ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԻՆ ԽՈՀԵՐ

«Ողջո՜յն, ով քաղցր վերջալո՜յս,
«Որ թափանցես այս սրբավայր.
«Սիրտս պատէ՛, անուշ ով վի՜շտ սիրոյս,
«Դուն որ կ՚ապրիս յուսոյ ցօղէն տկար։
«Խաղաղութիւն բուրէ հոս բոլոր
«Եւ կարգ կանոն եւ գոհութիւն։
«Աղքատութեան մէջ՝ ճոխութի՜ւն»։
JOHANN WOLFGANG VON GOETHE
(Faust)

Վերջալոյսը երկունքի շրջան մըն է շատերուն համար, քանի որ անոր կը յաջորդէ խորհրդաւոր գիշերը՝ մութը եւ խաւարը։ Մութը, արդարեւ ունի իր խորհուրդը, ան կը ծածկէ ամէն իրողութիւն, ամէն երեւոյթ եւ ամէն ճշմարտութիւն։ Մութը խորհրդաւոր է, քանի որ ան անորոշութիւն կ՚ենթադրէ. մութին մէջ ո՛չ մէկ բան յստակ, ո՛չ մէկ բան յայտնի է. չարը եւ բարին, գէշը եւ լաւը կարելի չէ զանազանել մութին մէջ։

Չարը, ընդհանրապէս կը գործէ մութին մէջ, որովհետեւ մութը կը ծածկէ, կը քօղարկէ իր չարութիւնը։ Ցաւեր, վիշտեր, մտահոգութիւններ, մտատանջութիւն՝ բոլորը գիշերուան մութին մէջ կը սաստկանան, կարծես մութին կը սպասեն իրենք զիրենք յայտնելու, զգալի դարձնելու համար… եւ կը յաջողի՛ն։

Գիշերուան մութին մէջ մարդ աւելի շատ կը զգայ, կը մտերմանայ առանձնութեան, կը մօտենայ ինքն իրեն, կ՚անդրադառնայ իր «Ես»ին՝ իր ներաշխարհին եւ այս պատճառով կը սաստկանան իր վիշտերը եւ ցաւերը։

Առանձի՜ն է գիշերուան մութին մէջ մարդ…։

Գիշերուան մութին կարծես գունափոխութեան կ՚ենթարկուի ամբողջ աշխարհ։ Բայց որքան ալ փոխուի աշխարհի գոյնը, աշխարհ նոյն աշխարհն է՝ լուսաւոր կամ մութ։ Եւ այս պատճառով վերջալոյսը երկունք մըն է՝ որ կը ծնի գիշերը, մութը, խաւարը։ Ա՛յս է բնութեան անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքը. եթէ լոյս ցերեկ կայ, պիտի ըլլայ նաեւ գիշեր եւ մո՛ւթ։

Աշխարհի գեղեցկութիւնները տեսնելու համար մարդ լոյսի պէտք ունի, բայց աշխարհ մութին մէջ ալ գեղեցիկ է։ Նայեցէ՛ք սա կաղնիին. ան բնութեան քնարահարն է. իր գոյնովը կ՚երգէ, կը յայտարարէ, կ՚ողջունէ գարնան եւ ամրան՝ կեանքի գեղօնը, իսկ աշնան՝ մահուա՛ն գեղօնը՝ երգը, նուագը…։

Արդարեւ, գիշերը՝ օրուան մա՛հն է։ Եւ գեղօնը միշտ գեղեցիկ է՝ որքա՛ն գեղեցիկ գարնան, նո՛յնքան եւ գեղեցիկ է աշնան. գոյնը՝ գո՛յն է, եւ հաւասարապէս գեղեցի՛կ՝ ամէն եղանակի համար։

Բնութիւնը միշտ գեղեցկութիւն կը ստեղծէ, եւ ամէն ինչ բնութեան մէջ գեղեցիկ կը ծնի. լոյսի մէջ կամ մութին՝ գեղեցիկը միշտ գեղեցի՛կ է։ Զոր օրինակ, տերեւ մը. գեղեցիկ է, երբ կը ծնի, գեղեցիկ՝ երբ կը մեռնի։ Եւ ի՜նչ գեղեցիկ մահ…։ Շատեր պիտի հարցնեն զարմացած. «Մա՞հը գեղեցիկ…»։ Մահը կրնա՞յ գեղեցիկ ըլլալ, ինչպէս կը կարծուի ընդհանրապէս որ գիշերուան մութը գեղեցիկ չի կրնար ըլլալ։ Բայց եթէ աշխարհ, բնութիւն գեղեցիկ են, գիշերուան մո՛ւթն ալ գեղեցիկ է. ինչո՞ւ մեղադրել գիշերը երբ մարդ հաշտ չի կրնար ըլլալ անոր հետ։

Գիշերը կրնա՞յ այնքա՛ն գեղեցիկ ըլլալ որքան՝ ցերեկը։ Եւ աւելին՝ մահը կրնա՞յ այնքա՛ն գեղեցիկ ըլլալ որքան է կեա՛նքը։

Դեղնած տերեւ մը կրնայ վկայել, թէ մահը կրնա՛յ այնքան գեղեցիկ ըլլալ, որքան՝ կեանքը։ Եւ եթէ խորհի մարդ, կրնայ ըսել, որ մահը երբեմն աւելի գեղեցիկ կ՚ըլլայ քան կեանքը։ Հաւատքով խօսելով. մա՛հն ալ «կեանք» է, եւ կեանքէ աւելի՛ կեանք, քանի որ մահուամբ չի վերջանար կեանքը, հապա՝ կեանքէն կը մաղուին, կը զտուին եւ կը նետուին այն բոլոր տարրերը՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան, որոնք մարդուս երկրաւոր կեանքին մէջ մա՛հ կը ներմուծեն։ Արդարեւ, մահը միջոցի եւ ժամանակի փոփոխութիւն մըն է, եւ մահէն վերջ այլեւս «մահ» չկա՛յ։ Մահը կեա՛նք է՝ նուազականութեամբ. կեանք է նուազ՝ տառապանքով, ցաւերով եւ վիշտերով։ Մահը կեանք է նուազ՝ կեղծիքով, խաբէութեամբ։ Մարդ չ՚ապրիր մեռնելու համար, կ՚ապրի՝ ապրե՛լու համար։ Նոյնն է պարագան ցերեկի եւ գիշերուան համար. մարդ ցերեկը չի վայելեր գիշերուան համար։ Բայց մահն ալ, գիշերն ալ բնութեան անայլելի օրէնքն է, որմէ խուսափիլ կարելի չէ. ցերեկին կը յաջորդէ գիշերը, եւ կեանքին կը յաջորդէ մա՛հը անխուսափելիօրէն։

Բայց որքա՜ն գեղեցիկ է կեանքը՝ որ մահով կու գայ, եւ որքա՛ն գեղեցիկ ցերեկը՝ որ գիշերով կու գայ. աւելի գեղեցիկ՝ գեղեցկութեամբ մը, որ աշխարհ չի կրնար տալ իր ամբողջ պարունակութեամբ։

Գեղեցիկը միշտ գեղեցի՛կ է. նորէ՛ն գեղեցիկ, ինչ պայմաններու մէջ ալ յայտնուի։

Սա աննշան տերեւին կոչումն է գեղեցիկ մնալ՝ իր կեանքին բոլոր պայմաններուն մէջ, բոլոր պարագաներուն եւ բոլոր շրջաններուն մէջ, նոյնիսկ իր մահուան ժամանակ։ Հապա մա՞րդը։

Մահը մարդուս համար ալ «կերպարանափոխութիւն» մըն է. պարունակութեան մէջ փոփոխութիւն չկա՛յ. միջուկը միշտ «կեա՛նք» է. կեղեւն է որ կը փոխուի։

Առաքեալը այս նոյն գաղափարն է, որ կը բացատրէ իւրայատուկ ոճով մը, երբ կ՚ըսէ.

«Ամէնքս ալ պիտի փոխուինք», եւ կ՚աւելցնէ, հաւաստելով թէ՝ այդ «փոփոխութիւն»ը մահկանացուին՝ անմահութիւն հագնելուն մէջ կը կայանայ, եւ ասիկա կը նշանակէ «կեանք»ի վճռականութիւնը եւ տեւականութիւնը, կամ իր բառերով. «յաղթութիւնը»։

Պարտութենէ՝ յաղթութի՛ւն. այս է «կեանք»ը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։ Մահը «երեւո՛յթ» է, իսկ կեանքը՝ «իրականութի՛ւն»։ Եւ Բնութիւնը երգիչն է իրականութեան։ Վկա՛յ. տերեւը՝ կանաչ էր եւ այժմ դեղնած, բայց միշտ գեղեցի՛կ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 7, 2021, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021