ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Աշխարհի մեծահարուստներէն, ամերիկեան «Microsoft» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց վերջին օրերուն զանազան հարցազրոյցներու ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարումէն յետոյ երկու գլխաւոր վտանգ պիտի սպառնայ մարդկութեան։ Ըստ իրեն, առաջին մարտահրաւէրը կլիմայի փոփոխութիւնն է։ «Ասոր հետեւանքով ամէն տարի մահացութեան մակարդակը աւելի բարձր կ՚ըլլայ՝ նոյնիսկ համաճարակի ժամանակներուն բաղդատմամբ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ երկրորդ սպառնալիքը կենսաահաբեկչութիւնն է։ Կէյց ըսաւ. «Անոնք, որոնք կը փափաքին մարդոց վնաս հասցնել, կրնան վարակ մը ստեղծել, ուստի, այդ խնդրին հետ բախուելու հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է՝ բնական վարակներու յառաջացման հաւանականութեան բաղդատմամբ»։

Միջազգային լրասփիւռին մէջ լայն արձագանգի արժանացած են Պիլ Կէյցի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարումը շատ աւելի դիւրին խնդիր մըն է՝ կլիմայի փոփոխութեան հարցին բաղդատմամբ։ Եթէ կլիմայի փոփոխութեան խնդրին լուծում մը գտնուի, ապա այս մէկը մարդկութեան իրագործած ամենահրաշալի բանը պիտի ըլլայ։ Մատնանշելով հարցին կարեւորութիւնն ու լրջութիւնը՝ ան ընդգծեց, որ պէտք չէ թերագնահատուին այս մարտահրաւէրի ծաւալները։ Կէյց կոչ ուղղեց յառաջիկայ երեսուն տարիներուն առաւելագոյնը ընել՝ կլիմա-

յական աղէտէն խուսափելու համար։ Ան յիշեցուց, որ տարուէ տարի կ՚աճին ջերմոցային կազերու արտանետումներու ծաւալները։ Կլիմայի դէմ փոփոխութեան պայքարին մէջ մարդկութեան կրնան օգնել փորձագիտութիւնները։ Ըստ Պիլ Կէյցի, մինչեւ 2050 թուականը պէտք է հասնիլ կլիմայական չէզոքութեան։ «Սա ամենաբարդ խնդիրն է, որ երբեւէ ծառացած է մարդկութեան առջեւ։ Արդարեւ, ֆիզիքապէս աշխարհի տնտեսութիւնը՝ կրաղիւսը, պողպատը, փոխադրութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, այդ բոլոր հատ-ւածները պէտք է փոխուին», նշեց Պիլ Կէյց եւ աւելցուց, որ միայն նորարարութիւններու գործադրութիւնը կրնայ ապահովել մինչեւ 2050 թուականը կլիմայի չէզոքութիւնը։

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021