ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ կը պատրաստուի շրջագայութեան մը ձեռնարկել դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ։ Այս շրջագայութիւնը նախատեսուած է յաջորդ շաբթուան մէջ։ Ճեւատ Զարիֆ Ռուսաստանի առընթեր շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի վերջ գտնելով Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որու պայմաններով Ռուսաստանի կշիռն ալ բարձրացած է անհամեմատօրէն։ Այս իրավիճակին մէջ տեղի պիտի ունենան Ճեւատ Զարիֆի այցելութիւնները։ Թեհրանն ալ տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներէն մին է։ Երբ Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած է նոր կլիմայ մը, որու պայմաններուն ներքեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը ուրուագծուած է հորիզոնի վրայ՝ Իրանի առջեւ եւս կը բացուին նոր հնարաւորութիւններու պատուհաններ։ Այդ կարելիութիւններէն օգտուելու համար տարածքաշրջանէ ներս աշխուժացած է դիւանագիտական երթեւեկը, շահագրգիռ միւս խաղացողներով հանդերձ։

Իրան յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ արդէն շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրած է Ատրպէյճանի հետ, նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ Հայաստանի վերաբերեալ նախագիծերուն աջակցելու ուղղութեամբ։

Մօտալուտ ուղեւորութեան մասին տեղեկացնելու ժամանակ Ճեւատ Զարիֆ յայտնեց, որ այս շրջանին բանակցութիւններ կ՚ընթանան նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Զարիֆ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ «Մտադիր եմ ուղեւորուիլ երկիրներ, որոնք կրնան իրարու հետ աշխատիլ՝ նպաստելու կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ խաղաղութեան ու կայունութեան հարցը տարածքաշրջանէ ներս», յայտարարեց Ճեւատ Զարիֆ շրջագայութեան ընդառաջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆՈՒՐԿԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ռաշիտ Նուրկալիեւ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու վերականգնումը ձեռնտու է նաեւ հարեւան երկիրներուն համար։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանի պետութիւնները կրնան օգտուիլ այն տարանցիկ հաղորդակցութեան ուղիներէն, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջանակներէն ներս կը վերաբացուին։

«Որպէս առաջնահերթութիւն սահմանուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկաթուղային եւ ցամաքուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը։ Այդ ուղիներէն կրնան օգտուիլ նաեւ հարեւան երկիրները՝ Ռուսաստանը, Իրանը, Թուրքիան եւ Վրաստանը։ Հաղորդակցութեան վերականգնումը հիմնարար նախադրեալներ պիտի ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգեալ հակամարտութեան համապարփակ լուծման համար», ըսաւ Նուրկալիեւ։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021