ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան գործադրութեան ժամանակացոյցը շաբաթավերջին փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով նախատեսուած էր մինչեւ 15 նոյեմբեր Ատրպէյճանին յանձնել Քարվաճառի (Քէլպէճէր) շրջանը։ Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի պահանջով եւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Ատրպէյճան համաձայն գտնուած է, որպէսզի Քարվաճառէն հայկական զօրքերու դուրսբերման գործընթացը երկարաձգուի մինչեւ նոյեմբերի 25-ը։ Մարդասիրական նկատառումներով առնուած է այս որոշումը, որովհետեւ Քարվաճառէն դէպի Հայաստան միակ մայրուղին գերծանրաբեռնուած վիճակի մէջ է եւ այս պատճառով հնարաւոր չէ եղած նախատեսուած ժամկէտներու մէջ գործընթացը հասցնել իր աւարտին։
Թրքական մամուլի հաղորդումներով, հրադադարի համաձայնութեան ժամանակացոյցի ժամկէտները ընդհանրապէս փոփոխութեան մը պիտի չենթարկուին, Քարվաճառի պարագան պիտի ըլլայ բացառութիւն։
ԴԱԴԻՎԱՆՔԸ ԱՊԱՀՈՎ
Քարվաճառի Ատրպէյճանին յանձնուելուն զուգահեռ հայկական կողմին մօտ մեծ մտահոգութեան պատճառ դարձաւ պատմական Դադիվանքի ճակատագիրը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները ստեղծուած իրավիճակին մէջ շաբաթավերջին տեղեկացուցին, որ Դադիվանքը արդէն ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան ներքեւ կը գտնուի եւ անոր որեւէ վտանգ չի սպառնար։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ ներկայիս վանքէն ներս կան քանի մը եկեղեցականներ, որոնք պիտի շարունակեն այդ սրբավայրէն ներս մատուցել իրենց աստուածպաշտութիւնը եւ կանոնաւոր կերպով իրականացնել արարողութիւնները։ Վերջին օրերուն վանական համալիրի հոգեւոր ժառանգութիւնը հնարաւորինս տեղափոխուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մինչ այդ, Մոսկուայի Պատրիարքարանի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պետ Իլարիոն մետրապոլիտը շաբաթավերջին յայտնեց, որ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին կը յուսայ, թէ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ կը վերսկսին բանակցութիւնները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին միջեւ։ «Գոյութիւն ունեցած է եւ ունի եռակողմանի բանակցութիւններու դրութիւն, որու շրջանակներէն ներս հայոց կաթողիկոսը, Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր վարչութեան ղեկավարը եւ Մոսկուայի պատրիարքը կը հանդիպին, կը քննարկեն առկայ խնդիրները եւ համապատասխան որոշումներ կ՚առնեն։ Ժամանակն է վերադառնալ այդ ձեւաչափին։ Այդ ժամանակ հնարաւոր կ՚ըլլայ լուծել երկու երկիրներու տարածքէն ներս կրօնական կառոյցներու վերականգնման եւ բնականոն գործունէութեան վերաբերեալ հարցերը», ըսաւ ռուս մետրապոլիտը։
ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հրադադարի համաձայնութեան գործնական փուլերուն ընդառաջ, նախագահ Վլատիմիր Փութինի տնօրինութեամբ՝ Ռուսաստան Լեռնային Ղարաբաղի համար պատկան պետական մարմիններու մասնակցութեամբ յատուկ կեդրոն մը ստեղծած է։ Այս կարգադրութիւնը կատարուած է հաշուի առնելով՝ մանաւանդ մարդասիրական առկայ ծանր վիճակը։ Մինչ այդ, Վլատիմիր Փութին շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, այս հեռախօսազրոյցներու ընթացքին քննարկուեցան հրադադարի համաձայնագրով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման գործնական հայեցակէտերը։ Նշուեցաւ, որ հրադադարի դրութիւնը կը պահպանուի եւ շփման գծի վրայ իրավիճակը հանգիստ է։ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին մասնաւորապէս մատնանշած է, որ Ատրպէյճանին վերադարձուելիք տարածքներէն ներս կը գտնուին քրիստոնէական տաճարներ եւ վանքեր։ Ռուս ղեկավարը ընդգծած է այդ սրբավայրերու պահպանութեան եւ բնականոն եկեղեցական կենսագործունէութեան ապահովման կարեւորութիւնը։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, Իլհամ Ալիեւ նշած է, որ Ատրպէյճան այդ մօտեցումով պիտի շարժուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, Փաշինեան շաբաթավերջին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ Կարէն Աբրահամեանի հետ։ Անոնք անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ յառաջիկայ ընելիքներուն։
Նոյնպէս շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Նախարարներն ալ անդրադարձան հրադադարի յայտարարութիւնով նախատեսուած դրոյթներու գործնական իրականացման վերաբերեալ հարցերու՝ ներառեալ, հակամարտութեան գօտիէն ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայումն ու անոնց առաքելութեան արդիւնաւէտ իրականացումը։
Հարկ է նշել, որ Ռուսաստանի խաղաղապահները ամբողջ թափով կը տեղակայուին հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս։ Շաբաթավերջին Երեւան հասաւ եւս 20 օդանաւ՝ փոխադրելով ռուս խաղաղապահ զօրքի զինուորներն ու համապատասխան սարքաւորումները, փոխադրամիջոցները։ Ռուս խաղաղապահներուն կարեւոր մէկ մասը Հայաստանի տարածքը հատելով կը հասնի հակամարտութեան տարածքաշրջան։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Անգարայի մէջ եզրափակուեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի բանակցութիւնները։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած էին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս թուրք-ռուսական համատեղ դիտորդական կեդրոնի մը ստեղծման վերաբերեալ հարցեր։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, շաբաթ կէսօրուան ժամերուն բանակցութիւնները եզրափակուեցան ապարդիւն ձեւով։
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուեցաւ, թէ հրադադարի համաձայնութեան իրականացման գործընթացին Թուրքիա կը հետեւի անմիջական ուշադրութեամբ։ Համաձայնութեան պայմաններէն որեւէ զիջում կատարուիլը անթոյլատրելի է Անգարայի տեսակէտէ։ Անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիա դարձեալ ամէն տեսակ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Ատրպէյճանին։
Նախարարութեան այս յայտարարութենէն վերջ, յետմիջօրէի ժամերուն համատեղ կեդրոնի ստեղծման վերաբերեալ քննարկումները վերսկսան։ Թեքնիկ բնոյթով տեսակցութիւններու աւարտին տեղեկացուեցաւ, որ կը ծրագրուի յառաջիկայ օրերուն շարունակել բանակցութիւնները։