ՍԱՌՆԱՍԻՐՏ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ այժմ արտահերթ ընտրութիւն իրականացնելը երկրին համար վտանգաւոր է, սակայն եթէ ըլլան ընտրութիւններ, ապա պիտի մասնակցին։

Առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ, Ռոպերթ Քոչարեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի www.hayeli.am, www.politik.am, yerevan.today կայքէջերու ներկայացուցիչներուն։ Քոչարեան գործնականօրէն վաղուց արդէն մեծ քաղաքականութեան վերադարձած է եւ հրապարակաւ տուած՝ անհրաժեշտ բոլոր համապատասխան ազդանշանները։ Այդ բոլորին ի շարունակութիւն ան երէկ յայտարարեց. «Հիմա արտահերթ ընտրութեան երթալը երկրի համար վտանգաւոր է, սակայն, եթէ ըլլան ընտրութիւններ, ապա պիտի մասնակցինք եւ պիտի յաղթենք»։

Հարցազրոյցի ժամանակ ան դիտել տուաւ, որ շատ աւելի ճիշդ կ՚ըլլար՝ իրավիճակի կայունացումէն վերջ, հանգիստ միջավայրի մը մէջ արտահերթ ընտրութեան կազմակերպուիլը։

Արդարեւ, այժմ արտահերթ ընտրութիւնները առկայ հակասութիւններու մթնոլորտին մէջ, շատ զգայուն հարցերու վերաբերեալ պատասխաններու բացակայութեան պարագային, իսկապէս վտանգաւոր է։ «Սակայն եթէ ընտրութիւններ ըլլան, ի հարկէ, միանշանակ պիտի մասնակցիմ։ Եթէ աւելի արագ ըլլան ընտրութիւնները, ապա չեմ կարծեր, թէ չմասնակցիլը ճիշդ է։ Հակառակ պարագային մենք այդ մարդոց հնարաւորութիւն կու տանք իրենց իշխանութիւնը վերահաստատելու», ըսաւ Քոչարեան։

Անդրադառնալով Արցախի վերջին պատերազմին՝ Ռոպերթ Քոչարեան նշեց, որ ռազմական գործողութիւններու օրերուն երկու շաբաթ եղած էր Ստեփանակերտի մէջ։ «Իւրաքանչիւր մտածող մարդու մօտ տիլեմա մը կը յառաջանայ։ Վարչապետը, իշխանութիւնը ըրաւ ամէն ինչ՝ պատերազմ ունենալու համար, կամ ոչինչ ըրաւ, պատերազմը կանխելու համար։ Երկրորդ՝ իշխանութիւնը, վարչապետը ըրաւ ամէն ինչ՝ պատերազմի մէջ պարտուելու համար, թէ ոչինչ ըրաւ՝ պատերազմի մէջ չպարտուելու համար։ Եթէ քաղաքացին այսպիսի տիլեմայի մը առջեւ կը կանգնի, սա բնականոն վիճակ մը չէ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան եւ աւելցուց. «Ամէն մէկը կրնայ մտածել, որ սա եղած է նախօրօք պարտութիւնը ծրագրուած պատերազմ մը։ Այդպիսի ողջամիտ կասկած բոլոր փաստերու համադրումով կը յառաջանայ։ Սա պէտք է կա՛մ հերքել, կամ հաստատել»։ Իր խօսքով՝ ներկայ իշխանութիւններու օրօք հնարաւոր չէ այս բոլորը հաստատել կամ հերքել։ Իշխանութիւնը պէտք է փոխուի եւ այդ բանէն վերջ կարելի է հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ կատարուած է։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռոպերթ Քոչարեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Մեղրիի ճանապարհին դիմաց Ատրպէյճան պատրաստ էր զիջումներ ընելու։ «Հիմա ամէն ինչ վերցուցած են՝ ճանապարհն ալ ստացած, սա իրենց երազն էր, որ մատուցուեցաւ։ Ես չեմ գիտեր, թէ փոխարէնը մենք ի՞նչ կը ստանանք», յայտնեց Քոչարեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռոպերթ Քոչարեան ընդգծեց նաեւ, որ Արցախի մէջ պէտք է փոխուի ամբողջ պետական համակարգը։ «Եթէ Արցախի պետականութիւնը միայն ռուս խաղաղապահները պիտի ապահովեն, ապա ի՞նչ պետականութեան մասին կարելի է խօսիլ։ Ռուս խաղաղապահները պէտք է ապահովեն խաղաղապահ առաքելութիւն, պէտք չէ բախումներ թոյլատրեն Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն միջեւ։ Այսօր ո՛չ միայն այդ առաքելութիւնը կը կատարեն, փաստացի իրենք այսօր անվտանգութեան երաշխաւոր են», ըսաւ Քոչարեան եւ աւելցուց, որ Արցախի մէջ բանակը պէտք է փոխուի, քրտնաջան աշխատանքով նոր անվտանգութեան համակարգ մը ձեւաւորուի։

«Հայաստան ունեցած է տարածքաշրջանէ ներս մարտունակ բանակ, սա գործօն էր։ Հիմա Հայաստանը այնքան թուլացած է, որ իւրաքանչիւր հարեւան երկիր զայն կրնայ գրաւել։ Սա է փաստը։ Հիմա դուք գիտէք, թէ ինչպիսի կարգավիճակ կը ստանայ երկիր մը, որ չի կրնար պաշտպանուիլ։ Այսօր մենք փաստացիօրէն Ռուսաստանի պաշտպանեալն ենք տարածքաշրջանէն ներս։ Որովհետեւ մեր անվտանգութիւնը Ռուսաստանը կը պաշտպանէ։ Բարեբախտաբար գոնէ այդ մէկը կայ։ Ուրեմն այս իշխանութիւնը ռազմաքաղաքական դաշնակցի կարգավիճակէն մեզ դարձուց այդ երկրի պաշտպանեալը։ Եւ ճակատագրի հեգնանքը այն է, որ սա ըրին այն մարդիկ, որոնք Ռուսաստանի դեսպանատան դիմաց ցոյցեր կ՚ընէին պահանջելով Հայաստանէն հանել ռուսական ռազմախարիսխը», դիտել տուաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021