ՓԵԼԷ՝ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ

Փելէ նշեց իր 80-րդ տարեդարձը:

Աշխարհի մէջ արժէքներու արագ անկումին ընթացքին նորոյթ եղած է եւ ոմանց համար կարծես քաջագործութիւն, բանիմացութիւն է նսեմացնել նախկին աստղերու՝ արուեստագէտներու, մարզիկներու, գիտնականներու, ղեկավարներու նուաճումները:

Նոյնին ականատես եղանք, երբ Լիբանանի մէջ 1990-ական թուականներուն վերսկսաւ ֆութպոլի ախոյենութիւնը, եւ ՀՄԸՄ կազմեց բաւական լաւ խումբ մը, որուն աստղերը եղան Վարդան, Դրօ, Սամուէլ եւ այլն: Յայտնուեցան իմաստակներ, որոնք  50-ական, 60-ական թուականներու աստղերու՝ Պոմպ Աթոմիքի, Ուստայի, Աբոյի, Ճոքիի բացառիկ նուաճումները փորձեցին արժեզրկել, հեգնական արտայայտութիւններով:

Նորաձեւութիւն դարձած է նուազեցնել Փելէի բացառիկ  նուաճումները՝ քննադատելով զայն:

Առնուազն երեք սերունդներու համար Փելէն միշտ ամենէն մեծն է: Պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ դարու խաղացողը եւ միակը, որ երեք անգամ նուաճած է ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութիւնը: Մարդը, որուն հիանալի խաղերը  օգնեցին ֆութպոլը գեղեցիկ խաղի վերածելու: Ուրիշ մը այլեւս բնաւ պիտի չըլլայ:

Բայց երբ ժամանակը կ՚անցնի եւ յիշողութիւնները կը մարին, նոր հերոսներ կը յայտնուին:

Նախ՝ Տիեկօ Մարատոնան: Փելէի մշակոյթի  հակառակ կերպարը: Անոնք, որոնք 1980-ականներուն կը տօնէին Մարատոնայի սխրանքները, մեծցած են եւ  այժմ ժամանակակից աշխարհի կարծիքը ձեւաւորողներն են: Անոր մեծութիւնը կ՚աճի:

Աւելի նոր ժամանակներուն, Լիոնել Մեսսիի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նուաճումները տիրապետեցին, անոնց միլիոնաւոր համակիրները, չբաւարարուելով այդ չափով, կը ձգտին տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իրենց կուռքերը կը նուաճեն այլ ժամանակ: Մեսսին պարզապէս ամենէն լաւը չէ: Ան բոլոր ժամանակներու լաւագոյնն է: Դժբախտաբար, աշխարհի ամենէն ժողովրդական  մարզաձեւի վաւերական աստղերէն մէկուն գովասանքը յաճախ կը նշանակէ նսեմացնել այլ աստղի մը նուաճումները: Եթէ Մեսսիի եւ Ռոնալտոյի համակիրները միացնող նիւթ մը կայ, ատիկա Փելէին մեծութիւնը նուազեցնելն է: Ընկերային ցանցը պատերազմի դաշտն է: Անոնք, որոնք ականատես եղած են պրազիլցիին փայլքին, կը մնան անկարող զայն մոռացութեան մատնող ծաղրին ուղղութեամբ: Անոր կոլ նշանակելու մրցանիշը նկատուած է չափազանցութիւն: Փէլէի  տարիքը կը նկատուի միակ պատճառը՝ չհաւատալու իր լաւագոյնը ըլլալուն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020