ՀԻՒՍԻՍԷՆ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադար հաստատելու հարցին շուրջ համագործակցութիւն կ՚ընթանայ Թուրքիոյ հետ։ Ռուսական կողմը կ՚օգտագործէ տարածքաշրջանէ ներս իր ամբողջ ազդեցութիւնը՝ հակամարտութեան ռազմական լուծումը կանխելու համար։ «Քոմերսանտ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուա եւ Անգարա սերտ գործընկերներ են, ընդունակ են ճկուն եւ շահապաշտ մօտեցում մը ցուցաբերելու եւ իրարու հետ ռազմավարական տեսլականով համագործակցելու։ Ըստ Լաւրովի, ռուս եւ թուրք դիւանագէտներու, զինուորականներու եւ յատուկ ծառայութիւններու գործնական եւ առարկայական համագործակցութեան ակնառու օրինակներն են Սուրիան եւ Լիպիան։ «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը սկզբունքօրէն կը տարբերի. բան մը, որու մասին մասամբ ըսած եմ նախապէս հարցումներու պատասխանելու ժամանակ։ Կրկնեմ՝ երբեք չենք թաքցուցած ու չենք թաքցներ, որ չենք պաշտպաներ տագնապի կարգաւորման ուժային ճանապարհը, կը ձգտինք մարտական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման», ըսաւ Լաւրով։

«Անատոլու» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացած է Սերկէյ Լաւրովի այս հարցազրոյցին, որու ընթացքին ան ընդգծած է, որ թէ՛ հակամարտ կողմերուն եւ թէ անոնց արտաքին գործընկերներուն տեսակէտէ կարեւոր է անշեղօրէն յարգել հրադադարը, անոր վերահսկման դրութեան ստեղծումը եւ յստակ ժամանակցոյցով մը բովանդակալից բանակցային գործընթացի վերսկսման մասին պայմանաւորուածութիւնները։ «Ու թէեւ միանգամից կայուն հրադադարի մը հասնիլ չենք յաջողած, սակայն մենք կը շարունակենք օգտագործել տարածքաշրջանէ ներս մեր բոլոր ազդեցութիւնը, կ՚աշխատինք թուրք գործընկերներու հետ, որպէսզի դադրեցնենք ռազմական բեմագրութեան ապագայ զարգացումը, որպէսզի երկխօսութիւն հաստատուի կողմերուն միջեւ, Պաքուն ու Երեւանը համոզենք նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», նշեց Լաւրով։

Հարցազրոյցին մէջ ռուս նախարարը դիտել տուաւ, որ հնարաւոր է կարգաւորման ուղղութեամբ հակամարտ կողմերուն հետ աշխատանքներ իրականացնել, սակայն կարգաւորման նպատակով համընդհանուր ճանչցուած ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնն է։ «Համանախագահներու եռեակը կը հանդիսանայ այն ձեւաչափը, որ միջնորդական համընդհանուր ճանաչում ունի եւ որու նպատակն է յաղթահարել այս վաղեմի հակամարտութիւնը», ըսաւ Լաւրով ու շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հոկտեմբերի 10-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ ալ հաստատուած է այս հանգամանքը՝ բանակցային ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը։ Բաց աստի, ըստ Լաւրովի, այնուամենայնիւ, ռուսական կողմը կարելի կը համարէ աշխատիլ բոլոր գործընկերներուն հետ՝ ներառեալ հակամարտ կողմերու հարեւաններուն հետ, որոնք հնարաւորութիւն ունին ազդելու եւ պայմաններ ստեղծելու կարգաւորման հիմնարար սկզբունքերու հիման վրայ քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով հանգուցալուծման հասնելու առաջադրութեամբ։ Եռանախագահները այդ բոլորը յառաջ կը տանին Պաքուի եւ Երեւանի հետ շփումներուն մէջ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներուն մէջ ալ նշուած է, որ «Քոմերսանտ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Լաւրով մտահոգութիւն յայտնած է հիմնախնդրի միջազգայնացումէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն վարձկաններու ներգրաւումէն։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտի տեղափոխուած վարձկաններու թիւը երկու հազարի շուրջ է։ Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս հարցին անդրադարձած է հոկտեմբերի 27-ին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ժամանակ։ Ռուս ղեկավարը համապատասխան մտահոգութիւնները բաժնած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ «Հետեւողականօրէն կը շարունակենք զանազան խողովակներով յառաջ տանիլ մեր դիրքորոշումը», ըսաւ Լաւրով ու շեշտեց, որ վարձկաններու շարունակուող ներգրաւումը անհանգստութիւն կը պատճառէ Մոսկուային։ Ըստ Լաւրովի, որպէս հիմնական միջնորդ՝ Ռուսաստանի խնդիրն է օգնել Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, որպէսզի դուրս գան առկայ տաք փուլէն եւ սրուած հակամարտութեան լուծման համար խաղաղ միջոցներ գտնեն։ Ան համոզուած է, որ առանց վերահսկման դրութիւններու հաստատման անկարելի է հրադադարը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՌՈՒՏԵՆՔՕ

Բացի Լաւրովի այս հարցազրոյցէն, Ռուսաստանի Արաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոն ալ երէկ տեղեկացուց, որ «որոշ մշակումներ» կան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Համապատասխան շփումները ընթացքի մէջ են։ Ըստ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս կ՚ընթանան այս բոլորը, սակայն տակաւին վաղ է խօսելու համար երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու մասին։ Ռուտենքոյի խօսքով՝ հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ։ «Լուծումը պէտք է ըլլայ համապարփակ, քաղաքական՝ հաշուի առնելով բոլոր կողմերու շահերը», ըսաւ ան։ Այժմ բանակցութիւնները կ՚ընթանան փորձագիտական մակարդակի վրայ եւ Մոսկուա չի նախընտրեր շահարկումներ ընել կարգաւորման շուրջ։

Միւս կողմէ, ամերիկեան կարգ մը վերլուծաբաններ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ կը մեկնաբանեն Թուրքիա-Ռուսաստան ազդեցութեան պայքարը Հարաւային Կովկասի կապակցութեամբ։ Ըստ իրենց, Մոսկուա ներկայիս սահմանած է իր կարմիր գիծը Անգարայի պարագային։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020