ԼՈՒՎՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԱՃՈՒՐԴԸ

Լուվր թանգարանը աճուրդի կը հանէ «Մոնա Լիզայի»՝ առանց ցուցափեղկի ստուգումը։ Այսպէս, Փարիզի Լուվր թանգարանը աճուրդի կը դնէ ժամանակակից նկարիչներու աւելի քան քսան աշխատանք, ինչպէս նաեւ եզակի ծառայութիւններ՝ «հազուագիւտ փորձը վերապրելու համար», այդ կարգին՝ «Ճոքոնտա» («Մոնա Լիզա») կտաւի ամենամեայ ստուգման ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւնը, երբ զայն դուրս կը բերեն յատուկ պաշտպանիչ ապակիի տակէն։ Այս մասին յայտարարուած է «Christie՚s» աճուրդատան յայտարարութեան մէջ:

Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Լուվր թանգարանը աճուրդի կը հանէ 24 իր, ներառեալ ժամանակակից նկարիչներու կողմէ տրամադրուած աշխատանք, թանգարանի կողմէ տրամադրուող եզակի առաջարկներն ու ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ համաշխարհային ապրանքանիշերու հետ համատեղ ստեղծուած իրեղէններ:

«Ոչ նիւթական» բառացիկ բախտ մըն է ցուցափեղկէ դուրս բերուելու ընթացքին «Մոնա Լիզայի» ստուգման ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւնը: Բաց աստի, գնորդը թանգարանի տնօրէնի հետ միասին կրնայ դիտել գործընթացը:

Աճուրդը նշանակուած է դեկտեմբերի 1-15 թուականներուն «Christie՚s»ի կայքէջին մէջ: Հաւաքուած գումարը կը տրամադրուի թանգարանին մէջ գեղար-ւեստական եւ մշակութային կրթութեան նոր տարածք ստեղծելու համար:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020