BBC-ԻՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Փորձառու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեան Արցախի լայնածաւալ պատերազմով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին։ «Մենք նոյնիսկ մեր յաղթանակը վերածեցինք պարտութեան։ Ինկանք մեր երազներու եւ անհնարինի ետեւէն՝ կորսնցնելով այն հնարաւորը, որ կրնայինք ստանձնել», ըսաւ Լիպարիտեան հարցազրոյցին մէջ։

Ան այն եզակիներէն մին է, որ վերջին պատերազմը կանխատեսած էր եւ նոյնիսկ զգուշացուցած՝ Թուրքիոյ հաւանական մասնակցութեան մասին։ Սեպտեմբերի սկիզբին Լիպարիտեան ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն շաբաթներ առաջ հրապարակած էր համապատասխան բովանդակութիւնով յօդուած մը։ Ըստ իրեն, ան ո՛չ միայն իր յօդուածով զգուշացուցած է, այլեւ՝ անձամբ փոխանցած է իր մտահոգութիւնները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկուն։ Այս կապակցութեամբ որոշ մանրամասնութիւններ մէջբերելէ վերջ Լիպարիտեան ըսած է հետեւեալը. «Շատերուն կը թուէր, թէ պատերազմը խաղ է, միայն հերոսներ կը ծնի եւ պատերազմով է, որ մենք պէտք է ապացուցանենք մեր հայրենասիրութիւնն ու հերոսութիւնը։ Իրականութեան մէջ, սակայն, պատերազմը զոհողութիւն է, եթէ, ի հարկէ, դուք ձեզ կը զոհէք, ո՛չ թէ ձեր հարեւանի որդին»։ Լիպարիտեան ընդգծած է, որ Փաշինեանի վարչախումբի բանակցութիւններէ խուսանաւելը կը վկայէր պետական մտածելակերպի բացակայութեան մասին։

BBC-ին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան քանիցս յստակ ընդգծած է, որ հայկական կողմը վերջին պատերազմին պարտուած է իր դիւանագիտական սխալներու, չհիմնաւորուած եւ թիւր հաշուարկներուն պատճառով։

«Հրադադարէն ի վեր միջազգային համայնքը մեզի շարունակ կ՚ըսէր, որ չի ճանչնար Ղարաբաղի անկախութիւնը… Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի առաջարկած տարբերակները հիմնուած էին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ։ Սա յստակ էր։ Գերտէրութիւններու այս մօտեցումը բանակցութիւններու ընթացքին երբեք չէ փոխուած։ Անփոփոխ է նաեւ միջազգային համայնքի համոզումը, թէ հայկական կողմը պէտք է վերադարձնէ Ղարաբաղի յարակից եօթ շրջանները Ատրպէյճանին։ Հայաստանի որեւէ վարչակազմ չէ յաջողած հակառակ ուղղութեամբ համոզել միջազգային հանրութիւնը։ Եւ սա ո՛չ թէ ձախողած դիւանագիտութեան հետեւանքն է, այլեւ՝ պետութիւններու մասնաւոր ու հաւաքական շահերու հարց։ Չունենալով միջազգային համայնքի աջակցութիւնը՝ հայկական կողմը պարտաւոր էր աւելի սթափ եւ պաղարիւն գնահատել Ատրպէյճանի յաւակնութիւնները», շարունակեց Լիպարիտեան։

Մինչդեռ, ըստ Լիպարիտեանի, Փաշինեանի վարչակազմը առաւ շարք մը անհարկի քայլեր. օրինակ՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» կոչը, Սեւրի պայմանագրի մասին պատգամները եւ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ» կարգախօսը։ Ան այս բոլորը համարած է սադրանքներ։ Լիպարիտեան աւելցուց. «Հայկական կողմը նաեւ սկսաւ խօսիլ Ատրպէյճանի ապօրինի առաջնորդի եւ Թուրքիոյ բռնապետի մասին… Այսինքն, բանակցութիւններ կը վարես այդ երկիրներու առաջնորդներուն հետ ու կը յայտարարես, որ անոնք օրինական չե՞ն։ Փաշինեանին կը թուէր, թէ հանճարեղ գաղափար կ՚առաջարկէ՝ յայտարարելով, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու համար։ Բայց խնդիրը այն էր, որ ան այդպէս ալ չներկայացուց այդ տարբերակը, որ պիտի ընդունուէր բոլոր երեք ժողովուրդներուն կողմէ։ Ան նաեւ կը կարծէր, որ միջազգային հանրութիւնը Հայաստանը կը պարգեւատրէ՝ ժողովրդավարութեան ուղիով ընթանալու համար եւ կը փոխէ իր դիրքորոշումը եօթ շրջաններու վերադարձի հարցին մէջ։ Սակայն, նման փոփոխութիւնը գոյութիւն ունի միայն աշխարհի վերաբերեալ Փաշինեանի պատկերացումներուն եւ տեսլականին մէջ»։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան յիշեցուցած է, որ զիջումներ չկատարելու, ժամանակ շահելու մօտեցումը այս կամ այն չափով պաշտպանած են Հայաստանի քաղաքական դաշտի գրեթէ բոլոր ուժերն ու վարչակազմերը՝ բացառութեամբ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, որ աւելի քան քսան տարի առաջ կ՚առաջարկէր յարակից շրջաններու մեծ մասը վերադարձնել՝ խաղաղութեան դիմաց, իսկ կարգավիճակի հարցը թողնել ապագային։ «Յաջորդ վարչակազմերը որոշեցին, որ այդ տարածքները կրնան վերադարձուիլ միայն Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման կամ զայն ապահովելիք հանրաքուէի պարագային։ Փաշինեան ա՛լ աւելի հեռու գնաց ու պնդեց՝ նախ եւ առաջ պայմանաւորուիլ կարգավիճակի մասին։ Եթէ անհրաժեշտ ըլլար պատերազմիլ, ապա պիտի պատերազմէինք ու պիտի յաղթէինք։ Որպէս հետեւանք՝ վերջին պատերազմէն յետոյ հայկական կողմը ընդհանրապէս զրկուած է կարգավիճակի հարց բարձրացնելու հնարաւորութենէն։ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, կը փակէ այդ հարցը։ Թէեւ փաստաթուղթին մէջ այս մասին ուղիղ ձեւով  չէ ըսուած, սակայն այդ մէկը հիմնուած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրած է այդ փաստաթուղթը։ Հիմա արդէն ոեւէ մէկը սա չի կրնար փոխել», նշած է Լիպարիտեան։

Շարունակելով հրադադարի յայտարարութեան վերաբերեալ խորհրդածութիւնները՝ Ժիրայր Լիպարիտեան աւելցուցած է. «Երբ նախագահ Փութին եւ միւս առաջնորդները կ՚ըսեն, թէ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշուած չէ, անոնք նկատի չունին հաւանական անկախութիւնը։ Անոնք արդէն յայտարարած են, որ սա անհնար է եւ Ղարաբաղ Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ։ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը հասկնալ կու տայ, որ այլեւս ընտրութիւն չկայ անկախ Ղարաբաղի կամ՝ Ատրպէյճանի մաս ըլլալու միջեւ։ Հիմա արդէն բանակցութիւնները կրնան ընթանալ երկու վարկածով՝ հայկական Ղարաբաղը աշխարհագրակա՞ն, տարածքային միաւո՞ր կը մնայ Ատրպէյճանի տարածքէն ներս, թէ հայերը մշակութային ինքնավարութիւն կը ստանան՝ ինչպէս, ըսենք, Թուրքիոյ կամ Իրանի հայերը, որոնք որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն ունին իրենց եկեղեցին, դպրոցը, գուցէ նաեւ՝ թերթերն ու հայերէնի դասընթացքները, բայց ոչ՝ սեփական տարածքը։ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը այլ կարծիք ունի, վարչապետ Փաշինեան հիմա եւս կը խօսի Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման մասին։ Սա մեր քաղաքական մտածողութեան հիմնական հարցն է, որ գոյութիւն ունի արդէն 200 տարիէ ի վեր։ Մենք կը սիրենք իյնալ պատրանքներու ետեւէն»։ 

Հարցազրոյցի եզրափակիչ բաժնին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան շեշտած է հետեւեալը. «Մենք ժողովուրդին ոչ-ճիշդ տեղեկութիւններ կը հաղորդենք, սխալ վերլուծութիւն կ՚ընենք եւ անիրատես բեմագրութիւնները կը ներկայացնենք՝ որպէս հաւանական լուծում։ Մենք ժողովուրդը կը դրդենք ազգայնականութեան, պետականամէտութեան փոխարէն։ Իսկ յետոյ կ՚ըսենք՝ անոնք չէին ընդունիր խաղաղութիւնը։ Բայց ո՞վ է այս բանին մեղաւորը»։

Ժիրայր Լիպարիտեանի խորհրդածութիւններուն լայնօրէն տեղ տալով BBC-ն ընդգծած է, որ ան մասնակցած, ապա հետեւած է Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն անոնց սկսած առաջին իսկ օրերէն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020