ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած հարցում-պատասխանի ժամանակ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման խնդրին կապակցութեամբ։ «Իրաւական սահման՝ որպէս այդպիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնականօրէն արձանագրուած չէ։ Այս պահուն ամբողջ սահմանի երկայնքին վերաբերեալ իրաւական փաստաթուղթեր կը պատրաստուին յառաջիկային սպասուած բանակցութիւններուն համար։ Անոնք մօտակայ շաբաթներուն տեղի պիտի ունենան եւ այդ բանակցութիւններու հիման վրայ երկու կողմերը պիտի յստակեցնեն իրաւական սահմանը», ըսաւ Աւինեան եւ աւելցուց, որ ամենայն հաւանականութեամբ սոյն գործընթացը ի կատար պիտի ածուի՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։ Ան աւելցուց. «Մենք վեր պիտի հանենք այն բոլոր իրաւական փաստաթուղթերը եւ քարտէսները, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան այդ բանակցութիւններուն համար եւ այդ օրակարգով մօտակայ շաբաթներուն տեղի պիտի ունենան բանակցութիւններ։ Կ՚ուզեմ յստակեցնել, որ իրաւական սահմանը՝ որպէս այդպիսին բանակցութիւններու հիման վրայ վերջնական փաստաթուղթի մը տեսքով պէտք է ընդունին երկու կողմերը»։

Փոխ-վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն ընդգծեց, որ Հայաստանի սահմանէն այն կողմ որեւէ տարածքի զիջում չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ։ Իսկ ամբողջ սահմանի երկայնքով հայկական զինեալ ուժերու տեղակայումները տեղի պիտի ունենան պայմանաւորուածութիւններու եւ բանակցութիւններու հիման վրայ։

Տիգրան Աւինեան բացատրեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ տեղի ունեցածները կը համարուին ժամանակաւոր գործընթաց մը։ Այդ բոլորը իրաւական ու վերջնական տեսք պիտի ստանան բանակցութիւններու արդիւնքով, սահմանազատման փաստաթուղթի մը ձեւաչափով։ Ան յիշեցուց, որ սահմանազատումը բաւականին բարդ գործընթաց մըն է։ «Մենք նոյնպէս մեր հարեւան երկիրներու հետ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճան իր հարեւան երկիրներու հետ այդ գործընթացը վերջնականօրէն չէ իրականացուցած», ըսաւ Տիգրան Աւինեան եւ աւելցուց, որ աշխատանքներու հիմքին պիտի գտնուին փաստաթուղթեր եւ քարտէսներ, որոնք ընդունուած են 20-րդ դարասկիզբին։ Կան նաեւ այլ փաստաթուղթեր բանակցութիւններու սեղանին վրայ եւ այդ հիմնաւորումներով կողմերէն իւրաքանչիւրը պէտք է իր փաստարկները ներկայացնէ, քննարկումներ ծաւալուին եւ իրականացուի սահմանազատման գործընթացը։

Տիգրան Աւինեան առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ Սոթքի ոսկիի հանքավայրի հարցին։ Ըստ իրեն, հանքավայրի տարածքի մէկ հատուածէն ներս ճշգրտում տեղի ունեցած է եւ կողմերու զինեալ ուժերը աւելի ճշգրիտ դիրքաւորուած են։ Վարչական շէնքը կը գտնուի հայկական կողմին մէջ։ Ըստ Աւինեանի, հանքի շահագործման վերաբերեալ հարցերը նոյնպէս ունին իրաւական հիմնաւորումներ եւ համապատասխան փաստաթուղթեր։ Այս բոլորը նոյն ձեւաչափով բանակցային գործընթացի մը առարկաները պիտի հանդիսանան։ Փոխ-վարչապետը դիտել տուաւ, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը պիտի ամբողջականացուի ընթացքին։

Բաց աստի, ան Ազգային ժողովի ամպիոնէն դիտել տուաւ, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ իրենց ռուս գործընկերները բոլոր հատուածներէն ներս մասնակցութիւն կը բերեն համապատասխան գործընթացներուն։ Ժամանակաւոր լուծումները պէտք է հաստատուին իրաւական փաստաթուղթերով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020