ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքին հետեւելու նպատակով ստեղծուելիք համատեղ ռազմական կեդրոնի հարցին շուրջ։ Ներկայիս աշխատանքներ յառաջ կը տարուին ամենակարճ ժամանակի ընթացքին այդ կեդրոնի գործունէութեան սկսելուն համար։ Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու միջեւ թէեւ նախապէս յուշագիր մը ստորագրուած էր այս նիւթին շուրջ, սակայն գործադրութեան նրբութիւններուն վերաբերեալ մնացած էին տարակարծութիւններ։ Բեմահարթակի ետեւի իրադարձութիւններուն վերջերս արձագանգ հանդիսացած էր «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը։ Այս բոլորէն վերջ, ըստ երեւոյթին, Անգարա եւ Մոսկուա յաջողած են հասարակաց յայտարար մը գտնել։ Այսպէս, Թուրքիա-Ռուսաստան հասարակաց ռազմական կեդրոնի ստեղծման եւ գործունէութեան առանցքներուն վերաբերեալ թեքնիկ մանրամասնութիւններու յստակեցման ուղղեալ քննարկումները հասած են իրենց աւարտին եւ ստորագրուած է համապատասխան փաստաթուղթը։

Այս առաւօտ կատարուած յայտարարութիւնը զուգադիպեցաւ ուշագրաւ ժամկէտի մը։ Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան կարեւոր փուլերէն մէկուն վերջնաժամկէտն էր երէկուան օրը։ Ուշ գիշերին Ատրպէյճանի բանակը արդէն մուտք գործեց Լաչինի շրջանը, Քաշաթաղ։ Աղտամէն եւ Քելպեճերէն վերջ սա երրորդ շրջանն է, որ կ՚անցնի Ատրպէյճանին։ Լաչինի պարագային 5 քիլօմեթր լայնութեամբ միջանցք մը պիտի գործէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար։ Այդ միջանցքը Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ պիտի վերահսկուի։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս փուլին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ ըսաւ. «Թշնամին վտարեցինք մեր տարածքներէն ու նոր իրականութիւն մը ստեղծեցինք։ Բոլորը պիտի ընդունին այս իրականութիւնը։ Այժմ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են անոնք, որոնք կը բնակին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Անոնք պիտի տեսնեն, թէ Ատրպէյճանի պետութենէն ներս աւելի լաւ պիտի ըլլայ իրենց կեանքը»։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ներկայիս կը ծրագրէ մայրուղի մը կառուցել մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանը։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս մայրուղին ապագային կրնայ շարունակուիլ Հայաստանի սահմանէն մինչեւ Նախիջեւան։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը քանի մը օր առաջ ալ յայտարարած էր, որ Շուշիի եւ Ֆիզուլիի մէջ ալ պիտի կառուցուի մայրուղի մը՝ 101.5 քիլօմեթր երկարութեամբ։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի Մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով երէկ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատմական եւ մշակութային յուշարձանները կը պահպանուին եւ հասանելի կ՚ըլլան բոլոր համայնքներուն համար՝ ներառեալ հայերը։ «Մշակութային ժառանգութեան բոլոր յուշարձանները, անկախ իրենց ծագումէն, կրօնական պատկանելիութենէն, կը պահպանուին, կը վերականգնուին եւ կը յանձնուին երկրի բոլոր համայնքներու շահագործման՝ ներառեալ հայ համայնքը», ըսաւ նախարարը, որ խօսեցաւ նաեւ մասնաւորապէս Դադիվանքի մասին։ Ան վստահեցուց, որ եկեղեցին հասանելի պիտի ըլլայ հայ համայնքին։

Հարկ է յիշեցնել, որ այս առաւօտեան հաղորդումներէն առաջ, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ ալ ուշագրաւ հրապարակումներ ըրած էին։ Այսպէս, տեղեկացուած էր, որ Թուրք զինեալ ուժերը կ՚աջակցին Ատրպէյճանի սակրաւորներուն՝ այդ երկրի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու ականազերծման հարցին մէջ։ Թուրք մասնագէտները նաեւ Ատրպէյճանի զինուորականները պիտի վերապատրաստեն։ Հայկական զօրքերուն կողմէ դատարկուած տարածքներէն ներս ականազերծման աշխատանքները արդէն սկսած են։

Այս իրադարձութիւնները հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, որ յառաջիկայ շրջանին Անգարա դաշտի վրայ լուրջ ազդեցութիւն ու ներկայութիւն պիտի ունենայ։ Մոսկուայի կողմէ տրամադրուած տուեալներու ալ լոյսին ներքեւ՝ նախապէս կը հաղորդուէր, որ Թուրք զինեալ ուժերը միայն օդէն պիտի վերահսկեն հրադադարը եւ դաշտի վրայ ներկայութիւն պիտի չունենան։ Մինչդեռ, արդէն ընթացքը, ըստ երեւոյթին, բոլորովին տարբեր է եւ կը վերահաստատուին Անգարայի մօտեցումները։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2020