ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

27 սեպտեմբեր 2020-ը մեր նոր ժամանակներու պատմութեան շրջադարձային թուականը դարձաւ: 27 սեպտեմբերին մեր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ, էջ մը որ շատերուս համար յուսադրական եւ փայլուն պիտի ըլլար, սակայն 9 եւ 10 նոյեմբերի օրերը եկան այդ էջը սեւցնելու եւ դարձնելու թերեւս մեր պատմութեան ամենէն վատ եւ տժգոյն ու ամօթալի ժամանակաշրջանը:

Այսօր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ ահաւոր կերպի անորոշութիւն մը: Անորոշութիւն՝ ներկայի նկատմամբ, անորոշութիւն՝ ապագայի նկատմամբ, անորոշութիւն՝ ամէն ինչի նկատմամբ, եւ շարքը կարելի է երկարել: Իսկ այդ բոլոր անորոշութիւններուն պատճառն ու աղբիւրը նոյեմբեր 9 եւ 10 ըլլալէն առաջ, կարծէք թէ 2018-ի գարուն էր՝ Հայկական Գարունը…

9-10 նոյեմբեր 2020 մեր պատմութեան ամենէն ամօթալի թուականները: Տաւուշի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանը կիրակի օր (22 նոյեմբեր) իր տուած քարոզին մէջ այսպէս կ՚արտայայտուէր. «Անցեալ կիրակի եւ հաւանաբար ասկէ ետք ամէն անգամ խօսած ժամանակ ես պիտի յիշեցնեմ, որ մեր օրացոյցին մէջ 10 նոյեմբերը [2020] պիտի մնայ ամօթի եւ խայտառակութեան օր, ու մենք պիտի ընդունինք ատիկա, ո՛չ թէ ընդդիմանանք, ո՛չ թէ փորձենք խուսափիլ, տակաւին՝ յոխոռտալ, վրէժի կոչել, աջ ու ձախ մարդոց մեղադրել, եւ ներողութիւն չխնդրել սեփական մեղքի համար: Եւ այո՛, պիտի մնայ ամօթի եւ խայտառակութեան օր: Ով ինչպէ՛ս կ՚ուզէ թող ընդունի սա, ինչպէ՛ս կ՚ուզեն. կ՚ուզեն թող վիրաւորուին, չվիրաւորուին, մեծ-մեծ խօսին, ծրագիրներ կազմեն, բացարձակապէս իմաստ չունի, ատիկա պիտի արձանագրուի ու մտնէ մեր ազգային օրացոյցին մէջ: Եւ ասիկա կը պնդեմ, կ՚ըսեմ ու կը հաստատեմ. որովհետեւ, մինչեւ մենք պարտութեան դառնութիւնը իր ամողջական հետեւանքներով չընդունինք, մենք չենք կրնար հասկնալ, թէ ի՞նչ է յաղթանակը, մենք մինչեւ խաչելութեան դառնութիւնը իր ամբողջ պարունակութեամբ չընդունինք, մենք չենք կրնար հասկնալ, եւ ունենալ եւ ըմբռնել, թէ ի՞նչ է Յարութիւնը: Այդպէս չ՚ըլլար. դառնութեան ամենէն խորքը, յատակը, ցմրուր, մինչեւ վերջ պէտք է իջնենք, որպէսզի կարենանք վեր բարձրանալ»:

Ամօթի եւ խայտառակութեան օր, ինչ բանի համար ո՛չ մէկը պատասխանատու գտնուեցաւ: Անշուշտ «գլխաւոր պատասխանատու» կամ «պատասխանատուներ» յայտնուեցան, բայց մի միայն խօսքի սահմաններուն մէջ եւ ո՛չ աւելին: Իսկ սա այն բանի հետեւեանքն է, որովհետեւ ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ չե՛ն գիտեր ու չե՛ն ըմբռներ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ պատասխանատուութիւն, պատասխանատու ըլլալ եւ պատասխանատուութիւն կրել:

Անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին անպատասխանատուութեան ահաւոր ալիք մը բարձրացած էր, որ 2018 թուականի գարնան շարժումի հետեւանքով շատերու մօտ յոյս մը արթնցաւ, թէ ժամանակը եկած է ի վերջոյ, որ մենք եւս՝ մեր երկրին մէջ ապրինք որպէս քաղաքակիրթ եւ արժանապատիւ հայ: Սակայն, այն ինչ պատահեցաւ անցնող աւելի քան երկուքուէս տարիներու ընթացքին պարզապէս շարունակութիւնն էր նախորդ տարիներու անպատասխանատուութեան, սակայն սուտի, կեղծիքի, արդարութեան, օրէնքի, քաղաքակրթութեան, ժողովրդավարութեան քօղով ծածկուած: Աւելի քան երկուքուէս տարի խոստումներ տրուեցան, երազանքեր փայփայուեցան, հզօր եւ բարօր Հայաստան մը ունենալու խաբկանքը տրուեցաւ, սակայն այդ բոլորին դիմաց ունեցանք ճի՛շդ հակառակը, ունեցանք նոյնիսկ մեր չպատկերացուցածը, ունեցանք նոյնիսկ ան՝ որ ո՛չ մէկուս միտքով իսկ չէր անցներ, բայց եւ այնպէս այսօր ունինք այն ինչ ունինք եւ պէտք չէ յուսահատինք, որովհետեւ յուսահատութիւնը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի վերջնական անկում եւ կորուստ:

Միւս կողմէ սակայն պէտք է լաւապէս գիտակցինք եւ հասկնանք, որ մենք ՊԱՐՏՈՒԱԾ ենք: Պարտուած ենք բոլոր առումներով, ֆիզիքական, հոգեբանական, բարոյական, եւ այլն: Պարտուած ենք, որովհետեւ շուրջ երեսուն տարիներ մենք մեզի համար ստեղծած էինք անպարտելի ըլլալու խաբկանքը, թէ մեզի հնարաւոր չէ յաղթել, թէ մենք ամուր ենք՝ զօրաւոր ենք մեր լեռներուն մէջ, այս բոլորով հանդերձ սակայն՝ մենք պարտուեցանք, քանի որ երեսուն տարի մենք մեր մէջ աճեցուցած, մեծցուցած ու զարգացուցած էինք ներքին թշնամին, որ արտաքին թշնամիէն շատ աւելի վտանագաւոր ու բարբարոս է, եւ իր բարբարոսութիւնը յայտնեց մէկ ստորագրութեամբ: Այո՛, մէկ անձի ստրոագրութիւնը դրոշմուեցաւ թղթակտորի մը վրայ, սակայն այդ ստորագրութեան մեղաւորութիւնը կ՚իյնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ, քանի որ մենք էր, որ այդ բարբարոսը, այդ ներքին թշնամիին առիթ տուինք այստեղ հասնելու, մենք է, որ երեսուն տարի շարունակ աչք փակեցինք եւ թոյլ տուինք ներքին տականքին, որպէսզի հասնի այստեղ եւ համարձակութիւն ունենայ ամբողջ ազգ մը պարտութեան մատնել…:

Պարտութիւնը արձանագրուած է այլեւս եւ չենք կրնար զայն ուրանալ, բայց պէտք է լաւապէս քննենք ու տեսնենք, թէ ինչո՞ւ պարտուեցանք եւ ի՞նչ բանի պարտուեցանք: Անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին ներքին թշնամին մեզ ստրկացուցած էր, իսկ վերջին երկուքուէս տարիներու ընթացքին այդ նոյն թշնամիին լիիրաւ յաջորդը մեզ զրկեց տրամաբանելու ունակութենէն՝ ամբողջ ժողովուրդ մը հիպնոսացնելով, եւ արդիւնքը եղաւ այն՝ ինչ որ այսօր ունինք, պարտութիւն, այն ալ ամօթալի ու խայտառակ պարտութիւն: Դարձեալ խօսքը տամ Բագրատ Սրբազանին եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ բանի պարտուեցանք: Եւ այսպէս.

«Կ՚ըսեմ՝ մենք մեղքին պարտուեցանք, ու այս շարքին վրայ՝
ճշմարտութիւնը սուտին պարտուեցաւ,
ազնուութիւնը՝ կեղծիքին,
երփներանգը՝ սեւ ու սպիտակին,
պետական գործիչը՝ պլոքերին,
իրական Հայաստանը՝ ֆէյսպուքեան Հայաստանին,
ուղղամտութիւնը՝ չարամտութեան,
ազգայինը՝ համաշխարհայիններուն,
քրիստոնէականը՝ ապաքրիստոնէականին,
սեռը՝ անսեռութեան,
դէմքը՝ անդիմագիծին,
ուղղութիւնը՝ անորոշութեան,
պատասխանատուութիւնը՝ իրաւունքին,
նաեւ՝ պատասխանատուութիւնը՝ անապատասխանատուութեան,
պատերազմը՝ play station-ի գիտակցութեան.
այդ պատճառով է, որ մենք հիմա այստեղ կը գնտուինք»
(հատուած՝ կիրակի օրուան քարոզէն, 22 նոյեմբեր 2020):

Իսկ կիրակի, 15 նոյեմբեր 2020-ի իր քարոզին մէջ Բագրատ Սրբազանը կ՚ըսէ.

«Մենք 44 օր յաղթանակի, տագնապի, կորուստներու եւ ձեռքբերումներու հովիտին մէջ ապրեցանք:

Այդ 44 օրերու ընթացքին ես շուրջ 20 օր Արցախի մէջ էի, մնացած օրերը այստեղ՝ մեր համայնքներուն մէջ, մեր զաւակները յուղարկաւորելու ու մեր ընտանիքները մխիթարելու:

Երեւի եղայ նաեւ վերջին ո՛չ զինուորական անձը, որ Շուշին ձգեց, լքուած Ստեփանակերտը տեսաւ, մեր պատմութիւնը ապրեցաւ իր ամբողջ բովանդակութեամբ, ու հասկցաւ, որ ճիշդ այսպէս ալ պիտի ըլլար:

10 նոյեմբերը պիտի դառնայ ու ընդգրկուի մեր յիշատակներուն ու յիշեցումներուն ցանկին մէջ եւ պիտի նշուի որպէս ամօթի եւ խայտառակութեան օր: Իւրաքանչիւր հայ մարդ այդ օրը պէտք տեսնէ, զգայ, ապրի՝ որպէս յիշեցում մեր մեղքին ու մեր պարտութեան:

Բոլոր անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ մենք յաղթած ենք՝ կը ստեն, ստախօս են ու մեղքը ա՛լ աւելի կը խորացնեն: Մենք պարտուած ենք: Եւ մինչեւ ամենէն խոր կերպով չընդունինք, որ պարտուած ենք, մենք դարձեալ պիտի պարտուինք, եւ յաղթանակի ու վերականգնումի, վերանորոգութեան եւ վերասրբագրումի բացարձակ ո՛չ հնարաւորութիւն, ո՛չ յոյս եւ ո՛չ ալ տեսիլք կ՚ունենանք: Այո՛, մենք պէտք չէ վախնանք ըսելու, որ պարտուած ենք:

Մենք մեղքին պարտուած ենք:

Գաղափարական իմաստով այս մէկը այս ամբողջ ժամանակահատուածին փիլիսոփայութիւնն է. երեսուն տարի շարունակ՝ ներառեալ վերջին երեք տարին, մենք մեզ ներսէն ու դուրսէն ո՛չ թէ վերակառուեցեցինք որպէս հաւաքականութիւն, այլ՝ մեր բոլոր ապրումները, զգացումները՝ որպէս ամբողջութիւն, որպէս պետութիւն, անհատներու եւ ժողովուրդին վրայ ձգեցինք: Ժողովուրդը մեղադրեցինք եւ նաեւ չտուինք այն պատշաճ պատիւը, որուն արժանի էր այս ժողովուրդը, թափառական դարձուցինք, ողորմութիւն խնդրող դարձուցինք, դիմադրողականութենէ զրկուած դարձուցինք եւ ամբարտաւան, հպարտ անօրէն զանգուած մը դարձուցինք:

Այո, մենք մեղքին պարտուեցանք եւ այս պատճառով.
մեր պետութիւնը անհատին պարտուեցաւ,
մեր բանակը՝ զինուորին,
հաշտութիւնը՝ թշնամութեան,
արդարութիւնը՝ անօրէնութեան,
հաւատքը՝ անհաւատութեան,
սէրը՝ ատելութեան,
խոնարհութիւնը՝ ամբարտաւանութեան,
հեզութիւնը՝ հպարտութեան,
հոգին՝ «դուխ»ին,
ու ո՛չ ոք պատասխանատուութիւն կրեց:

Մենք երկիր չկառուցեցինք, մենք երկրի պատրանքը տուինք մեր ժողովուրդին:

Ուշքի՛ եկէք, ժամանակը մեր օգուտին համար պիտի չաշխատի: Վերցուցէ՛ք ատելութեան այս մթնոլորտը, հանդարտեցէք պահ մը: Դադար տուէք, հասկնալու համար, թէ մեր կեանքին մէջ ի՞նչ տեղի ունեցած է»:   

«Ատելութեան մթնոլորտ»… Համազգային աղէտի առաջ կանգնած ենք՝ որը կիսով չափ արդէն ապրեցանք, սակայն ատելութիւնը, որ մանաւանդ վերջին երկուքուէս տարիներու ընթացքին աներեւակայելի կերպով աճած է մեր երկրին մէջ, կը շարունակէ աւերներ գործել մեր կեանքին մէջ, աւելին՝ կը շարունակէ լուրջ սպառնալիք հանդիսանալ ու մնալ մեր ապագային: Եւ այս ատելութեան ալիքին դիմաց ահաւոր կերպի անորոշութիւն կը տիրէ մարդոց ներաշխարհին մէջ: Այսօր բազմաթիւ հայորդիներ անորոշութեան մէջ յայտնուած են, այն գիտակցութեան հասնելով, թէ մենք դժբախտաբար չունինք իշխանութիւն, չունինք ղեկավարութիւն, իսկ այն ինչ ունինք՝ պարզապէս աթոռաստրուկներ են, որոնք ժողովուրդը իր բախտին ձգած ամէն կերպ կը փորձեն պահել ու պահպանել իրենց աթոռը…: «Ատելութեան մթնոլորտ»ին նպաստեց նաեւ վերջին երկուքուէս տարիներուն բացայայտ հալածանքն ու մերժումը ազգայինին, հայկականին, հաւատքին ու բարոյականութեան, բարեփոխումներու անուան տակ ամէն տեսակի այլանդակութեան ականատեսը դարձանք, հզօրանալու խաբկանքին դիմաց՝ մեր ունեցած փոքր ի շատէ ուժն ալ կորսնցուցինք եւ բարոյաքանդեցինք մեր ամրութեան հիմքերը: Ժամանակն է սթափելու, զգաստանալու եւ մտածելու մեր ներկային ու ապագային մասին:

Ի վերջոյ մէկ բան յստակ պիտի հասկնանք, որ եթէ որպէս ժողովուրդ կ՚ուզենք մեր գոյութիւնը ու յարատեւութիւնը պահպանել՝ ստրկամտութենէն, անձնապաշտութենէն պիտի հեռանանք եւ անձերը աւելի վեր ու կարեւոր չդասենք՝ քան մեր ազգային գոյութիւնն ու պահպանութիւնը: Անորոշութեան յաղթահարումին ճանապարհը կը սկսի ճի՛շդ այս կէտէն, որ այլ կերպով կրնանք բնորոշել որպէս միտքի ազատագրում…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 նոյեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020