ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները շաբաթավերջին բազմառանցք արժեւորումի մը ենթարկուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Շահագրգիռ պետութիւնները թէժ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակեն անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել պատերազմի ընթացքին նկատմամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բաց աստի, Փութին հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։
Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Փութին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ ունեցած շփումներուն շուրջ։ Փութին-Էրտողան քննարկումները միտուած էին ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման եւ քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով հիմնախնդրի կարգաւորման տարբերակներու որոնման։ Կողմերը վերահաստատեցին պատրաստակամութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով համագործակցելու համար։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան յայտնած է, թէ Հայաստանը պէտք է համոզել Ատրպէյճանի հետ բանակցելու։ Ան կոչ ուղղած է խաղաղ ճանապարհով կարգաւորել հակամարտութիւնը։ Ըստ Էրտողանի, հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին Ատրպէյճանի տարածքներէն։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է համոզել բանակցային սեղանի շուրջ նստելու ուղղութեամբ։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան Փութինին յայտնած է, թէ Հայաստան պէտք է հեռանայ Ատրպէյճանի տարածքներէն, Ատրպէյճանի հակայարձակումն ալ պէտք է սահմանափակուի միայն Ատրպէյճանի տարածքով։ Ըստ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներուն, Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան ընդգծած է, հակամարտութիւնը մշտական լուծում մը պէտք է ունենայ, ինչ որ չափազանց կարեւոր է տարածքաշրջանի կայունացման տեսակէտէ։ Հարկ է յիշեցնել, թէ նախագահ Էրտողան նախապէս ալ յայտնած էր, որ Անգարա եւ Մոսկուա կրնան միասին աշխատիլ այս հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար։
Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Կողմերը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Նախարարներու զրոյցի բովանդակութեան շուրջ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցի արձագանգները ներկայ շաբթուայ սկիզբին ալ կը բնորոշեն օրակարգը։ Արդարեւ, Թուրքիա հակամարտութեան կարգաւորման համար առաջարկած է մասնաւոր աշխատանքային խումբ մը ստեղծել։ Ռուսաստան ողջունած է այս առաջարկը, որով արդէն մօտաւոր ապագային հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները կրնան տեղափոխուիլ այս նոր՝ երկկողմանի ձեւաչափին մէջ։ Սա պիտի գործէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն դուրս։
Փութինի եւ Մաքրոնի հեռախօսազրոյցն ալ առաջին հերթին կարեւորութիւն ներկայացուց այն տեսանկիւնէն, որ անոնք կը հանդիսանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն երկուքի ղեկավարները։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Փութին եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Ռուս ղեկավարը մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարտերուն եւ անոնց Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ծայրայեղականներու հետզհետէ աւելի աշխոյժ ներգրաւման կապակցութեամբ։ Փութին Մաքրոնի նկատառման յանձնեց Մոսկուայի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը, որոնց նպատակն է կրակի շուտափոյթ դադրեցումն ու բանակցութիւններու վերսկսումը։ Այս բոլորը միտուած է ապահովել քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծում մը։ Հաստատուեցաւ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի համակարգուած միջնորդական ջանքերը տեւականացնելու փոխադարձ տրամադրութիւնը։ Փութին եւ Մաքրոն մասնաւորաբար վերահաստատեցին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս Մոսկուայի եւ Փարիզի կողմէ միջնորդական ջանքերը շարունակելու յանձնառութիւնը։
Դիւանագիտական այս որոնումներու մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին հերթական յայտարարութիւնը հնչեց նաեւ Թեհրանէն։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ ծայրայեղականներու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի մուտքը սպառնալիք մըն է ամբողջ տարածքաշրջանին համար։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրան կ՚անհանգստանայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մարդկային կարուստներով եւ քաղաքացիական անձերու ենթարկուած վնասներով։ «Մենք կ՚անհանգստանանք նաեւ ծայրայեղական խմբաւորումներու հակամարտութեան գօտի մուտք գործած ըլլալուն բերումով։ Սա սպառնալիք է ո՛չ միայն Իրանի, այլ՝ ամբողջ տարածքաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան դէմ։ Այս պատճառով մենք հաւատացած ենք, թէ այս պատերազմը պէտք է աւարտի», ըսաւ Զարիֆ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ չի կասկածիր, թէ Ռուսաստան կը կատարէ դաշնակցի պարտաւորութիւնները իր երկրին նկատմամբ։ ARD գերմանական հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ հայկական կողմը Ռուսաստանէն կը ստանայ այն աջակցութիւնը, որու վրայ յոյս դրած է։ «Մենք կը գիտակցինք, թէ հանդիսանալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ Ռուսաստան պարտաւոր է որոշ չէզոքութիւն պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ։ Ռուսաստան լաւ յարաբերութիւններ ունի նաեւ Ատրպէյճանի հետ։ Սա պարզ իրավիճակ մը չէ, բայց մենք գոհ ենք Հայաստանի առջեւ Ռուսաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ հակամարտութեան կարգաւորումով պէտք է զբաղի միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։ Ըստ Փաշինեանի, սա չի նշանակեր, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ սատարէ անոր համանախագահներուն։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է աջակցի, սակայն քննարկումը պէտք է իրականացուի միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Վարչապետը հերթական անգամ նշեց, որ հայկական կողմի համոզմամբ, Ռուսաստանէ խաղաղապահներու հակամարտութեան գօտիէն ներս տեղակայումը կ՚ըլլայ ամենաարդիւնաւէտ լուծումը։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Սկսած է երրորդ համաշխարհային պատերազմը, որ խառն է»։ Փաշինեան կրկնեց նաեւ, որ Ատրպէյճան չէ եղած եւ հիմա ալ չէ փոխադարձ զիջումներ ընելու պատրաստ։ «Այն ինչ, որ փոխզիջումային տրամաբանութեան ջանքով կը սկսի ընդունելի դառնալ Հայաստանի, Ղարաբաղի համար, այդ իսկ պահուն կը սկսի անընդունելի դառնալ Ատրպէյճանի համար եւ ան կը շարունակէ կոշտացնել իր դիրքորոշումը։ Սա Ատրպէյճանի բանաձեւը եղած է միշտ եւ ան միշտ պատրաստուած է ռազմական ճանապարհով լուծել Ղարաբաղի հարցը», յայտնեց Փաշինեան եւ ընդգը-ծեց, որ խօսքը առանձին դրուագներու չի վերաբերիր, այլեւ՝ կը վերաբերի Ատրպէյճանի մեթոտաբանութեան։
Հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեանին հարց ուղղուած է, թէ իր կողմէ կատարուած «Արցախը Հայաստան է ու վերջ» յայտարարութիւնը խափանարարութիւն ընկալուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ ինք ի՞նչ կը մտածէ այս մասին։ Ան ըսած է հետեւեալը. «Եւ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստա՞ն է։ Հայաստան կը նշանակէ երկիր, ուր կ՚ապրին հայերը՝ հայերու երկիր։ Անոնք, որոնք եղած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ կը տեսնեն հինգերորդ դարու, ապագայ դարերու եկեղեցիներ։ Առաջին հայկական դպրոցը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը 80 եւ աւելի տոկոսով միշտ բաղկացած է հայերէ։ Եթէ սա խափանարարութիւն է, այս իսկ է ամբողջ խնդիրը։ Փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՚ապրին հայեր, Ատրպէյճան միշտ համարած է խափանարարութիւն՝ դիմելով բռնի գործողութիւններու, հրթիռակոծելով բնակավայրերը։ Անոնք կը պայքարին այդ «խափանարարութեան» դէմ։ Ընդհանրապէս ձեզի ըսեմ՝ հաւանական է, որ հայերու գոյութիւնը ինքնին դիտարկուի «խափանարարութիւն» որոշ երկիրներու կողմէ»։