ՀԵՌԱՎԱՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ վարակուած է քորոնաժահրով, այս շրջանին իր գործունէութիւնը կը շարունակէ հեռավար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջին օրերուն Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ենթարկուեցաւ ոտքի վիրահատութեան մը, որ անցաւ բարեյաջող։ Ան Լոնտոն մեկնած էր տարեմուտին իր ընտանիքի անդամներուն հետ ըլլալու համար։ Բայց եւ այնպէս, Արմէն Սարգսեանի մօտ նկատուեցան քորոնաժահրի ախտանշաններ։ Կատարուած քննութիւնով ալ հաստատուեցաւ այս պարագան։ Ուստի, Արմէն Սարգսեան մեկուսացաւ եւ դարմանման տակ մտաւ։

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021