ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ իր երկրի կարմիր գիծը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն է։

Ճեւատ Զարիֆ, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած ներկայ իրավիճակին մէջ տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է, երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Հիւր նախարարը օրուայ սկիզբին տեսակցեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Արա Այվազեանի հետ։ Աւելի վերջ ան ընդունուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կարծիքներ փոխանակուեցան Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ տարածքաշրջանային կայունութեան ապահովման եւ այդ ուղղութեամբ շինիչ համագործակցութեան ոգիով աշխատանքը։

Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ Զարիֆ շեշտեց, որ կողմերը ընդհանուր մտահոգութիւններ ունին տարածքաշրջանին կապակցութեամբ։ Հիւր նախարարը մատնանշեց թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափով կան համագործակցութեան հնարաւորութիւններ։ Իր կարգին, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ տարածքաշրջանային իրավիճակով պայմանաւորուած՝ այժմ գոյութիւն ունին թէ՛ մարտահրաւէրներ եւ թէ հնարաւորութիւններ։ Ըստ իրեն, միայն համատեղ շինիչ ջանքերու, համապատասխան միջավայրի ձեւաւորման միջոցաւ հնարաւոր պիտի ըլլայ կայունութիւն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել տարածքաշրջանէ ներս։ Փաշինեան նշեց, որ տակաւին չլուծուած կը մնան բազմաթիւ հարցեր՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը եւ Հայաստան պատրաստ է բանակցութիւնները շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

Զրոյցի տեւողութեան Փաշինեան եւ Զարիֆ կարեւորեցին տարածքաշրջանի փոխադրութեան եւ տնտեսական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը եւ վերագործարկումը, ինչ որ պիտի նպաստէ տնտեսական ներուժի կեանքի կոչման ծաւալներուն։

Միւս կողմէ, երէկ, Արա Այվազեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ նախօրէին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալած էր Ճեւատ Զարիֆը։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021