ՍԱ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻ՞ՒՆ Է (ՄԻ ՔԱՆԻ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ)
Մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ,- խիստ ծանրաբեռնուած ըլլալով՝ ազատ ժամանակ չունէի անկէ առաջ,- Պէյրութ լոյս տեսնող «Բագին» գրական պարբերաթերթի յունիս 2020-ի թիւին մէջ (աւելի ուշ հրապարակ իջաւ) կարդացի բանաստեղծութիւն մը՝ «մերօրեայ «հայը եւ հայը» խորագրով, որ, ըստ իս, ամէն բան էր՝ բացի բանաստեղծութենէ, եւ որուն հեղինակը Թորոնթոյէն էր, բոլորովին նոր անուն մը՝ Ռուբէն Խաժակ:
Ահաւասիկ բանաստեղծութիւնը (կէտադրութիւնը՝ մեր կողմէ ուղղուած).
«կ՚ուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ,
որ բնաջնջէ այս ցեղը,
անկարեւոր մարդոց այս փոքր ցեղախումբը»,
որուն պատմութիւնը վերջ պիտի գտնէ իր իսկ ձեռքով,
պատերազմները՝ բարոյականով բաւարարուած,
կառոյցները՝ դառնացած,
գրականութիւնը՝ աղաւաղուած,
երաժշտութիւնը՝ օտարացած,
աղօթքները՝ թատրոն դարձած:
«դեհ, համարձակեցէ՛ք կործանել այս ցեղը»:
չէ՞ որ մեզի համար միշտ 1915 է,
պատերազմը՝ չաւարտած,
դեռ կործանման մէջ է Հայաստանը:
«տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք»:
չէ՞ որ աքսորուեցանք մեր տուներէն դէպի անապատ,
չէ՞ որ մնացինք առանց հացի եւ ջուրի,
չէ՞ որ այրեցին մեր տուներն ու եկեղեցիները:
«պայքա՜ր» կոչելով՝ արդեօք վերածնա՞նք.
կրկին չխնդացինք... տակաւին կու լանք:
այո՛, հարկա՜ւ ցեղը կրկին ապրեցաւ, երբ բոլորս հանդիպեցանք
գարեջրատան մէջ
(այս անգամ՝ Հայաստան)
եւ խնդացինք ու չխօսեցանք մեր լեզուով
ու մեր ստամոքսներով եղանք հայրենասէրներ:
«տեսէ՛ք, թէ բան մը կրնա՞ք ընել»:
արդէն ըրինք
ու միշտ կ՚ընենք,
որովհետեւ մենք ենք շան լակոտները,
որոնք աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելու տեղ
կատակը դարձած ենք աշխարհի:
«փորձեցէ՛ք կործանել զանոնք...»,
մի՛ մտահոգուիր, պարո՛ն Սարոյեան,
ընթացքի մէջ է.
(մեր իսկ ձեռքով...):
Մեր դիտողութիւնը չի վերաբերիր, անշուշտ, այս «բանաստեղծութեան» միտք բանիին: Պէտք է յանուն արդարութեան նշենք, որ հեղինակը իսկապէս ըսելիք ունեցողներու խմբակին կը պատկանի, ինչ որ պզտիկ արժանիք մը չէ: Դժբախտաբար կան բանաստեղծութիւններ, որոնք ընդամէնը անիմաստ բառակոյտեր են: Վերոբերեալ օրինակը անոնցմէ չէ: Ռ. Խաժակ շատ լաւ գիտէ, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսի եւ ո՛ւր աւարտէ իր «բանաստեղծութիւնը»: Ահա թէ ինչու հոն կարելի է գտնել միտքերու ներդաշնակ դասաւորում, գաղափարներու յստակութիւն ու պայծառութիւն: Սակայն կայ բուն խնդիրը, որ ջուրը թափել կու տայ այս հազուագիւտ արժանիքները. այս «բանաստեղծութիւնը» կատարելապէս զուրկ է բանաստեղծական հիմնական տարրերէն. մէկ խօսքով՝ բանաստեղծութիւն չէ ան ու չի կրնար ըլլալ:
***
Պայման չէ ամենեւին, որ բանաստեղծի մը օգտագործած բառապաշարը օժտուած ըլլայ բանաստեղծական հանդիսաւորութեամբ ու վերամբարձութեամբ. կարելի է գրել բանաստեղծութիւններ՝ առանց Պէշիկթաշլեանի լուսակարկաչ-ին կամ Դուրեանի դալկահար-ին, Մեծարենցի խնկապատար-ին կամ Ինտրայի թրթռալար-ին, Տէրեանի մթնշաղ-ին կամ Չարենցի հրակարմիր-ին (ըսել կ՚ուզեմ՝ ասոնց նման նուրբ ու բանաստեղծութեան պատշաճ բառերու),- վկայ՝ Խրախունիի, Զահրատի եւ Իգնա Սարըասլանի գործերը,- պայմանով որ, սակայն, բանաստեղծը իր տողերուն տայ երաժշտութեան մը անուշութիւնը. բան մը, որմէ ըստ ամենայնի զուրկ է այս «բանաստեղծութիւնը»: Ահա թէ ինչու կարելի չէ զայն բանաստեղծութիւն համարել, այլ, լաւագոյն պարագային, արձակ գրութիւն մը (փորձեցէ՛ք զայն վերածել արձակի ու տեսէ՛ք, թէ բան մը պիտի փոխուի՞ անկէ): Թէեւ բանաստեղծութեան ձեւով կտրատուած են անոր տողերը, սակայն ան ոչ մէկ կապ ունի բանաստեղծութեան հետ: Լա՜ւ, հարցում մը ուրեմն. աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար ուղղակի արձակ գրել՝ նորավէպ մը կամ պատմուածք մը, ու ազատիլ այս տաղտուկէն: Չեմ կրնար ըմբռնել արձակունակ բանաստեղծութիւններու իմաստն ու նպատակը: Կը հաւատամ, որ առանց երաժշտականութեան բանաստեղծութիւն մը ի զօրու չէ ներգործելու ընթերցողին հոգիին վրայ: Թերեւս ան խորք ունենայ ու մտածելու մղէ ընթերցողը,- շա՜տ աղէկ,- սակայն չմոռնանք, որ բանաստեղծութիւնը երգ է,- պէ՛տք է ըլլայ,- եւ երգ մը ի՞նչ պարտի ընել, եթէ ոչ ազդել ունկնդիրին զգացումներուն վրայ: Աւելի չերկարեմ. նորարարութիւնը,- արձակունակ բանաստեղծութիւններու նպատակը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ,- կարեւոր է: Ի վերջոյ հեղինակ մը պէտք է անոր ձգտի. եթէ չձգտի, ան կը դատապարտուի դառնալու իր նախորդներուն պարզ հետեւորդը: Սակայն այս միջոցին յոյժ կարեւոր է նաեւ պահպանել բանաստեղծութեան անթօթափելի ու անձեռնմխելի տարրերը,- ես պիտի ըսէի՝ բաղադրիչները,- ինչպէս՝ ռիթմն ու երաժշտականութիւնը: Հակառակ պարագային կ՚ունենանք բանաստեղծութիւն մը առանց բանաստեղծութեան. խնդրոյ առարկան՝ փայլուն օրինակ մը ձեզի:
Մեր երկրորդ դիտողութիւնը,- եւ փաստօրէն վերջի՛նը, որովհետեւ ճիշդ չէ մէկ բանաստեղծութեան մասին ասկէ աւելի բան ըսել կամ անոր հիման վրայ դատավճիռ արձակել հեղինակին դէմ,- այն է, որ բանաստեղծութիւնը կը տառապի զգացումի պակասէ: Պէտք եղած ջերմութիւնը չկայ հոն: Արդ, ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը, եթէ ոչ համակ զգացում, իսկ ի՞նչ է անոր պաշտօնը, եթէ ոչ երգել: Յիշե՞նք, թէ ի՛նչ ըսած է Թէքէեան. «Բանաստեղծութիւնը նախ զգացում մը, յետոյ գրական կտոր մը եւ գրական սեռ մըն է»: Իսկ մեր մեծագոյն գրաքննադատը՝ Արշակ Չօպանեան, գրած է. «Բանաստեղծութիւնը պէտք է երգէ, ոչ թէ տրամաբանէ, դասախօսէ, ապացուցանէ: Ու ասով չեմ ուզեր սահմանափակել բանաստեղծութեան ոլորտը. ան այնքան լայն է, որքան տիեզերքը. ամէն բան՝ գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնը, ընկերական հարցերը, ինչպէս բնութեան գեղեցկութիւններն ու սէրը ու նոյնիսկ կաթիլ մը ցօղ կամ ճանճի մը բզզիւնը կրնան նիւթ ըլլալ բանաստեղծութեան, պայմանաւ, սակայն, որ քերթողին հոգին յաջողի հալեցնել, աննիւթականացնել, թեւաւոր ու թրթռուն ու գեղեցիկ դարձնել այդ բոլորը»: Թերեւս ոմանք ըսեն, թէ հիմա 19-րդ կամ 20-րդ դար չենք, եւ բանաստեղծութեան չափանիշները փոխուած են: Ես պիտի պատասխանեմ՝ «ո՛չ»: Հաւանական է, որ այսօր արտայայտչաձեւերը փոխուած ըլլան, ինչ որ բնական է, սակայն ո՛չ բանաստեղծութեան չափանիշները: Վերը անդրադարձայ բանաստեղծութեան «անթօթափելի ու անձեռնմխելի» տարրերէն երկուքին՝ ռիթմին ու երաժշտականութեան. անոնց վրայ պէտք է անտարակոյս աւելցնել զգացումը: Խնդրոյ առարկայ բանաստեղծութիւնը, գրեթէ զուրկ ըլլալով անկէ, մօտեցած է բեմբասացութեան, ինչ որ բանաստեղծութեան նպատակը չէ ու երբեք պիտի չըլլայ:
***
Իսկ մեր վերջին խօսքը՝ «Բագին»ին:
Երբ գրական պարբերաթերթ մը, ինչպիսին է՝ «Բագին»ը, իր էջերուն մէջ տեղ կու տայ նման գրութեանց,- չեմ ըսեր՝ բանաստեղծութեանց,- մենք՝ ընթերցողներս, բնականաբար կը զարմանանք: Թէեւ, այո՛, պէտք չէ անտեսել նորելուկները, այլ զանոնք անտարակոյս խրախուսել, սակայն ո՛չ անոնց ՍԵՒԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ տպելով,- որովհետեւ թերթ մը գրել սորվելու հարթակը չէ,- այլ անոնց գործերուն մէջ արժանիքներուն հետ նաեւ թերութիւնները մատնանշելով, եւ այս բոլորը՝ թերթէն դուրս, թերեւս դէմ-դիմաց հանդիպումի մը ատեն կամ մտերմիկ նամակով մը:
Եւ, հուսկ, թող հեղինակը չնեղանայ մեզմէ (հայ ընթերցողին անտարբերութենէ՛ն նեղացիր, սիրելի՛ Խաժակ), այնքան ատեն որ մեր ըրածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կարծիք յայտնել, ուղղութիւն ցոյց տալ եւ մասամբ օգնել, որ ան կամաց-կամաց ծաղկի, կատարելագործուի ու հետզհետէ աւելի որակեալ գործեր հրամցնէ մեզի:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ