ԼԸՄՈՒԱՆ. «ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅ ԿԷՏԵՐ»

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանը։ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրող օդանաւով ան մեկնած էր Երեւան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։ Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ տեսակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Տեղահանեալներու եւ վիրաւորեալներու այցելութեան ալ փութաց Լըմուան, որ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց Երեւանի մէջ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լըմուան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած եռակողմանի յայտարարութեան եւ յայտնեց, որ անոր բովանդակութեան մէջ կը բացակայի Արցախի ապագայի կարգավիճակին կէտը։ Ըստ իրեն, Փարիզի ուշադրութեան առարկայ է նաեւ հակամարտութեան տարածքաշրջանէն վարձկաններու դուրսբերման հարցը։ Հրադադարի համաձայնութեան բացակայ կէտերը մատնանշելու զուգահեռ՝ Ժան-Պաթիստ Լըմուան անհրաժեշտ համարեց, որպէսզի գործընթացի շարունակութեան ներգրաւուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի բոլոր կողմերը ու կարելի ըլլայ հասնիլ հակամարտութեան տեւական լուծման՝ կայունութեան եւ անվտանգութեան առումով։

Մինչ այդ, Արա Այվազեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին նախատեսուած է նախարարներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ։

Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ շաբաթավերջին տեսակցեցաւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար Ռուստամ Մուրատովի եւ Կարմիր խաչի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020