ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Ընտանեկան, ընկերային, բարոյական եւ կրօնական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունի շաբաթներու այն շրջանը՝ որ կը կոչուի «Մեծ պահք»։ Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս հասաւ այդ շրջանը։
Ժողովուրդը խանդաղատանքով կ՚անդրադառնայ այս առթիւ, «Բուն» կամ «Մեծ» Բարեկենդանի յիշատակներուն վրայ. խանդավառութի՜ւն, եռուզեռ, խրախճանք, պատրաստութիւն ընտանիքներու մէջ… անշուշտ եթէ չեն մոռցած սովորութիւնները, աւանդութիւնները։
Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատ գիտակցութիւնը ունի այն իրողութեան, որ կեանքի եւ կենցաղի օրինադրեալ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ այս շրջանին։ Եւ այս իսկ ըմբռնումով «ներելի» եւ «ընդունելի» կը համարուին կերուխումի առատութիւնը, որ շատ անգամ կը հասնի անչափ եւ անժոյժ աստիճաններու՝ շռայլութեան։ Վանական խստամբեր կարգուկանոնի կապերն իսկ կը թուլցուին Բարեկենդանին, եւ թոյլ կը տրուի, որ խստակրօն կեանքի պայմանները մեղմացուին, եւ պահ մը գոնէ, վանականներն ալ, իբրեւ մա՛րդ, աշխարհիկ ըլլան, անշուշտ առանց ելլելու թոյլտուութեան պատշաճ սահմաններէն։ Այս է ահաւասիկ «աբեղաթող» կոչուած վանական խրախճանքի արձակ օրը վանքերու մէջ՝ Բուն Բարեկենդանին առթիւ։
Արդարեւ, «Մեծ պահք»ը կեանքի եւ կենցաղի սովորական պայմաններուն փոփոխութեան կրօնական, բարոյական շրջանն է։ Բայց ան ունի նաեւ անժխտելի կապ մը ընկերական բարքերուն հետ։ Մեծ պահքը, ըստ երեւոյթին զուտ կրօնական նշանակութիւն մը ունի, բայց Մեծ պահքը կերուխումի խտիր եւ խնդիր չէ. ան կեանքի ամէն մարզի մէջ «պարզութեան» եւ «չափաւորութեան» հարց մըն է։ Պարզութիւնը եւ չափաւորութիւնը ստոյգ եւ շատ ուշագրաւ իրողութիւններ են՝ որ կեանքը կը կանոնաւորեն։
Ուստի, առաջին մարդը՝ Ադամը, եդեմական դրախտին մէջ ունէր երանական կեանք մը՝ կը ցնծար՝ «տխրութիւն չճանչցող խնդութեամբ կը զուարճանար», ինչպէս կ՚ըսէ սրբազան շարականագիրը…։ Իսկ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքը եւ նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ…». (ԿՈՂՈՍ. Գ 9-10)։ Այսպէս, դուրս վանենք մեր մէջէն «հին մեղաւոր մարդը» եւ աղօթքի, ապաշխարութեան եւ զոհողութեան միջոցով Քրիստոսը ընդունինք մեր մէջ եւ Անով հիմնովին նորոգուինք։ Եւ այս իմաստով, Բարեկենդանը կը հիմնուի անդրադարձի, ինքնաքննութեան, ներհայեցողութեան, ուխտի եւ հոգեկան վերանորոգման վրայ։ Արդարեւ, Բարեկենդանին է որ կ՚որոշենք Քրիստոսով ապրիլ եւ Քրիստոսը մեր մէջ ընդունիլ…։
Բարեկենդանին ուխտ կը դնենք, կ՚որոշենք պահեցողութեան շրջանին յանձն առնել զոհողութիւններ եւ այդ ուխտը եւ որոշումը երբեք չդրժել։ Բարեկենդանին է, որ մեր վատ եւ յոռի սովորութիւններէն ձերբազատուելու ուխտ կ՚ընենք, մենք զմեզ հեռու կը պահենք ամէն տեսակ խառնակութիւններէ, պղծութիւններէ. մեր լեզուներուն սանձ կը դնենք, որ այլեւս չչարախօսենք, չանիծենք եւ չբամբասենք։
Բարեկենդանին է, որ կ՚որոշենք մարդասէր, բարեսէր, անյիշաչար, քաղցրաբարոյ, ողորմած ըլլալ։ Եւ այս կերպով, կը փորձենք «հին մարդ»ուն բոլոր թերութիւնները, տկարութիւնները վանել մեր մէջէն, վանել նաեւ «հին մարդ»ը ամբողջովին, եւ մեր մէջ կերտել առաքինութիւններով լեցուն ազնիւ «նոր մա՛րդ»ը։
Արդարեւ, քրիստոնէական կեանքին մէջ առանց ադամական մեղքէն ձերբազատուելու կարելի չէ փրկութեան հասնիլ՝ «նոր մարդ» ըլլալ։ Բացի մկրտութեան խորհուրդի միջոցով ադամական մեղքէ սրբուելէ, կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, որ մեր անձին մէջ ապրեցնենք մեր հաւատի Առաջնորդին եւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի ամբողջ էութիւնը։
Պատմութեան մէջ շատ են այն դէպքերը, երբ մեղաւոր մարդիկ կատարեալ քաւութեան արժանացած են՝ դառնալով «Նոր Մարդ»։ Եւ այսօր մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ ալ այսպիսի հրաշքներ կը կատարուին. ոմանք կ՚անդրադառնան, ոմանք ալ՝ ո՛չ։ Բայց հրաշքներ մի՛շտ կը պատահին…։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ մեղաւորներու առջեւ կը բացուին երկինքի ողորմութեան դռները, եւ այնտեղէն սրբութեան, մաքրութեան լոյսը մեզ կը հրաւիրէ դէպի վե՜ր, միշտ դէպի բարձրեալն Աստուած։
Եւ ահաւասիկ, Բարեկենդանը այդ պահերէն, այդ առիթներէն մէկն է, որ անդրադառնանք մեր սխալներուն, մեր մեղքերուն, եւ որոշենք «նոր մարդ» ըլլալ…։ Ճիշդ է. ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճանապարհը նեղ է, փշոտ է, հոն յառաջանալ դիւրին չէ, այլ՝ դժուարի՛ն, սակայն կեանքի մէջ դժուարութիւնները յաղթահարողներն են որ միշտ կը հասնին իրենց նպատակին։
Ուրեմն, հասած է ապաշխարութեան, մեր յանցանքներու համար թողութիւն խնդրելու ժամանակը՝ Մեծ պահքի շրջանը…։
Ուստի, աղօթքի եւ ողորմածութեան, բարեգործութեան միջոցով ջանանք մեր ներքին աշխարհը, մեր խոհերը եւ մտածումները մաքրել, սրբել, ազատել մեղքի կապանքներէն եւ Աստուծոյ լոյսի եւ շնորհներու ստացումով մեր մէջ ապրեցնել «նոր մարդ»ը՝ տիպար եւ առաջնորդ ունենալով Յիսուս Քրիստոսը։
Յիսուս Քրիստոս համայն մարդկութեան մեղքերուն համար խաչը՝ այսինքն մարդկութեան մեղքը, ուսին՝ բարձրանալով Գողգոթա՝ այնտեղ Իր անմեղ արեամբ սրբեց բոլոր այդ մեղքերը…։
Եւ մենք, այսօր, Բարեկենդանին եւ յաջորդող Մեծ պահքի օրերուն անդրադառնալու ենք այս ճշմարտութեան. մենք բոլորս մեղաւորներ ենք, ուրեմն պէտք է սրբուինք մեր մեղքերէն, եւ այս շրջանը լաւագոյն առիթն է մեզ՝ մեղաւորներուս համար։
Յիսուս անմեղ էր, բայց մեղաւորի մը նման խաչուեցաւ։ Իսկ մենք՝ մեղաւորներս, նոյն օրինակով, ապաշխարութեան յառաջիկայ օրերուն սրբենք մեր անձերը, սրբագրուինք, մաքրենք եւ թեթեւցնենք մեր մեղքերու ծանրութիւնը, մեր հոգին եւ մեր մարմինը մաքրենք պահեցողութեամբ, աղօթքով եւ ողորմածութեամբ եւ միշտ նայինք դէպի Գողգոթա եւ երբեք չտկարանանք, զօրացած հաւատքով քալենք առաջ՝ դէպի սրբութիւն եւ դէպի մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս։
Գիտակցութեամբ եւ մանաւա՛նդ զոհողութեամբ կը կարողանանք մեր կեանքի օրերուն դէպի լոյս դառնալ, լուսաւորել մեր կեանքի ճամբան եւ մեր կեանքով ճանապարհ բանալ դէպի լոյս ապագայ։
Ամենաստեղծ Անստեղծը անշուշտ որ կարող է վերստեղծել մեզ՝ «հին մարդ»ը վերածել «նոր մարդ»ու՝ բաւ է որ մենք անդրադառնանք մեր սխալներուն, մեր թերութիւններուն, զղջանք եւ մտադրենք խուսափիլ նոյն սխալները գործելէ, ջանանք չկրկնել նոյն սխալները, եւ ահաւասիկ այն ատեն Ամենակալ, Ամենադարմանիչ, Ամենորոգ Աստուած պիտի վերստին ստեղծէ մեզ՝ որպէս «նոր մարդ»։
Ահաւասիկ, այս կենսական որոշումը տալու եւ անմիջապէս կիրարկելու լաւագոյն առիթն է Բարեկենդանը եւ անոր յաջորդող Մեծ պահքը։
Արդիւնաբեր ըլլայ Մեծ պահքը բոլորիս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 3, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/06/2025
- 02/06/2025