լուծում վերջնական չէ։ Որեւէ պատերազմ մարդկային մեծ թիւով կորուստ է՝ բոլոր կողմերէն։ Եթէ Հայաստան ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը, ապա յետոյ ինչի՞ մասին պիտի ըլլային բանակցութիւնները։ Բանակցութիւններու համար Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի համար ստեղծուած էին բոլոր պայմանները. խօսքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի մասին է՝ իր երեք համանախագահներով։ Կը կարծեմ՝ աւելի լաւ տարբերակ մտածել հնարաւոր չէ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ ան նշեց նաեւ, որ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը Թուրքիոյ վրայ կրնայ շատ դրական դեր մը ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ ռազմական իրավիճակի լուծման համար։

Ըստ Արմէն Սարգսեանի, Թուրքիա հսկայական ազդեցութիւն ունի Ատրպէյճանի վրայ եւ այս պարագան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ լուծելու ճանապարհին վերածուած է ժխտական գործօնի մը։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը շատ մեծ է քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական տեսանկիւնէ ու սա արդէն փաստ մըն է։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերջին փուլին շուրջ։ Ան ահազանգ հնչեցուց հակամարտութեան գօտիէն ներս վարձկաններու գոյութեան խնդիրին շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս Ատրպէյճան վերածուած է ահաբեկչութեան կեդրոնի մը եւ ան պետութիւն մըն է, որ ահաբեկչութիւն կը հովանաւորէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020