ՆԱՄԱԿ՝ ՓՈՒԹԻՆԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Այս առթիւ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանէ ներս գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցին վրայ։

Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի, սակայն այդ նոյն համաձայնութիւնով նախատեսուած գերիներու եւ պատանդներու վերադարձը շաբաթներէ ի վեր կը յապաղի, ինչ որ հայկական կողմին մօտ վրդովմունքի պատճառ կը դառնայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Արմէն Սարգսեան նամակին մէջ մատնանշած է, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու սփիւռքը խիստ անհանգստացած են Ատրպէյճանէ ներս գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով։ «Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած մեր զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն խնդրի լուծման գործին մէջ», նշուած է նամակի բովանդակութեան մասին հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնաւոր այցելութիւն մը տուած էր Մոսկուա։ «Հայաստան սարսափելի ճգնաժամի մէջ է եւ դուրս գալու համար պէտք է համախմբուիլ», ըսաւ ան ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն Մոսկուա այցելել, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգի վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020