ՊԱԼԸՔԼԸԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՏՈՒՌԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատուռը, որ վերջերս բարենորոգման ենթարկուած էր։