ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ՔԱՐՈԶ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ
Հարցում. Կրնա՞յ քարոզ տրուիլ Հաղորդութեան, հաւատացեալներուն Սուրբ Խորհուրդէն հաղորուած ժամանակ:
Պատասխան. այս բանը հնարաւոր չէ, որովհետեւ այդ բանին մէջ անյարգալից վերաբերմունք կայ այդ սուրբ վայրկեաններուն նկատմամբ, եւ անուշադրութիւն Խորհուրդէն…
Հաղորդութեան ժամանակ կը վայելէ փառաբանութիւն, շարական երգել եւ սաղմոսերգել…, որով Եկեղեցին կը կանգնի փառաբանելու զԱստուած Իր պարգեւած շնորհին համար, Իր տուած արտօնութեամբ՝ հաղորդուելու Իր Սուրբ Մարինով ու Սուրբ Արիւնով… Իսկ եթէ մեր ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքէն թեքենք մարդոց խօսքերուն, ապա այս մէկը ո՛չ կարելի է եւ ո՛չ ալ վայել է, քանի որ այդպիսով անտեսած կ՚ըլլանք այդ Ահաւոր Խորհուրդը, որ Սուրբ Սեղանին վրայ է, ու մեր մտածումն ու զգայարանքները տուինք քարոզի նիւթիւն:
Չմոռնանք նաեւ, որ մարդիկ քարոզը կը լսեն նստած վիճակով, մինչ Հաղորդութեան ժամանակ վայել չէ նստիլ…
ՁԵՌՔ ԴՆԵԼ
Հարցում. Եկեղեցականներուն կողմէ ոեւէ մէկ մարդու գլուխին ձեռք դնել. հոգեւոր եւ դաւանաբանական ի՞նչ իմաստներ ունի:
Պատասխան. երբ եկեղեցականներէն կամ քահանաներէն մէկը իր ձեռքը մարդու մը վրայ կը դնէ, ատով ցոյց կու տայ այդ հօր կողմէ որոշ շնորհքի մը անցումը իրմէ՝ այն մարդուն, որուն վրայ ձեռք դրած է:
Ի՞նչ է այդ շնորհքը: Ի՞նչ են անոր տեսակները:
1. ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ.
Ձեռք կը դրուի պարզապէս օրհնութիւն տալու համար, ինչպէս պատահեցաւ երբ Նախահայր Յակոբը իր ձեռքերը դրաւ արդար Յովսէփի զաւակներուն վրայ (աջը՝ Եփրեմի, ձախը՝ Մանասէի), ու օրհնեց զանոնք (Ծն 48.13-20):
Օրհնութիւնը նաեւ ձեռքերը բարձրացնելով ալ կ՚ըլլայ -եւ ո՛չ թէ դնելով-, մանաւանդ եթէ մեծ բազմութիւն մը պիտի օրհնուի, երբ գործնականապէս հնարաւոր չ՚ըլլար բոլորին վրայ մէկ կամ երկու ձեռքերը դնել:
Այս բանին օրինակներ կան Հին Կտակարանին մէջ, ինչպէս Ահարոն Քահանայապետին ժողովուրդը օրհնելը. «Ահարոն իր ձեռքը դէպի ժողովուրդը բարձրացուց եւ օրհնեց զանոնք» (Ղւ 9.22): Նոյն կերպով Տէրը առաքեալներուն օրհնեց. «Ապա տարաւ զիրենք Բեթանիա, ձեռքերը բարձրացուց եւ օրհնեց զանոնք» (Ղկ 24.50):
2. ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՇՆՈՐՀԵԼ.
Նախքան Սուրբ օծումը ստանալը Սուրբ Միւռոնով, առաքեալները իրենց ձեռքերը մարդոց վրայ կը դնէին, որով Սուրբ Հոգին կը ստանային: Այդպէս պատահեցաւ սամարացիներուն, երբ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Յովհաննէս առաքեալները իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ, ու անոնք Սուրբ Հոգին ստացան (Գրծ 8.17). ինչպէս նաեւ եփեսացիներուն պատահեցաւ, երբ Պօղոս Առաքեալ իր ձեռքը անոնց վրայ դրաւ, որով Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ (Գրծ 19.6):
Ներկայիս, այդ ձեւին փոխարէն Սուրբ Միւռոնը կ՚օգտագործենք: Սակայն, կարելի է ձեռք դնելը օգտագործել կիներուն, տարեցներուն պարագային՝ Սուրբ Հոգին ընդունելու, որոնք մեծ տարիքի կը մկրտուին: Նմանապէս տարեց մարդոց, անոնց մարմինին երեւելի մասերը դրոշմելէ ետք Միւռոնով:
3. ՁԵՌՆԱԴՐԵԼՈՒ.
Սարկաւագներու եւ քահանայական բոլոր կարգերու ձեռնադրութեան համար, յայտարարելով ստացած յատուկ աստիճանը…
Եօթը սարկաւագները ձեռանդրելու ժամանակ, առաքեալները աղօթեցին ու իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ (Գրծ 6.6):
Բառնաբասի եւ Սօղոսի վրայ ալ ձեռքեր դրուեցան (Գրծ 13.3): Պօղոս Առաքեալն ալ իր ձեռքը Տիմոթէոսին վրայ դրաւ (Եփեսոսի Եպիսկոպոսը). այս մասին յիշեցուց անոր, ըսելով. «Կը յիշեցնեմ քեզի, որ բոցավառ պահես այն շնորհքը, որ Աստուած քեզի տուաւ՝ երբ քեզ ձեռնադրեցի» (Բ. Տմ 1.6): Ու խրատեց զինք ձեռանդրութիւններու պարագային, ըսելով. «Մի՛ աճապարեր ոեւէ մէկուն վրայ ձեռք դնելու, որպէսզի ուրիշներու մեղքերուն բաժնեկից չդառնաս» (Ա. Տմ 5.22):
4. ԲԺՇԿԵԼՈՒ.
Տիրոջ մասին ըսուեցաւ. «Արեւնամուտին, բոլոր անոնք որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ ունէին, Յիսուսի բերին: Յիսուս անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ Իր ձեռքերը դնելով՝ կը բժշկէր զանոնք» (Ղկ 4.40): Իսկ 18 տարիներէ ի վեր հաշմանդամ եղող կնոջ պարագային, «ձեռքերը անոր վրայ դրաւ, եւ կինը անմիջապէս բժշկուեցաւ եւ սկսաւ զԱստուած փառաւորել» (Ղկ 13.13):
Տէրը նոյն զօրութիւնը տուաւ Իր սուրբերուն. «Հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն եւ զանոնք բժշկեն» (Մր 18.18): Անանիա Դամասկացին իր ձեռքը տարսոնացի Սօղոսին վրայ դրաւ, որպէսզի տեսնէ (Գրծ 9.12): Պօղոս Առաքեալն ալ իր ձեռքերը Պոպլիոսի հօր վրայ դրաւ, որ ջերմով հիւանդ էր, ու բժշկեց զինք (Գրծ 28.8):
5. ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ.
Այս արտայայտութիւնը այլաբանկանօրէն օգտագործուած է, որոշակի զօրութիւն մը պարգեւելու համար:
Օրինակ, ըսուած է. «Տիրոջ ձեռքը Եղիայի վրայ էր» (Գ. Թգ 18.46), այսինքն՝ Տէրը անոր զօրութիւն պարգեւեց: Նոյնը ըսուած է նաեւ Եզեկիէլի մասին. «Տիրոջ ձեռքը անոր վրայ էր» (Եզ 1.3): Տիրոջ ամպը տեսաւ, ինչպէս նաեւ տեսիլքներ ու յայտնութիւններ, եւ ըսաւ. «Այնտեղ, Տիրոջ ձեռքը վրաս էր» (Եզ 3.22), որով Տիրոջ փառքը տեսաւ:
Այդ զօրութիւնը կ՚երեւի նաեւ Կարմիր ծովը ճեղքելու պարագային, երբ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ձեռքդ երկարէ ծովուն վրայ ու ճեղքէ՛ զայն» (Ելք 14.16, 21):
6. ՓՈԽԱՐԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ.
Զոհեր մատուցելու ժամանակ, մեղաւորներուն փոխարինելու համար, որպէսզի իրենց մեղքերը անոնց [զոհուած անասուններուն] փոխադրուի:
Մեղաւորը իր ձեռքը զոհի գլուխին կը դնէր, որպէսզի փոխարինէ զինք, եւ որպէսզի մեղքը իրմէ անոր փոխադրէ, որով իր փոխարէն կը մեռնի, ու զայն որպէս իր փրկութիւնը կ՚ընդունի… Այդ պատճառով իր մեղքը կը խոսովանէր անոր գլուխին վրայ, որպէսզի զոհը իր փոխարէն վերցնէր զայն (Ղւ 5.5):
Իր ձեռքը զոհասեղանին վրայ թող դնէ (տե՛ս Ղւ 1.4), եւ մեղքի զոհին (նոյն, տե՛ս 4.4), եւ խաղաղութեան զոհին (նոյն, տե՛ս 3.2): Իսկ քաւութեան մեծ օրը, քահանայապետը՝ ամբողջ ժողովուրդը ներակայցնելով իր «ձեռքը կը դնէր կենդանի նոխազին գլուխին վրայ, ու անոր վրայ կը խոստովանէր իսրայէլացիներուն բոլոր յանցանքներն ու անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր մեղքերը, եւ զանոնք նոխազին գլուխին վրայ կը դնէր» (տե՛ս Ղւ 16.21):
ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՆԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒԵՑԱ՞Ւ
Հարցում. Ոմանք ըսին, թէ խունկը կ՚օգտագործուէր ձերբազատուելու համար Հին Կտակարանի զոհերու արիւնի հոտէն: Երբ արեան զոհերը ջնջուեցան Նոր Կտակարանին մէջ, ապա խունկը դադրեցուեցաւ ատոր որպէս հետեւանք: Այս մէկը ճի՞շդ է:
Պատասխան. այս խօսքը ճիշդ չէ, որովհետեւ խնկարկութիւնը առանձին արարողութիւն մըն էր, զոր քահանան առանց զոհերու կրնար ընել:
Երբ Տէրը իսրայէլացինեուն վարակով զարկաւ, Մովսէս հրամայեց քահանայապետին, որպէսզի խնկարկութիւն ընէ, եւ մեռածներուն ու ողջերուն մէջտեղը կանգնի. խնկարկութեան միջոցով Աստուած բարեխօսութիւնը ընդունեց եւ վարակը դադրեցաւ (Թւ 16.48): Զոհ չտրուեցաւ, արեան հոտ ալ չկար, այլ՝ միայն խունկ…
Տակաւին, սեղան մը կար, որ խնկարկութեան սեղան կը կոչուէր (Ելք 30.1): Ահարոն ամէն առաւօտ ու երեկոյ կը վառէր զայն. «Մնայուն խունկ Տիրոջ դիմաց», որ երբեք առընչութիւն չունէր զոհերուն հետ:
Խնկարկութիւնը ինքնին զոհագործութիւն կը համարուէր, այդ պատճառով զայն ընծայելու վայրը կոչուած էր «խնկարկութեան սեղան»:
Կը կարդանք նաեւ, թէ երբ հրեշտակը աւետեց Զաքարիային Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդի մասին, իր «քահանայական դասակարգին հերթը եկած ըլլալով՝ իր պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ, քահանայական սովորութեան համաձայն՝ վիճակով իրեն ինկաւ Տիրոջ սրբարանը մտնել՝ խնկարկելու համար». «Եւ ահա Զաքարիայի երեւցաւ Տիրոջ հրեշտակը, որ խունկի սեղանին աջ կողմը կեցած էր» (Ղկ 1.8, 11):
Խունկը ինքնին զոհագործութիւն էր, եւ չկար արեան զոհագործում մը յատուկ խնկարկութեամբ, որպէսզի արեան հոտը անցընէր…
Նոյն պարագան կը տեսնենք Նոր Կտակարանին՝ Յայտնութեան գիրքին մէջ:
Հրեշտակ մը ահագին խունկ մատուցեց սուրբերու աղօթքներուն հետ. «Եւ խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ» (Յյտ 5.4), եւ արեան զոհագործութիւններ չկային: Նայէ՛, նաեւ, քսանչորս երէցներուն խնկարկութիւնը (Յյտ 5.8). ինքնին էր եւ անոր հետ կենդանական զոհագործութիւն չկար: Եւ ան [խնկարկութիւնը] շարունակուեցաւ Նոր Կտակարանին մէջ եւս:
Խնկարկութիւնը կենդանական զոհագործութեան առընչուած արարողութիւն մը չէր, որմէ կ՚ազդուէր, այլ՝ հոգեւոր գործ մըն էր, որ իր ազդեցութիւնը ունէր, սուրբերու աղօթքներուն նման:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024