ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ա­զա­տու­թիւն»ը՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւնն է՝ գոր­ծե­լու կամ չգնոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ ու ան­կա­խօ­րէն վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Այս սահ­մա­նու­մէն կը հե­տե­ւի, թէ հա­ցը, ջու­րը եւ օ­դը ի՛նչ որ է մար­դուս մարմ­նին, ֆի­զի­քա­կան էու­թեան հա­մար, ա­զա­տու­թիւ­նը նոյնն է մար­դուս մտա­ւոր կեան­քին հա­մար։ Ե­թէ մար­մի­նը կը սնա­նի հա­ցով եւ ջու­րով եւ ֆի­զի­քա­կան էու­թիւ­նը կը գո­յա­տե­ւէ շնչե­լով, բա­նա­ւոր ու ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած մար­դուն հա­մար՝ մտքին աճ­ման ու զար­գաց­ման հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է ա­զա­տու­թիւ­նը։

Ա­զատ մար­դը ար­դա՛ր է, ա­զատ մար­դը իր ան­ձին տէ՛րն է։

Ինք­նա­կա­մու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւր ոք տէ՛ր է իր իսկ ան­ձին։ Զօ­րու­թիւն մը, նե­րուժ մըն է ա­զա­տու­թիւ­նը մար­դուն մէջ՝ որ հաս­տա­տուած է ա­ճու­մի եւ հա­սու­նու­թեան՝ ճշմար­տու­թեան եւ բա­րու­թեան մէջ։ Ա­զա­տու­թիւ­նը բարձ­րա­գոյն ար­ժէ­քը, ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնն է մար­դուն։

Ա­զա­տու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ եւ կը հաս­նի իր կա­տա­րե­լու­թեան, երբ կը կար­գաւորուի դէ­պի բարձր ար­ժէք­նե­րու, վե­րին սկզբունք­նե­րու եւ վեր­ջա­պէս դէ­պի Բարձ­րա­գոյն Էու­թիւն՝ դէ­պի Աս­տուած՝ որ մար­դուն ե­րա­նու­թիւնն է։

Այն­քան ա­տեն որ ա­զա­տու­թիւ­նը վերջ­նա­կանա­պէս չէ՛ հաս­տա­տուած իր վերջ­նա­կան բա­րի­քին մէջ, որ Աս­տուա՛ծ է, ան իր մէջ կը կրէ կա­րե­լիու­թիւնն ու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ «ընտ­րե­լու բա­րիին ու չա­րին մի­ջեւ», եւ հե­տե­ւա­բար կա­րե­լիու­թիւ­նը ա­ճե­լու եւ զար­գա­նա­լու կա­տա­րե­լու­թեան մէջ եւ կամ տա­պա­լե­լու՝ սայ­թա­քե­լու եւ մե­ղան­չե­լո՛ւ։ Այս ի­մաս­տով ա­զա­տու­թիւ­նը կը բ­նո­րո­շէ յատ­կա­պէ՛ս մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը։ Ան կը դառ­նայ աղ­բիւր գո­վա­սան­քի եւ կամ պար­սա­ւան­քի՝ ար­ժա­նի­քի եւ կամ ա­նար­ժա­նու­թեան։ Ա­զա­տու­թիւ­նը շրջա­հա­յեաց կ՚ը­սէ մարդս, ա­ւե­լի՛ համ­բե­րող, ա­ւե­լի՛ հան­դուր­ժող, ա­ւե­լի՛ նե­րող, ա­ւե­լի՛ խո­հա­կան եւ ա­ւե­լի ա­ռա­քի­նի ու պար­կեշտ։

Մարդ որ­քան ա­ւե­լի բա­րիք կ՚ը­նէ, ա՛յն­քան ա­ւե­լի ա­զատ կ՚ըլ­լայ։ Ա­զա­տա­միտ մար­դը ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն ու­նի, խիղ­ճը հան­դարտ է եւ միտ­քը բե­ղուն եւ ա­ւե­լի ար­տադ­րող, ա­ւե­լի շի­տակ եւ ա­ւե­լի ուղ­ղա­միտ…։

Ա­զատ մար­դը ան­կախ է ա­մէն ճնշիչ ու­ժե­րէ՝ ո­րոնք կը խան­գա­րեն իր նե­րաշ­խար­հին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ ան­դոր­րու­թիւ­նը։ Ա­զա­տու­թիւ­նը նաեւ ար­դա­րու­թեան նա­խա­պա­յ­ման­նե­րէն մէ­կը եւ նոյ­նիսկ ա­ռաջ­նա­կարգն է, քա­նի որ ա­ռանց ա­զա­տու­թեան ար­դա­րու­թիւն չկա՛յ…։

Ա­զա­տու­թիւ­նը մարդս կը դարձ­նէ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ. ա­զա­տու­թեան բնա­կան հե­տե­ւանքն է պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն, ի՛նչ որ մար­դուս փառքն է, ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թի՛ւ­նը։ Ան որ պա­տաս­խա­նա­տու է, ան մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­նե­րու հա­սած է։ Մէ­կը երբ կը խու­սա­փի պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ, ան «ա­զա­տու­թիւն» վա­յե­լե­լու ար­ժա­նի չէ եւ կ՚ապ­րի որ­պէս «մա­կա­բոյծ», չը­սե­լու հա­մար «ստրուկ», այ­սինքն ցկեանս գե­րու­թեան մատնուած կամ դա­տա­պար­տուած մարդ։ Ի՜նչ ցա­ւա­լի, քա­նի որ ստրուկ­ներ կորսն­ցու­ցած են ի­րենց անձ­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ վի­րա­ւորուած է ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։

Մինչ­դեռ ա­զատ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լալ, իսկ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նալ՝ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տէ՛ր ըլ­լալ…։

Ուս­տի չկա՛յ ճշմա­րիտ ա­զա­տու­թիւն, ե­թէ ոչ ի սպաս բա­րիին եւ ար­դա­րին։ Չա­րիք եւ անհ­նա­զան­դու­թիւն նա­խընտ­րե­լը՝ ա­զա­տու­թեան զեղ­ծումն է եւ կը տա­նի մեղ­քին ստրկու­թեան։ Եւ ստրու­կու­թիւն կը նշա­նա­կէ՝ կորսնց­նել ա­մէն բարձր ար­ժէք։

Ը­սինք, որ ա­զա­տու­թիւ­նը մարդս կը դարձ­նէ պա­տաս­խա­նա­տու իր ա­րարք­նե­րուն՝ այն չա­փով որ ա­նոնք կա­մո­վի՛ն են։ Ա­ռա­քի­նու­թեան ու ազ­նուու­թեան մէջ յա­ռաջ­դի­մու­թիւնն ու զար­գա­ցու­մը, ճա­նա­չու­մը բա­րիին եւ ճգնա­կե­ցու­թիւ­նը կ՚ա­ճեց­նեն կամ­քին տի­րա­պե­տու­թիւ­նը ինքն իր ա­րարք­նե­րուն վրայ։

Ա­զա­տու­թեան մէջ կա­տա­րուած ա­մէն կա­մո­վին ու­զուած ա­րարք վե­րագ­րե­լի է զայն կա­տա­րո­ղին, եւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ա­հա­ւա­սիկ, ան­հա­տը կը բարձ­րաց­նէ «անձ»ի եւ զայն կը հասց­նէ կա­տա­րե­լու­թեան։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ անհ­րա­ժեշտ է ա­զա­տու­թիւ­նը մարդ­կա­յին մտա­ւոր կեան­քին հա­մար։

Ա­զա­տու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ սնունդն է մտքին։

Ա­զա­տու­թիւ­նը կը կի­րար­կուի նաեւ մարդ­կա­յին ա­րա­րած­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Մարդ­կա­յին իւ­րա­քան­չիւր «անձ», ստեղ­ծուած ըստ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին եւ Ա­նոր նմա­նու­թեամբ, ու­նի բնա­կան ի­րա­ւուն­քը ճանչ­ցուե­լու իբ­րեւ ա­զատ եւ պա­տաս­խա­նա­տու էակ։ Ու­րեմն ա­մէն ոք պար­տա­ւո՛ր է իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի հան­դէպ յար­գան­քի այս տուր­քը հա­տու­ցա­նե­լու անխտիր կեր­պով։ Մար­դուս իր ա­զա­տու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լու ար­դար ի­րա­ւուն­քը ան­բա­ժա­նե­լի հար­կա­ւո­րու­թիւն մըն է մարդ­կա­յին ան­ձին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, մա­նա­ւանդ բա­րո­յա­կան, հո­գե­ւոր եւ կրօ­նա­կան հար­ցե­րու մէ՛ջ։

Ա­զա­տու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լու ի­րա­ւուն­քը ճանչ­ցուե­լու է քա­ղա­քա­կա­նա­պէս եւ պաշտ­պա­նուե­լու՝ հա­սա­րա­կաց բա­րի­քին եւ հրա­պա­րա­կա­յին կար­գին սահ­ման­նե­րուն մէջ։

Բայց ա­զա­տու­թեան կի­րար­կու­մը չի՛ պա­րու­նա­կեր ի­րա­ւուն­քը՝ ը­սե­լու ա­մէն ինչ եւ ը­նե­լու ա­մէն բան։ Ա­զատ ըլ­լալ՝ չի՛ նշա­նա­կեր «խել­քին փչած»ը ը­նել եւ ու­զա­ծը խօ­սիլ. ա­զա­տու­թիւ­նը ու­նի սահ­մա՛ն մը, սահ­ման մը, որ է ու­րի­շին ա­զա­տու­թեան տա­րած­քը։

Քրիս­տո­նէա­կան ա­զա­տու­թեան ըմբըռ-նումն ալ տար­բեր չէ ա­զա­տու­թեան տիե­զե­րա­կան ընդ­հա­նուր հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն։ Ըստ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի, ա­զա­տու­թիւ­նը կը տրուի Աս­տուծ­մէ, այ­սինքն «Բնա­կան ի­րա­ւունք» մըն է, ա­մէն մար­դու հա­սա­րակ, ա­մէն ա­ձի յա­տուկ։ «Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցէ՛ք Հօր Աս­տուա­ծոյ, որ մեզ ար­ժա­նի ը­րաւ լոյ­սի թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ բնա­կող իր ընտ­րեալ­նե­րուն վի­ճա­կին մաս­նա­կից դառ­նա­լու։ Մեզ խա­ւա­րի իշ­խա­նու­թե­նէն ա­զա­տեց եւ բե­րաւ իր սի­րե­լի Որ­դիին իշ­խա­նու­թեան  տակ» (ԿՈ­ՂՈՍ. Ա 12-13)։ Այս հա­տուա­ծէն կը հասկ­նանք, թէ ա­զա­տու­թեան հա­մար ու­ղիղ ճամ­բու հե­տե­ւիլ, շի­տակ ան­ձի հնա­զան­դիլ պէտք է։ Ար­դա­րեւ ա­զա­տու­թիւ­նը հպա­տա­կու­թիւն եւ հնա­զան­դու­թիւն կ՚են­թադ­րէ ու­ղի­ղին, շի­տա­կին, ար­դա­րին եւ ճշմա­րի­տին։ Ան որ հնա­զանդ է՝ ա­զա՛տ է, ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նին մէջ կրնայ կի­րար­կել իր կամ­քին պա­հանջք­նե­րը։ Բայց ան որ անհ­նա­զանդ է ար­դա­րին, բա­րիին եւ ճշմա­րի­տին՝ ա­նոր դէմ կը կանգ­նի ար­գել­քը օ­րէն­քին, որ­պէս­զի չխախ­տի հա­սա­րա­կաց խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ան­դոր­րու­թիւ­նը։

«Արդ, ե­թէ Որ­դին ձեզ ա­զա­տէ՝ այն ա­տեն ի­րա­պէ՛ս ա­զատ պի­տի ըլ­լաք» (ՅՈՎՀ. Ը 36)։­

Ու­րեմն ա­զա­տու­թեան ա­կը կա­րե­ւոր է՝ ու­ղիղ, ար­դար եւ ճշմա­րիտ ա­կէ մը բխած ա­զա­տու­թիւ­նը ի­րա­պէ՛ս ա­զա­տու­թիւն է, այլ՝ ա­նիշ­խա­նու­թի՛ւն է։

Ա­զա­տու­թեան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը նրբամտու­թիւն կը պա­հան­ջէ, ա­զա­տու­թեան սխալ կի­րար­կու­թիւ­նը կրնայ վնաս­նե­րու պատ­ճառ դառ­նալ թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ։ Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ ա­զա­տու­թեան գոր­ծա­ծու­թեան մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 21, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015