ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՌԵՐԸ

Ո՞րը պիտի ըլլայ 2021 թուականի բառը: Տարուան սկիզբէն ի վեր արդէն սկսած են կանխատեսումները: Տարուան բառը ընտրողները ուշի ուշով կը հետեւին աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ առցանց բառարաններուն մէջ ամենաշատ փնտռուող բառերուն: Տարուան աւարտին կ՚ամփոփուի եւ աշխարհի նշանաւոր բառարանները կը յայտարարեն տարուան բառը, որ ամենաշատ գործածուածն է եւ մէկ շունչով կը բնորոշէ տարին: Երբեմն բառը աւանդական բառարաններուն մէջ գոյութիւն չ՚ունենար եւ աշխարհի հնագոյն բառարանները նոր ստեղծուած այդ բառերը կ՚աւելցնեն իրենց միլիոնաւոր բառերու ցանկին: Այդպէս եղած է «սելֆի», «ֆէյք», «մէքզիթ» եւ այլ նորաստեղծ բառերու պարագային:

2020 տարին այնքան խառնիճաղանճ եղաւ, որ Օքսֆորտի նշանաւոր բառարանը, օրինակ, դժուարացաւ ընտրել տարուան բառը եւ ընտրեց քանի մը բառ: Անգլերէնի յայտնի այս ակադեմական բառարանին խմբագրութիւնը՝ այս կամ այն իրադարձութենէն ելլելով, 2020 թուականի օրացոյցին վրայ կարգ մը բառեր տեղադրած է: Անցեալ տարուան յունուար ամսուան համար, երբ Աւստրալիոյ մէջ կը մոլեգնէին անտառային հրդեհները, ամիսը բնութագրող բառ ընտրուած է «bushfire»ը, որ կը նշանակէ «կործանարար անտառային հրդեհ»: Ատկէ զատ, տարուան առաջին ամիսը բնութագրող բառ յայտարարուած է նաեւ «իմփիչմընթ»ը (ամբաստանութեան մեղադրանքով եւ պաշտօնանկութեան ակնկալիքով անվստահութեան արտայայտում), քանի որ 2020 թուականի յունուարին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ծերակոյտին մէջ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնանկութեան գործընթացի ծիրէն ներս սկսաւ անոր դէմ ներկայացուած մեղադրանքներուն քննութիւնը։

Անցեալ տարուան գարնան բառերու ցանկին մէջ յայտնուեցան համավարակը բնութագրող որոշ բառեր ու արտայայտութիւններ՝ քորոնավիրուս, տնակալում, ընկերային հեռաւորութիւն, վերաբացում։ Բառարանագէտները այս բոլորին հետ զատած են նաեւ «պելառուսական» ածականը որպէս 2020 թուականի օգոստոսը բնութագրող բառերէն մէկը։

Ամերիկեան «Ուեպսթըրի» բառարանը 2020-ի բառ ընտրած է համավարակը։

«Երբեմն մէկ բառը դարաշրջան մը կը բնորոշէ եւ տրամաբանական է, որ անցնող բացառիկ եւ ծայր աստիճան դժուար տարուան մէջ իսկոյն բառ մը յայտնուած է անմիջական տեսադաշտին վրայ, երբ մենք վերլուծեցինք այն տուեալները, որոնք կ՚որոշեն, թէ ո՞րն է մեր տարուան խօսքը: Հիմք ընդունեցինք կարգ մը բառերու վիճակագրական վերլուծութիւնը, որ յաճախ կ՚որոնուի մեր առցանց բառարանին մէջ...», յայտարարած է Բառարանի խմբագրութիւնը:

Անգլերէն լեզուի «Քոլինս» բառարանի անցեալ տարուան համար ընտրուած հիմնական բառը նոյնպէս կապ ունի համավարակին հետ: Այս նշանաւոր բառարանը 2020 թուականի բառ ընտրած է «տնակալում»ը, որ կը մարմնաւորէ միլիառաւոր մարդոց ընդհանուր փորձը: 2020-ին բառարանագիրները արձանագրած են այդ բառին գործածման յաճախականութեան կտրուկ աւելացում՝ 250 հազար դէպք՝ 2019 թուականի 4 հազարին դիմաց: «Քոլինս»ը ընտրած է տարուան քանի մը բառ եւս, որոնցմէ է «ինքնամեկուսացում»ը: Քէյմպրիճի բառարանի զատած տարուայ բառը նոյնպէս կապ ունի համավարակին հետ. անգլերէնի այս բառարանը անցեալ տարուան բառ ընտրած է «քարանթին»ը՝ մեկուսացում-մաքրանոցի շրջանը՝ համավարակի պայմաններու ներքոյ:

«Քոլինս» բառարանի՝ համավարակին հետ չառընչուող բառերու տասնեակին մէջ տեղ գտած է «մէքզիթ»ը, բառ մը, որ նմանահնչիւն է «պրէքզիթ»ին: Մինչ «պրէքզիթ»ը կը բնորոշէ Միացեալ Թագաւորութեան հեռացումը Եւրոպական Միութենէն, «մէքզիթ»ը անցեալ տարի գործածուեցաւ՝ սահմանելու արքայազն Հերիին եւ անոր կնոջ՝ Մեկանին դուրս գալը թագաւորական ընտանիքէն: Տարի մը կ՚ըլլայ այն օրէն, երբ արքայզն Հերին եւ անոր կինը վար դրին թագաւորական ընտանիքի լիազօրութիւններն ու պարտականութիւնները եւ յայտարարեցին իրենց ժամանակն ու կեանքը ազատ տնօրինելու որոշման մասին: Զոյգը որոշեց, որ այսուհետեւ ժամանակին մէկ մասը պիտի անցընէ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, մէկ մասն ալ կա՛մ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կամ Գանատա՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով «լիակատար աջակցութիւն» ցուցաբերել Էլիզապէթ Բ. թագուհիին: Իրադարձութիւնը այնքան քննարկուեցաւ, որ ի յայտ եկաւ նոր բառ մը ու տեղ գտաւ նոյնիսկ հնագոյն բառարաններուն մէջ:

Աշխարհի ամենահին բառարանները դէմ չեն իրենց էջերը համալրելու նոր բառերով, նկատի ունենալով, որ լեզուն ապրող եւ զարգացող մարմին մըն է եւ նոր բառերու ստեղծումը օրինաչափ երեւոյթ է: Յաճախ հին բառեր կը դրուին շրջանառութեան մէջ, կը մաքրուի չգործածուող բառերուն փոշին եւ անոնք նոր կեանք կը ստանան:

«Լայվ» բառը, որ այսօր կը գործածուի ուղիղ եթեր իմաստով, անգլերէն աւանդական բառարաններու մնայուն բառերէն է, բայց ոչ մէկ ժամանակաշրջանի մէջ այսքան գործածուած է, որքան՝ վերջին տարիներուն: Նոյնն է պարագան նաեւ «լայք» բառին, որ այսօր դարձած է կեանքին ձուլուած համացանցային աշխարհի անբաժանելի մասը: Այսօր համացանցային կեանքը չի տարանջատուիր իրական կեանքէն եւ այն իրողութիւնները, որ կենսունակ են համացանցին մէջ, իրենց կենսունակութիւնը կ՚ապացուցեն նաեւ իրական կեանքին մէջ: Միաժամանակ նկատելի է, թէ այն բառերը, որոնք բառարանագէտները տարուան բառ նկատած են, աւելի շատ շրջանառուած են համացանցային գրաւոր խօսքին մէջ, քան՝ բանաւոր, ինչպէս նաեւ հաստատած են, որ համացանցային խօսքը բանաւորին իշխելու միտումներ ունի: Մարդիկ այսօր աւելի կը հաղորդակցին կարճ հաղորդագրութիւններու միջոցաւ, քան՝ զանգերու կամ այցելութիւններու:

Նախորդ՝ 2019, 2018, 2017 թուականները նոյնպէս բնորոշուած են ոչ թէ մէկ, այլ քանի մը բառերով: Բառարանները այդ տարիներուն համար ընտրած են «կլիմայական գործադուլ», «ֆէյք նիուզ», «թունաւոր» բառերը: «Թունաւոր» բառին բացատրութեամբ յատկապէս հետաքրքրուած էին Անգլիոյ Սոլսպերի քաղաքին մէջ Ռուսաստանի հետախուզութեան նախկին գործակալ Սերկէյ Սքրիպալի եւ անոր դըս-տեր թունաւորման պատմութեամբ տարուածները: Այս բառը շատ գործածուած է նաեւ մոլորակի բնապահպանական խնդիրներու ուսումնասիրութեան ժամանակ:

Ատկէ զատ, ածականը յաճախակի կը կիրարկուի նաեւ «թունաւոր յարաբերութիւններ» բառակապակցութեան մէջ: Այս մէկը նոյնպէս մեր ապրած ժամանակաշրջանին բնորոշ վիճակ մըն է:

Վերջին տասնամեակին, անգլերէն լայնածաւալ բառարաններուն մէջ աւելցած են այնպիսի բառեր, որոնք այսօր սովորական են բոլորիս համար՝ «սելֆի» (ինքնանկար), «անլայք» (ապահաւանում), «պիթքոյին» (առցանց դրամական միաւոր) եւ այլն:

Օքսֆորտի բառարանը 2015 թուականին առաջին անգամ ընտրած է ոչ թէ տարուան բառը, այլ՝ յուզապատկերը: Այդ մէկը ուրախութենէն լացող յուզապատկերն էր, որ այդ տարին ամենաշատ գործածուածն էր աշխարհի տարածքին: Համացանցի եւ բջիջային հեռախօսներու միջոցով տարածուող այդ յուզապատկերը այնքան ժողովրդականութիւն վայելած է, որ զայն առօրեայի մէջ գործածած են ոչ միայն դեռահասները, այլեւ քաղաքական գործիչներն ու պաշտօնեաները՝ բարձր մակարդակի հաղորդակցութեանց ժամանակ:

Մինչ բառարանագէտները նոր բառեր կ՚որոնեն այս ու անցած տարիները բնորոշելու եւ բառարանները կանոնաւոր կերպով համալրելու համար, օրերս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ելոյթ մը ունենալով, 2020 թուականը անուանած է մահուան, աղէտի ու յուսահատութեան տարի: Ան նշած է, որ քորոնա վարակը խլած է երկու միլիոն մարդու կեանք, համաճարակի պատճառով 500 միլիոն մարդ կորսնցուցած է իր աշխատանքը, իսկ բնական աղէտները պատճառած են 210 միլիառ տոլարի վնաս: Կութերես կոչ ուղղած է 2021 թուականը դարձնել խաղաղութեան վերականգնման տարի:

ԲԱՌԵՐՈՒՆ ՈՒԺԸ

Մասնագէտները կը նշեն, որ թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ՛ աղէտներու եւ պատերազմներու ժամանակ բառերը մոգական ուժ ունին: Անոնք կրնան խաղաղութիւն հաստատել, մէկ բառը նոյնիսկ կրնայ պատերազմ հրահրել: Բառերը ամենազօրաւոր մղիչներն են մարդուն գրաւոր եւ բանաւոր խօսքին մէջ, եւ երբեք պէտք չէ թերագնահատել անոնց արժէքն ու ուժը: Իմաստ արտայայտելէ զատ, բառերը նաեւ կենսուժ ունին: Հոգեբաններ խորհուրդ կու տան ընդամէնը ըսել՝ «Ես կրնամ» եւ մարդուն ներաշխարհը այդ բառերէն հզօր լիցքեր ու թրթիռներ կը ստանայ եւ մարդը կը մղէ գործելու: Իսկ բաւական է միայն ըսել «Չեմ կրնար», «Ես չափազանց տկար եմ այդ մէկը ընելու համար» ու այսպիսի ուրիշ նախադասութիւններ, բացասական կենսուժ կը մղուի դէպի մարդուն ներաշխարհը եւ մարդը ակամաօրէն կը տկարանայ, կը նուազին անոր հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները: Մանաւանդ կարեւոր է կեանքի ամենածանր պահերուն, յուզական եւ վճռորոշ իրավիճակներուն ընտրել ճիշդ եւ զօրաւոր բառեր:

Հակառակ որ վերջին տարիներուն մեր բառապաշարին մէջ աւելցած են «խնդիր», «հարց», «թնճուկ», «ճգնաժամ», «խոչընդոտ», «արգելք» եւ նման բառեր, հոգեբաններ խորհուրդ կու տան հրաժարիլ այդ բառերը գործածելէ եւ անոնց փոխարէն ընտրել աւելի մեղմ բառեր, որոնք կրնան դժուար իրավիճակը ժամանակաւոր նկարագրել եւ մոռցնել:

Բառերը կարեւոր են նաեւ հարազատներու, սիրելիներու հետ յարաբերութիւններուն ընթացքին. սխալ ընտրուած բառ մը կրնայ փլել տարիներու ընթացքին կառուցած միութիւնը եւ հակառակը՝ ճիշդ ընտրուած բառը կրնայ փակ դռները բանալ եւ սիրտ հալեցնել:

ԿՈՅՐ ՄԱՐԴԸ

Այն մասին, թէ ինչ փոփոխութիւններ կրնայ բերել բառերուն ուժը, ցոյց կու տայ այս փոքրիկ, բայց յուզիչ պատմութիւնը:

Կոյր մարդ մը նստած էր դուրսը, աստիճանին վրայ: Անոր ոտքերուն քով իր դատարկ գլխարկը դրուած էր, որուն մէջ քանի մը մանրադրամ հազիւ կ՚երեւէին: Քովը կար ցուցատախտակ մը, ուր գրուած էր. «Ես կոյր եմ, կը խնդրեմ, որ օգնէք»: Մօտակայքէն անցնող մարդ մը նկատեց կոյրը, տեսաւ, որ օրուան կէսին ընդամէնը քանի մը մանրադրամ հաւաքած է, ձեռքը տարաւ գրպանը, ինքն ալ դրամ նետեց գլխարկին մէջ եւ առանց կոյր մարդուն հարցնելու, վերցուց ցուցատախտակը, նոր բառեր գրեց անոր վրայ եւ տեղը դնելով, առանց բառ մը ըսելու հեռացաւ:

Օրուան աւարտին գլխարկը դրամներով լի էր: Երբ անծանօթը կը վերադառնար տուն, անցաւ նոյն շէնքին մօտէն, ուր կոյրը նստած էր: Կոյր մարդը ճանչցաւ անոր ոտնաձայները, ձայնեց եւ հարցուց, թէ արդեօք ի՞նչ գրած է ցուցատախտակին վրայ:

-Ես չեմ գրած այնպիսի բան մը, որ իրականութեան չի համապատասխաներ: Ես գրած եմ ճշմարտութիւնը, բայց ուրիշ տեսանկիւնէ,- պատասխանեց մարդը եւ հեռացաւ:

Կոյրը երկար ժամանակ մատներով շօշափեց ցուցատախտակին մակերեւոյթը, բայց չկրցաւ գուշակել, թէ ինչ մոգական բառեր գրած է անծանօթ մարդը: Տղայ մը օգնեց կարդալու ցուցատախտակին գրութիւնը. «Հիմա գարուն է, բայց ես չեմ կրնար զայն տեսնել»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021