ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ որ երկրին տեսակէտէ ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ կը բովանդակէր կարեւոր զգուշացումներ։ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նշած է հետեւեալը.
«Ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակէն առանց նոր կորուստներու դուրս գալու հրամայականը, քաղաքացիական պատերազմի վտանգէն խուսափումն ու ներքաղաքական հակասութիւններու յաղթահարումն է բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով։ Քաղաքացիական պատերազմը թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին մեծագոյն նուէր ըլլալէն բացի, կործանարար կ՚ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ ամբողջ հայութեան համար։ Կ՚ուզեմ յուսալ, թէ ազգի ճակատագրով մտահոգ կուսակցութիւնները, հասարակական-քաղաքական խումբերը, ուժային կառոյցները, մտաւորականութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչները եւ ընդհանրապէս պատասխանատուութեան զգացում ունեցող բոլոր ուժերը կը գործադրեն իրենց ամբողջ ազդեցութիւնը՝ նման աղիտալի հեռանկարէ խուսափելու համար»։