ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

«Արդեօ՞ք արդարանալի է՝ արտաքին վտանգի դէպքում
ի կորուստ իր պետութեան աշխատող անհատի ընթացքը:
- Ո՛չ, հազարի՛ցս ո՛չ:
Քանզի ՊԱՐՏՈՒԱԾ պետութիւն, ասել է՝ ԴԺԲԱԽՏ ժողովուրդ» (Գարեգին Նժդեհ)

 

Վերջին մօտ մէկ տարուան ընթացքին յաճախ մտածումներուս մէջ տեղ գտած է այն միտքը, թէ Հայաստանի մէջ 2018-ին կատարուածը ո՛չ թէ յեղափոխութիւն էր, այլ՝ պարզապէս իշխանափոխութիւն, չըսելու համար սեղաններուն տակէն եւ փակ դռներու ետեւէն համաձայնացուած իշխանափոխութիւն։ Թագաժահրը աւելիով խորացուց այդ մտածումը։ Իսկ 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած ու 10 նոյեմբերին ամենէն ստոր ու խայտառակ ձեւով աւարտած պատերազմը այդ մտածումը վերածեց համոզմունքի՝ հաստատ համոզմունքի։

Յեղափոխութիւն՝ ըսել է հինը վանել ու նորով առաջնորդուիլ։ Անշուշտ այդ չի նշանակեր եթէ հինի ժամանակ սխալներ կատարուած են՝ անպատիժ կամ առանց պատասխանատուութեան մնան, ընդհակառկը, նորով հին սխալները մաքրել ու մաքուր ճանապարհով ընթանալ դէպի բարօր ապագայ։ Բայց մեր մօտ ի՞նչ եղաւ... պարզապէս ոչինչ։ Ցոյց տուէք հիներէն գէթ մէկ հոգի, որ պատասխան տուաւ իր սխալներուն համար, գէթ մէկ հոգի..., զուր տեղ մի՛ փնտռէք, որովհետեւ չկայ...

Այս բոլորին դիմաց իշխանափոխութիւն կատարած քայլականները երկուքուկէս տարի շարունակ գրեթէ ամէն օր մեզ հիներով ապրեցուցին, այլ խօսքով՝ հիները ամէն օր ներկայ էին մեր առօրեային մէջ, սակայն մէկ նրբութեամբ՝ խօսքի եւ դիմատետրի սահմաններուն մէջ միայն, որովհետեւ գործնական ո՛չ մէկ քայլ կատարուեցաւ հիները պատասխանատուութեան կանչելու եւ զանոնք մէկ անգամ ընդմիշտ պատմութեան աղբամանը նետելու։ Առ այդ, կարծեմ աւելորդ է այլեւս ըսել թէ 2018-ին յեղափոխութիւն եղած է Հայաստանէն ներս։

Այս բոլորին որպէս եզրակացութիւն հիներուն չափ եւ աւելի նորերը կը կրեն այսօրուան իրավիճակին պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ ըստ իրենց՝ իրենք տեղեակ էին, թէ նախկինները ի՛նչ ըրած են եւ ինչ վիճակի հասցուցած են ամէն ինչ, բայց ատոր դիմաց գետնի վրայ զգալի ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կատարած են։ Պարզապէս հիներուն առանց օրէնքի հակաօրինական արարքները՝ նորերը օրէնքով կատարած են։

Եւ մէկ բան ալ, ճամբաները կուպրապատելը (ասֆալթապատելը), զօրամաս ելակ մտցնելը, սնունդը բարելաւելը, մարդոց թոշակը մի քանի կոպէկով բարձրացնելը (միաժամանակ իրենց հարիւր հազարաւոր պարգեւավճարներ տրամադրելը), բուժաշխատողներուն, ուսուցիչներուն ամսակնները մի քանի ղրուշով բարձրացնելը տակաւին չի՛ նշանակեր, որ այդ բոլորը կրնանք բարեփոխութիւն կոչել։

Պահ մը սթափինք եւ զգաստութեամբ ու առողջ տրամաբանութեամբ մտածենք, թէ անցնող երկուքուկէս տարիներու ընթացքին ի՛նչ փոխուեցաւ մեր կեանքին մէջ (ատելութիւնը նկատի չառած...)։ Խօսելով չէ, խաբելով չէ, խոստումներով չէ, յոյզերով չէ որ բարեփոխում կ՚իրականանայ, այլ՝ գործով, ինչ բանը չկայ ու չկայ։

Ինչ կը վերաբերի վաղուան Հայստանին, բաւական մութ եւ սեւ ամպեր կուտակուած են մեր Հայրենիքի երկնակամարին վրայ, ինչքան ալ հոգիով ու միտքով կոյրեր ու հաշմանդամներ փորձեն ամէն ինչ լուսաւոր ներկայացնել, բայց իրականութիւնը լրիւ տարբեր է, սակայն եւ այնպէս այդ մութ իրականութեան մէջ լոյսի նշոյլ մը փնտռելը մեր ժողովուրդի գոյատեւումին գրաւականն է:

Այսօր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ ահաւոր կերպի անորոշութիւն մը: Անորոշութիւն՝ ներկայի նկատմամբ, անորոշութիւն՝ ապագայի նկատմամբ, անորոշութիւն՝ ամէն ինչի նկատմամբ, եւ շարքը կարելի է երկարել: Իսկ այդ բոլոր անորոշութիւններուն պատճառն ու աղբիւրը նոյեմբեր 9 եւ 10 ըլլալէն առաջ, կարծէք թէ 2018-ի գարուն էր՝ Հայկական Գարունը…

Մենք որպէս պետութիւն այնքան տկար ենք, որ մեր երկրի առաջին դէմքը ամօթալի համաձայնագիրը ստորագրած ժամանակ միտքին ծայրէն անգամ չէ անցուցած ռազմագերիներու հարցը։ Հողերը պէտք էր յանձնուէի՞ն, բարի, բայց գոնէ ատոր դիմաց կարելի էր մինչեւ հողերը յանձնելը ռազմագերիներուն վերադարձը ապահովել... Ու այսքանէն ետք աներեսութեամբ կը շարունակէ լօլօներ կարդալ ու խաբել...

Այսօր (28 նոյեմբեր 2020) Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ մեր առաջին լուսաւորիչներու՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն տօնը։

Այս օրերուն աւելի քան երբեւէ կարիքն ունինք սուրբ առաքեալներուն բերած աստուածային լոյսին՝ բարի լուրին, Քրիստոսի յոյսին եւ լոյս հաւատքին։

Գօտեպնդուինք Քրիստոս Լոյսով, որպէսզի ներքին խաղաղութիւն ձեռք բերելով կարենանք դիմանալ ու յաղթահարել արտաքին նեղութիւնները։

Սուրբ Առաքեալք Աստուծոյ՝ բարեխօս լերուք վասն մեր՝ մեղաւորացս։

Միայն մեր երկրին յատուկ է, որ երկրի առաջին դէմքին տիկինը աւելի կարեւորութիւն ու առաջնահերթութիւն ունենայ քան բանակի հրամանատարը (կամ հրամանատարները), այն ալ պատերազմական իրավիճակի մէջ:

Ինչքան գիտեմ, ըստ մեր երկրի սահմանադրութեան, երկրի առաջին դէմքին տիկինը ո՛չ մէկ իրաւական հենք ունի ռազմական գործողութիւններու կամ ռազմական կեդրոններու մէջ ըլլալու: Բայց եկուր եւ տե՛ս, որ մեր երկիրը իր յատուկ բռնատիրութիւնն ու ամենաթողութիւնը ունի, ըստ որուն առաջին տիկինը այնտեղ գործուղղուած էր «բարոյական» աջակցութիւն տրամադրելու զինուորական ու բանակային սպայակազմերուն:

Ամօթ չունեցող եւ իրականութեան զգացումը կորսնցուցած մարդէն այլ բան սպասելի չէր... Ցաւալին այն է սակայն, որ մեր դրախտավայր երկիրը կը տուժէ գիտակցութիւնը կորսնցուցած այսպիսի ո՛չ բարով ղեկավարի մը պատճառով:

Այ այստեղ է, որ կ՚ըսեն՝ «իշթահիդ քացախ» ու ո՛չ միայն քացախ, այլ... Մարդը փաստօրէն միայն Արցախը ծախելով չէ բաւարարուած, այլ՝ Հայաստանէն ալ կտորներ ծախած է, ընդ որում Սոթքի հանքին կէսը.... Իմ եզրակացութիւնս չէ, այլ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին յայտարարութիւնն է... Տեսնենք վաղը ի՞նչ պիտի իմանանք...

Մեր զաւակներն ու սերունդները պիտի չներեն մեզի, պարզապէս պիտի չներեն։ Մեծ ողբերգութիւն է, որ կ՚ապրինք, որու պատճառը վարչապետի աթոռը զբաղեցնող արարածն է։ Իւրաքանչիւր վայրկեանը, որ ան կը շարունակէ մնալ այդ աթոռին վրայ՝ չարիք է մեր Պետութեան, պետականութեան եւ իւրաքանչիւր սթափ դատող (ոչ զօմպիացած ու ստրուկ դարձած) Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար։

Լաւ մէկը չկայ, որ այդ չկայացած ու խեղկատակ խմբագիրին հասկցնէ, որ պետութիւնը, բանակը, զինուորները եւ հայ ժողովուրդը իր ձեռքին մէջ թուղթի կտորներ չեն, որ ուզածին պէս գրէ, յետոյ հասկնայ գրածը լաւ չէ, թուղթերէն մէկը պատռէ ու շպրտէ, եւ այդպէս շարունակ: Կամակատար մակլաւիկներ գոնէ՛ դուք զգաստացէք, որպէսզի տարիներ ետք ձեր զաւակները ամօթ չզգան, որ ձեր նման ծնողներ ունին, որոնք տարիներ առաջ մեր պատմութեան ամենէն խայտառակ, ամօթալի ու նուաստացուցիչ գործողութիւններուն մասնակցութիւն ունեցած են:

Պահ մը կը փորձեմ կտրուիլ իրականութենէն, ստրկամիտներուն եւ զօմպիներուն կարգավիճակին մէջ մտնել, բայց եւ այնպէս չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենամ միտքս համոզել, որ առողջ, քաղաքակիրթ, գիտակից մարդը ինչպէ՞ս կամ ի՛նչ վստահութեամբ կրնայ պարտուած, հող ծախած ու իր իսկ ժողովուրդին դաւաճանած իշխանութեան հանդուրժէ... ու այդպէս ալ չե՛մ կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ են այն գրաւականները, ըստ որոնց Հայաստանի յետագայ ժամանակահատուածը լաւ ու փայլուն պիտի ըլլայ...

Չեմ գիտեր ինծի պէս զօմպիանալ փորձողներ կա՞ն հասկնալու համար զօմպիլանտի զօմպիապետին արտայայտած անհասկնալի ու անտրամաբանական լօլօները....

Ռազմական գերիին ու ռազմական որճրագործին-մարդասպանին միջեւ տարբերութիւն կայ կարծեմ...

Մեր երկրի գործող առաջին դէմքը երեւի մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ան եզակի անձնաւորութիւնն է, որ ի շահ թշնամիին կը գործէ։ Լաւ աշակերտ է, նախկիններէն լա՛ւ սորված է իր դասը։

Յուսանք, որ մեր ժողովուրդին կրած տառապանքները այսքանով սահմանափակուին եւ երկրի խեղկատակն ու իր թայֆան նոր տառապանքներ չբերեն մեր գլխուն: Ամէն ինչ իրար անցած է: Քաոս կը տիրէ: Վայրկեան առաջ պէտք է սթափինք: Բայց խեղկատակի ներկայութեամբ ո՛չ մէկ դրական փոփոխութիւն կարելի է սպասել կամ յուսալ: Կրնայ ըլլալ ան «ազնիւ», «բարի» մարդ է, բայց այս հանգրուանին իր ներկայութիւնը մեր պետութեան գլուխին պարզապէս չարիք է, չըսելու համար աղէտ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021