ԱՐՄԻՆԷ ԿԱԼԵՆՑԻ ԳՈՅՆԵՐԸ
Նկարչուհի Արմինէ Կալենց իր կեանքի վերջին տարիներուն կորսնցուցած էր տեսողութիւնը: Ամբողջ կեանքին ընթացքին նկարած արուեստագէտը չէր կրնար վար դնել վրձինը: Արմինէ Կալենցին հանդիպեցայ 2006 թուականին, իր ամուսինին՝ Յարութիւն Կալենցին անունը կրող փողոցին մէջ իրենց տուն-արուեստանոցը: Ճերմկած մազերով նկարչուհին գոյները առանց տեսնելու կը նկարէր եւ մանաւանդ վարպետօրէն կը գործածէր կապոյտին բոլոր երանգերը՝ «Ես կը զգամ գոյնը,- ըսաւ ան,- պայման չէ որ տեսնեմ»:
Շատ ինքնատիպ այս նկարչուհին տառապանքի ճամբայ մը անցած է Հայաստանի մէջ, եւ երբ փակ դռները բացուած էին անոր ու իր ամուսինին արուեստին առջեւ, ամուսինը հեռացած էր կեանքէն, իսկ ինք նոյն երիտասարդը չէր, ինչպէս Հալէպի, Պէյրութի մէջ, ուր անցած է իր կեանքէն շատ կարեւոր տարիներ:
Այս տարի լրացաւ Արմինէ Կալենցի 100-ամեակը: Այդ տարեթիւը՝ օգոստոս ամսուն, համընկնեաւ Պէյրութի պայթումին յարուցած աղէտին, վիշտին, եւ Պէյրութի եւ Հայաստանի մէջ չնշուեցաւ սիրելի արուեստագէտին յոբելեանը:
Պէյրութի պայթումէն վնասուած էին նաեւ այն շէնքերը, ուր իրենց առաջին ցուցահանդէսները ունեցած են Յարութիւն եւ Արմինէ Կալենցները: Վնասուած էր Պէյրութի Սուրբ Նշան առաջնորդանիստ եկեղեցին, որուն Աստուածամօր պատկերը, որ երկար ժամանակ խորանին վրայ էր, Յարութիւն Կալենցը նկարած է՝ իբրեւ բնորդ ունենալով իր ապագայ կինը՝ նոյնքան տաղանդաւոր նկարչուհի Արմինէ Կալենցը: Երկու հայ նկարիչները պսակադրուած են Սուրբ Նշանի մէջ, բայց երկուքն ալ չեն ծնած Պէյրութի մէջ:
Արմինէ Պարոնեան ծնած է Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի մէջ, 1920 թուականին, արմատներով ատաբազարցի ուսուցիչներ Տիգրանուհի եւ Սարգիս Պարոնեաններու ընտանիքէն ներս: 1915-ին անոր ծնողքը, դարասկիբզի իրադարձութիւններէն հրաշքով փրկուելով, կը յայտնուի Դամասկոս: 1920 թուականի աշնան, երբ Օսմանեան կայսրութենէն ներս կարճատեւ հանդարտութիւն կը տիրէ, Արմինէ Պարոնեանի ընտանիքը կը վերադառնայ Ատաբազար՝ հայրենիքի մէջ կրկին վերահաստատուելու նպատակով: Սակայն շուտով կայսրութեան զանազան վայրերուն մէջ վերստին կը սկսին յուզումները ու անոնք կը հեռանան:
Այդ ընթացքին կը մահանայ Արմինէին հայրը, եւ 22 տարեկան երիտասարդ Տիգրանուհին կը մնայ առանձին՝ իր երկու երախաներուն՝ 6 ամսական Արմիէին եւ անոր մեծ եղբօր՝ Արամին հետ: Զինուորներէն փրկուելով, մայրը ստիպուած կ՚ըլլայ ճանապարհին ձգել իր տղան՝ Արամը, ամերիկեան որբանոցին մէջ եւ շարունակել փախուստը՝ փոքրիկ Արմինէն գիրկը առած: Ան, ի վերջոյ, կը յաջողի ֆրանսական նաւով մը հասնիլ Պոլիս: Վեց տարի այնտեղ ապրելէ ետք, 1926 թուականին, Տիգրանուհին փոքրիկ Արմինէին հետ կը փոխադրուի Սուրիա՝ Հալէպ, ուր անոնց, բարեբախտաբար, կը միանայ Արամը: Կը սկսին թափառական կեանքի դաժան ու ձիգ օրերը, գործէ գործ, քաղաքէ քաղաք:
Արմինէ Պարոնեան վեց տարեկանին Հալէպի մէջ կը յաճախէ Հայկազեան վարժարանը, ուր նախնական կրթութիւն կը ստանայ: Այնտեղ ան կ՚ուսանի մինչեւ 1931 թուականը, երբ ընտանիքը կը փոխադրուի Պաղեստին՝ Երուսաղէմ: Հոս Արմինէն մինչեւ 1933 թուականը կը յաճախէ Երուսաղեմի վանքի Ս. Թարգմանչաց դպրոցը: Ասոնք կարեւոր տարիներ կ՚ըլլան ապագայ նկարչուհիին համար, քանի որ հայոց պատմութեան եւ գրականութեան մասին հիմնաւոր գիտելիքներ իւրացնելուն զուգահեռ ան նաեւ հոգեւոր դաստիարակութիւն կը ստանայ, որ հիմք կը դառնայ յետագային՝ հասուն տարիքին, իր փիլիսոփայական յայտնի շարքերուն ստեղծման: 1935 թուականին ընտանիքը Եղուսաղէմէն կրկին կը փոխադրուի Հալէպ, ուր Արմինէն կը յաճախէ ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ մայրապետներու վարժարանը:
1935-1938 թուականներուն իրականութիւն կը դառնայ արուեստի նուրբ ներաշխարհով օժտուած աղջկան երազը: Ան կ՚այցելէ Հռոմ՝ արուեստի աշխարհ, ուր կը փափաքէր ապրիլ ու արուեստ սորվիլ: Արմինէն կը վերադառնայ Սուրիա՝ վստահ որոշումով, որ նկարիչ պիտի ըլլայ: Սակայն հայ նկարիչ Ժիրայր Օրաքեանը կը համոզէ երիտասարդ Արմինէն փոխել մտադրութիւնը՝ հիմնաւորելով իր տեսակէտը Իտալիոյ մէջ առկայ կեանքի ծանր պայմաններով եւ ֆաշականութեան ամրապնդմամբ: Օրաքեանի համոզմամբ՝ ժամանակակից արուեստը Ֆրանսայի մէջ էր, որ կը ծաղկէր եւ հարկ էր ոչ թէ Իտալիա, այլ Փարիզ երթալ:
Արմինէ Պարոնեան միշտ արուեստին մօտ կեցած մէկն էր, կը սիրէր երաժշտութիւն, գրականութիւն, պար: Շատ տարիներ անց Արմինէն իր յուշերուն մէջ պիտի նշէր, որ եթէ չըլլային Հռոմի եւ Կալենցի ուժեղ ձեռքերը, կ՚երեւի անոր ներուժը այլ կերպ կը դրսեւորուէր:
1938 թուականին Արմինէն կը ծանօթանայ Օննիկ Թօփուզեանին, որ անոր կը յայտնէ Պէյրութ ապրող հայ նկարիչի մը՝ Յարութիւն Կալենցին մասին: Արմինէն անմիջապէս կը մեկնի Պէյրութ: Ֆրանսացի, բայց այդ ժամանակ պէյրութաբնակ նկարիչ Քլոտ Միշլէի արուեստանոցին մէջ ան կը ծանօթանայ Յարութիւն Կալենցին ու կը դառնայ անոր ուսանողը. «Իմ Իտալիաս դարձաւ Յարութիւն Կալենցի արուեստանոցը», յետագային ըսած է ան: Յարութիւն Կալենց (Հարմանտեան) Պէյրութ գացած էր Հալէպէն, ուր ապաստանած էր Կիւրին քաղաքէն:
1939-1940 թուականներուն՝ մէկ տարի Արմինէն, խիստ աշխատանքային ծրագրով մը, կը յաճախէ Յարութիւն Կալենցի արուեստանոցը: Արմինէի զարգացումը այնքան արագ կ՚ընթանար, որ 1939 թուականին հնարաւորութիւն կը ստանայ ընդգրկուելու Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք Համաշխարհային ցուցահանդէսին, Լիբանանի տաղաւարի ձեւաւորումը իրականացնող աշխատանքային խումբին մէջ, որուն հետեւանքով կը ստանայ Լիբանանի կառավարութեան պատուոյ գիրը:
Ուսման աւարտին, մէկ տարի անց, Արմինէն կը վերադառնայ Հալէպ եւ կը սկսի իր ինքնուրոյն աշխատանքը… Հալէպի մէջ ան միակ կին արուեստագէտն էր:
Արմինէն հոս կը ծանօթանայ Ժան Լոֆրէնին, որ Հիւսիսային Սուրիոյ յուշարձաններու պահպանման եւ վերականգնման պատասխանատուն էր ու Հալէպի թանգարանին տնօրէնը: Յետագային անոնք մտերիմ բարեկամներ դարձան: Անոր շնորհիւ Արմինէն ճանչցաւ եւ ուսումնասիրեց Սուրիան: Ժան Լոֆրէն Արմինէին նաեւ ուրիշ մտաւորականներու հետ ծանօթացուց: Ժան Լոֆրէնի եւ անոր ընտանիքին բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ նոյնիսկ Արմինէ Կալենցի՝ Խորհրդային Հայաստան տեղափոխուելէն ետք:
1940 թուականին՝ Հալէպ քաղաքի նշանաւոր «Պարոն» պանդոկին մէջ կը բացուի Արմինէի անդրանիկ ցուցահանդէսը, որու ընթացքին կը վաճառուին անոր ստեղծագործութիւններուն գերակշռող մասը:
1943 թուականին՝ ստեղծագործական կապը Արմինէի ու Կալենցի միջեւ կը շարունակուի. անոնք երբեմն կը հանդիպին. Կալենցը համակ ուշադրութեամբ կը հետեւի Արմինէի ստեղծագործական աճին: Անոնց մէջ սկիզբ կ՚առնեն մտերմիկ յարաբերութիւններ, սէր եւ 2 մայիս 1943 թուականին Յարութիւն Կալենցը եւ Արմինէ Պարոնեանը կ՚ամուսնանան Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ: Պսակին ներկայ քիչերը գիտէին, որ եկեղեցւոյ խորանին նկարը՝ նորափեսայի՝ Յարութիւն Կալենցի Տիրամայրն էր, պատկերին բնորդուհին ալ հարսը՝ Արմինէն: 1944 թուականի փետրուար ամսուն կը ծնի Կալենցներուն առջինեկը՝ Արմէնը:
1945 թուականին Պէյրութի Գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս կը բացուի Արմինէ Կալենցի մեծ ցուցահանդէսը, որ յաջողութիւն եւ լայն արձագանգ կ՚ունենայ: Ցուցահանդէսը կը բանայ Լիբանանի նախագահին եղբայրը` Սալիմ ալ Խուրին, որ անուանի փաստաբան էր:
1946 թուականին հայրենադարձներու առաջին քարաւանով, Կալենցներուն ընտանիքը կը հայրենադարձուի Խորհրդային Հայաստան:
Երեւանի մէջ Կալենցները պզտիկ սենեակ մը կը վարձեն, Արմինէ Կալենց կը դառնայ Խորհրդային Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ: Կը ծնի երկրորդ որդին՝ Սարօ Կալենցը: Արաբկիր թաղամասէն պետութիւնը Կալենցներուն կը յատկացնէ հողակտոր մը, ուր կը կառուցեն իրենց տունը, ըստ Յարութիւն Կալենցի նախագիծին: Հոն կը բնակին մինչեւ կեանքին վերջը. տունը այսօր Կալենցներու տուն-թանգարանն է, ուր նաեւ Սարօ Կալենցի ընտանիքը կը բնակի: Այդ փողոցը, ուր տունը կը գտնուի, այժմ կը կոչուի Կալենցի փողոց:
Հայաստանի այդ տարիներու արուեստի աշխարհին մէջ, սակայն, դիւրին չեն ընդունիր գոյութիւնը երկու տաղանդաւորներուն, որոնք Հայաստանի մէջ չէին ծնած, կը սկսին հալածանքները անոնց հանդէպ, քննադատութիւնները՝ անոնց արուեստին դէմ: Կ՚արգիլեն ցուցահանդէսներու մասնակցիլ, կը զրկեն արուեստի միջոցով հանապազօրեայ հաց վաստկելու հնարաւորութենէն: Սառոյցը կը փշրուի 1950-ականներու վերջերուն:
1962 թուականին Արմինէ Կալենց Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ կը բանայ իր մեծ ցուցահանդէսը, որ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ: Հայաստան ներգաղթելէն քսաներեք տարի անց Աիմինէն կը մեկնի իր ծննդավայրը՝ Սուրիա, ուր կը բնակէին մայրը՝ Տիգրանուհին եւ եղբայրը իր ընտանիքով: Ան կ՚այցելէ իր մանկութեան եւ պատանութեան վայրերը, կը շրջի քաղաքէ քաղաք եւ անդադար կ՚աշխատի: Ան կը վրձնէ Փալմիրայի հինաւուրց յուշարձանները, արաբական գիւղերը, Քեսապը՝ իր հայ բնակիչներով: Արմինէ Կալենցի այս աշխատանքները ցուցադրուեցան Հալէպի Մշակոյթի տան մէջ՝ ի ամրապնդումն հայ-արաբական բարեկամութեան:
1966 թուականին Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ կը բացուի Արմինէ Կալենցի «Ճանապարհորդութիւն Սուրիոյ մէջ» ցուցահանդէսը: 1967 թուականը նկարչուհիի կեանքին մէջ շրջադարձային էր. ան կը կորսնցնէ իր սիրած մարդը, ուսուցիչը, զաւակներուն հայրը՝ Յարութիւն Կալենցը: Մէկ տարի ետք, կը բանայ ցուցասրահ մը, ուր կը ցուցադրէ իր ամուսինին գործերը եւ ինքն ալ անվերջ կը ստեղծագործէ՝ վերագտնելով ինքզինք գեղարուեստի նոր ուղղութիւններուն մէջ: Կը ցուցադրուի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս:
1982 թուականին անգամ մը եւս կը վերադառնայ Սուրիա, յետագայ տարիներուն կը ճամբորդէ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, այլ երկիրներ, ուր հանդիպումներ կ՚ունենայ համայնքի անդամներուն, օտար արուեստագէտներու հետ:
Իր կեանքի գործը ան կը նկատէ իր եւ ամուսինին արուեստին հռչակումը, կը գրէ գիրք մը՝ «Ներիր ինծի, Յարութիւն» խորագրով, ուր տարիներու հեռաւորութենէն անկեղծ զրոյց մը կ՚ունենայ իրենց յարաբերութիւններուն մասին:
22 նոյեմբեր 2007 թուականին Արմինէ Կալենց կը մահանայ Երեւանի իր տան մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան