ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՎԵՐՋ ԵՐԿՈՒՆՔ ՄԸՆ Է
Կեանքը, եթէ ուշադրութեամբ դիտուի իրերը եւ իրողութիւնները, անվերջ երկունք մըն է։ Աւելի յստակ տեսնելով՝ կեանքը դժուարութիւններու, անգութ ուժերու, անդիմադրելի զօրութիւններու, անվերջ ցաւերու եւ վիշտերու մէջ ընթացք մը, եւ մահուան դէմ պայքա՛ր մըն է։ Բայց մարդ մահուան դէմ իր պայքարին մէջ միշտ դատապարտուած է պարտուելու, քանի որ մահը՝ կեանքին ամենէն ճշմարիտ իրականութիւնն է։ Մարդուն մահուան դէմ պարտութիւնը անխուսափելի՛ է, միայն պայքարին տեւողութիւնը անորոշ է։ Արդարեւ, մահուան դէմ պայքարին տեւողութեան անորոշ ըլլալը մարդուն տրուած շնորհ մըն է, քանի որ այդ տեւողութեան անորոշութիւնը քաջալերանք մը կը ստեղծէ, յոյս մը որ տակաւին պիտի ապրի մարդ եւ պիտի շարունակէ այս անողոք պայքարը։
Կեանքը, ուրեմն, այս իմաստով, վերջաւորութիւնը յայտնի թատրերգութիւն մը, բեմադրութիւն մըն է։ Կեանքը «թատրոն» մըն է եւ մարդիկ դերակատարներ, որ յաճախ կը փոխուին, իսկ դերերը միշտ նոյն դերը կը մնայ։ Թատրոն մը՝ որուն վերջաւորութիւնը յայտնի է, բայց երբ պիտի վերջանայ՝ անորո՛շ։
Կեանքը անվերջ երկունք մըն է, քանի որ ան ցաւերով, նեղութիւններով լեցուն է եւ որուն վախճանը մա՛հն է։ Երկունքը, ընդհանրապէս կը վերջանայ ծնունդով, երկունքի նկարագիրն է ծնո՛ւնդ. բայց երբ կեանքի երկունքը մահուամբ կը վերջանայ, արդեօք մահն ալ ծնո՞ւնդ մըն է։
Քրիստոնեային համար այո՛. մահը նոր կեանքի ծնունդ մըն է՝ անմահութեան, յաւիտենական կեանքի ծնո՛ւնդը։ Մահը ժամանակաւոր կեանքէն անժամանակ, յաւիտենական կեանքի անցք մըն է՝ «նոր կեանք»ի ծնո՛ւնդը։
Ապրող մարդու մը համար, երբ նոր օր մը կը ծագի՝ իրեն հետ կը բերէ նոր մտահոգութիւններ, նոր դժուարութիւններ, նոր նեղութիւններ, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ կեանքը գոյատեւել օր մը եւս։ Մարդ քանի որ ընկերային արարած մըն է, պարտաւոր է ո՛չ միայն ինքզինք պահելու եւ պաշտպանելու, այլ նաեւ՝ իր նմանները, իր մերձաւորները, անմիջական շրջանակը։ Այս իսկ պատճառով, ումպ մը ջուրի, պատառ մը հացի համար մեծ պայքար կը մղէ մարդ բնութեան դէմ՝ դժուարութիւններու, արգելքներու դէմ։
Արդարեւ, արտաքնապէս անհոգ եւ երջանիկ մարդ արարածը, ներքնապէս պայքարի մը մէջ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ թէ՛ ինքզինք եւ թէ՛ իր անմիջական մերձաւորներու պաշտպանութեամբ զբաղած է։
Մարդ որքան ալ ուրախութեան խաղերով երգել ձեւանայ, երջանիկ ձեւացնէ ինքզինք, եւ կամ երջանիկ զգայ, մանրամասնութիւն մը կը մատնէ անոր կեանքին ողբերգական կողմը՝ անոր յարաժամ եւ անվերջ վախը կեանքին սպառնացող զանազան վտանգներուն, ապրելու եւ ապրեցնելու համար մղած անվերջ պայքարը գիշեր եւ ցերեկ…։ Եւ այս պայմաններուն մէջ ո՞րքան կարելի է իրապէ՛ս երջանիկ ըլլալ, ուրախութեան երգերով երջանկացնել իր շուրջինները։
Կեանքը որքան շահերով, նո՛յնքան ալ վնասներով, կորուստներով լեցուն է, կեանքը անակնկալներով լեցուն է. անակնկալներ որոնք իրականութեան մէջ ակնկալուած են, բայց մարդկային բնութիւնը անոնք անտեսած է։
Ճշմարտութիւնը, սակայն անտեսելով չ՚անհետիր, ան, տեսնուի կամ չտեսնուի, կարեւորութիւն տրուի կամ չտրուի միշտ կա՛յ։ Ուստի մարդ որքան ալ չմտածէ մահուան մասին, ան միշտ գոյութիւնը կը պահէ, թերեւս միջոցի մը համար անտեսանելի կ՚ըլլայ, բայց երբ ժամանակը հասնի, ժամանակը լրանայ, անմիջապէս ինքզինք կը յայտնէ։ Անխուսափելին, ուր որ ալ ըլլայ, երբ որ ըլլայ, անպայմա՛ն հանդէս կու գայ եւ կը գտնէ մարդը։ Եւ ասիկա ո՛չ միայն մարդուն, այլ բոլոր կենդանի, ապրող էակներու համար չի փոխուիր. ժամանակը երբ լրանայ, տեղը, դիրքը երբեք արգելք չ՚ըլլար «անխուսափելի»ին։
Մարդ, սակայն կը տարբերի միւս ապրող էակներէն, կենդանիներէն. ան գիտակցութիւնը ունի թէ՛ կեանքին եւ թէ մահուան։ Որքան որ կեանքն ալ, մահն ալ խորհուրդներ, անծանօթներ են մարդուն համար, բայց նուազագոյն չափով գոնէ, մարդ գիտակցութիւնը ունի անոնց էութեան եւ գիտէ, որ թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը ճշմարտութիւններ են, քանի որ գիտէ, որ կ՚ապրի եւ գիտէ, որ ի վերջոյ պիտի մեռնի։
Վախի բնազդ մը սակայն կը տիրապետէ մարդուն ամբողջ կեանքի ընթացքին, եւ վախերու սկզբնապատճառն է կորսուելու եւ կորսնցնելու այսինքն մահուան վախը։ Բայց եթէ մահը անխուսափելի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ վախնալ, ինչո՞ւ մտահոգուիլ, քանի որ կեանքի օրէնքն է մահը։ Մարդ անմիջական վտանգի մը պատճառով կը վախնայ, իսկ անորոշ վտանգի մը համար կը մտահոգուի. այս ուղղութեամբ մահը «վտանգ» մը չէ, այլ՝ ճշմարտութի՛ւն՝ անխուսափելի, անայլայլելի ճշմարտութիւն մը, եւ ուրեմն մարդ պէտք չէ վախնայ կամ մտահոգուի բանէ մը՝ որ ճշմարտութիւն է։
Աշխարհի սերտօրէն կապուածներու համար թերեւս տարօրինակ թուի, բայց մահը ո՛չ թէ վտանգ, այլ բարեպատեհ առիթ մը, միջոց մըն է անմահութեան, յաւիտենական կեանք մը ապրելու համար, երբ ժամանակը լրանայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 18, 2020, Իսթանպուլ