ՄԱՐԴՈՒՍ ՍԻՐՏԸ ԵՒ ԱՂՕԹՔԸ
Սուրբ գրային իմաստով սիրտը «խորքն է էակին», (ԵՐՄ. ԼԱ 33): Հոն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ Աստուծոյ հետ կամ Աստուծոյ դէմ։ Սիրտը բնակարանն է, ուր ես կամ, ուր ես կը բնակիմ։ Սուրբ գրային ասացուածքով՝ ուր ես «կ՚իջեւանիմ»։ Արդարեւ, սիրտը մեր թաքուն կեդրոնն է, ան անհասանելի կը մնայ թէ՛ մեր միտքին եւ թէ՛ ուրիշին համար. միայն Աստուծոյ Հոգին կարող է զայն խորազննել եւ ճանչնալ։ Ան որոշումին վայրն է, թաքնուած մեր հոգեկան ձգտումներուն խորը։ Ան վայրն է ճշմարտութեան, հոն ուր մենք կեանք կամ մահ կ՚ընտրենք։ Ան հանդիպավայրն է, ուր Աստուծոյ պատկերին նման, մենք ալ կ՚ապրինք յարաբերումի կեանքին մէջ. սիրտը վա՛յրն է ուխտին։
Արդարեւ, Քրիստոնեայ աղօթքը Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ «ուխտի յարաբարութիւն» մըն է Քրիստոսի մէջ։ Ան միատեղ գործն է Աստուծոյ եւ մարդուն, ան կը բխի ե՛ւ Սուրբ Հոգիէն ե՛ւ մեզմէ եւ ամբողջովին կ՚ուղղուի դէպի Հայրը, միութեան մէջ մարդացեալ Աստուածորդիին մարդկային կամքին հետ։ Նոր Ուխտին մէջ, աղօթքը Աստուծոյ որդիներուն կենդանի յարաբերութիւնն է իրենց անհունօրէն բարի Հօր հետ, Անոր Որդի՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիի հետ։ Այս իմաստով աղօթքին ժամանակին եւ տեւողութեան ընտրանքը կախում ունի վճռական եւ սրտին գաղտնիքները յայտնաբերող կամքէ մը։
Արդարեւ, մարդ աղօթքը չ՚ըներ երբ ժամանակ գտնէ, այլ սոյն ժամանակը ինք կը սահմանէ՝ ըլլալու համար Տիրոջ հետ, այն հաստատ վճռակամութեամբ, որ սոյն ժամանակը մարդ ճամբուն կէսին ետ պիտի չառնէ Անկէ, հակառակ փորձութիւններուն ցամաքութեան հանդիպումին։ Կարելի չէ ամէն ատեն մտածական ընել, սակայն կարելի է միշտ մտնել հայեցողական՝ հոգեւոր աղօթքին մէջ, ինչ ալ ըլլայ մեր ընդհանուր վիճակը՝ առողջութեան, աշխատանքի կամ յուզականութեան պայմանները։
Սիրտը վայրն է Աստուծոյ որոնումին եւ հանդիպումին, աղքատութեան եւ հաւատքին մէջ։
Աղօթքէն ներս մուտքը նման է Ս. Պատարագի մէջ մուտքին. «հաւաքել» սիրտը, ամփոփել մեր ողջ էութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ներքեւ, հաստատուիլ Տիրոջ «բնակարան»ին մէջ, որ մե՛նք ենք, արթնցնել մեր մէջ հաւատքը՝ մտնելու համար ներկայութեան մէջ Անոր, որ կը սպասէ մեզի, վար առնել մեր դիմակները եւ ուղղել մեր սիրտը դէպի մեզ սիրող Տէրը, որպէսզի մենք մեզ յանձնենք Անոր, իբրեւ մաքրուելիք եւ կերպարանափոխուելիք ընծայ մը։
Աղօթքը հաւատքի «ակնարկ»ն է սեւեռած Յիսուսի վրայ։ Արդարեւ, Անոր վրայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելը՝ հրաժարիլ է իր «Ես»էն։ Անոր ակնարկը կը մաքրէ մարդուն սիրտը։ Յիսուսի ակնարկին լոյսը կը լուսաւորէ մեր սրտին աչքերը. այս լոյսը կը սորվեցնէ մեզի ամէն ինչ տեսնել Անոր ճշմարտութեան եւ բոլոր մարդոց հանդէպ Անոր ունեցած կարեկցութեան լոյսին մէջ։ Հոգեւոր կեանքը կ՚ուղղէ նաեւ իր ակնարկը Քրիստոսի կեանքին խորհուրդներուն վրայ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ նաեւ «Տիրոջ ներքին ծանօթացումը», որպէսզի զԻնք դե՛ռ աւելի սիրենք, բանանք մեր սիրտը, կապուինք Անոր եւ Իրեն ա՛լ աւելի հետեւինք։
Աղօթքը լռութիւն է. «խորհրդանիշը գալիք աշխարհին», կամ «լուռ սէր» է։ Արտաքին մարդուն համար այս անհանդուրժելի լռութեան մէջն է, որ Հայրը կը խօսի մեզի Իր մարդացեալ, չարչարեալ, խաչեալ, մեռեալ եւ յարուցեալ Խօսքը, իսկ որդիական Հոգին Յիսուսի աղօթքին մասնակից կ՚ընէ մեզ։
Աղօթքը միութիւն է Քրիստոսի աղօթքին, որքանով որ ան մեզ մասնակից կը դարձնէ Անոր խորհուրդին։ Աղօթքը բազմութեան համար Կեանք բաշխող սիրոյ հաղորդութիւն է՝ սրտին անկեղծ արտայայտութիւնը, այն չափով որ ան հաւատքի գիշերուան մէջ մնալու յօժարութիւն է։ Յարութեան զատկական Գիշերը կ՚անցնի հոգեվարքին եւ գերեզմանին գիշերին մէջէն։
Ասոնք Յիսուսի Ժամերուն երեք զօրաւոր պահերն են, զորս Անոր Հոգին (եւ ո՛չ թէ «մարմինը որ տկար է») ապրիլ կու տայ աղօթքին մէջ։ Ուստի հարկ է «յօժարիլ ժամ մը հսկելու Անոր հետ» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 40-41)։
Ձայնիւ աղօթքը՝ որ հիմնուած է մարդկային բնութեան մէջ՝ մարմինին եւ հոգիին միութեան վրայ, մասնակից կ՚ընէ մարմինը սրտին ներքին աղօթքին, նմանութեամբ Յիսուս Քրիստոսի, որ կ՚աղօթէ Հօր, իսկ Իր աշակերտներուն «Հայր մեր»ը կը սորվեցնէ։
Քրիստոնեայ աւանդութիւնը կը բովանդակէ աղօթքի կեանքին երեք մեծագոյն արտայայտութիւնները. ձայնիւ աղօթքը, մտածական աղօթքը եւ հայեցողական աղօթքը։ Այս երեք աղօթքները իրարու միջեւ հասարակաց ունին սրտին ամփոփումը։
Ո՞ւրկէ կու գայ մարդուն աղօթքը։
Ի՛նչ ալ ըլլայ աղօթքին լեզուն (շարժուձեւեր եւ խօսքեր), ամբողջական մա՛րդն է որ կ՚աղօթէ։ Սուրբ Գիրքը, նշանակելու համար տեղը ուրկէ կը ժայթքէ աղօթքը, կը խօսի մերթ հոգիին կամ մտքին մասին, բայց աւելի յաճախ (աւելի քան հազար անգամ) սրտին մասին։
«Սի՛րտ»ն է, որ կ՚աղօթէ։
Եթէ սիրտը հեռու է Աստուծմէ, ունայն է աղօթքի արտայայտութիւնը։
Ուստի, սաղմոսներուն աղօթքին բազմաձեւ արտայայտութիւնները կը դրսեւորուին թէ՛ Տաճարին ծիսակատարումին եւ թէ՛ մարդուն սրտին մէջ։ Սաղմոսները ըլլան մաղթերգ, անձկութեան կամ գոհաբանութեան աղօթք, անհատական կամ հասարակական պաղատանք, արքայական կամ ուխտագնացութեան երգ, իմաստութեան խորհրդածութիւն, անոնք կը հանդիսանան հայելին Աստուծոյ Իր ժողովուրդին պատմութեան մէջ գործած սքանչելիքներուն, ինչպէս նաեւ սաղմոսերգուէն ապրուած մարդկային անցուդարձներուն։
Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը՝ որ Եկեղեցւոյ խորհրդենական ծիսակատարումին մէջ կը հռչակէ, կ՚այժմէականացնէ եւ կը հաղորդէ փրկութեան խորհուրդին էութիւնը, կը շարունակուի աղօթող սրտին մէջ։
Հոգեւոր Հայրերը երբեմն կը բաղդատեն սիրտը՝ խորանի մը։ Աղօթքը նոյնիսկ երբ ապրուած է «ծածուկ» (ՄԱՏԹ. Զ 6), կը մնայ միշտ Եկեղեցւոյ աղօթքը. անիկա հաղորդութիւն է Սուրբ Երրորդութեան հետ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 19, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024