ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ. «ՄԵՐ ԴՈՒՌԸ ԲԱՑ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»

Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակի աշխուժութիւնը կը շարունակուի եւ այս ամբողջին մէջ միշտ կը շօշափուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան իրենց հերթական հեռավար հանդիպումը։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համատեղ նախաձեռնութեամբ Աքքույուի մէջ ձեռնարկուած՝ հիւլէական ուժանիւթի արտադրութեան կայանին վերաբերեալ կազմակերպուած առցանց միջոցառումը առիթ հանդիսացաւ երկու ղեկավարներու այս հերթական շփման՝ մինչ անոնք համաձայնեցան մօտաւոր ապագային դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենալու ուղղութեամբ։

Նախագահներու այս հեռավար զրոյցին օրը Տոհայի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը։ Լաւրով Քաթար մեկնեցաւ Ռիատէն, իսկ Չավուշօղլու՝ Պիշքեքէն։ Երկու նախարարները շուրջ կէս ժամուան հանդիպում մը ունեցան Տոհայի օդակայանին մէջ։ Այսօր Չավուշօղլու եւ Լաւրով եռակողմանի հանդիպում մը կ՚ունենան՝ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման էլ Սանիի մասնակցութեամբ։ Տոհայի ղեկավարութիւնը վաղուց այս ձեւաչափը առաջարկած էր Մոսկուային՝ համալրելու համար Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղեալ քննարկումներու հարթակները։ Արաբական երկիրները ներկայիս կը յուսան, թէ ապագային կը կարողանան աւելի աշխուժօրէն ներգրաւուիլ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման գործընթացին։

Չավուշօղլու Քաթար հասնելէ եւ Տոհայի օդակայանին մէջ Լաւրովի հետ տեսակցելէ անմիջապէս առաջ, Խրղըզիստանի շփումներուն ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ «Մեր դուռը բաց է նաեւ Հայաստանի համար», յայտարարեց նախարարը Պիշքեքի մէջ։

Ըստ Չավուշօղլուի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեսուն տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի Հայաստանի կողմէ բռնագրաւումը եւ անոր վերջ տրուիլը թրքական աշխարհի մօտիկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Թուրքիա այդ պայքարին մէջ Ատրպէյճանին աջակցած է ո՛չ միայն եղբայրական կապերուն պատճառով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ ան արդար էր եւ օրինական։ «Այլեւս մեր տարածքաշրջանէն ներս կարելի է ճակատագիրները փոխել եւ Կովկասի մէջ մշտական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատել։ Մեր դուռը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք այս մաղթանքը կը բաժնեն՝ ներառեալ Հայաստանը», ըսաւ Չավուշօղլու։

Չավուշօղլուի խօսքով՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա, ժողովուրդներու երջանկութեան ու բարգաւաճման համար համատեղ աշխատանքի յոյսն ունի թրքական կողմը։ Արդարեւ, անկախ պատկանած ազգութենէն, համագործակցութիւն ապահովել չյաջողած սերունդը անպայման միասնական փոխարժէք մը կը վճարէ։ «Այս պատճառով կ՚ըսենք, որ այլեւս կը բաւէ։ Նայինք դէպի ապագայ, յառաջանանք։ Պատմութեան մէջ յիշուինք մեր յաջողած համագործակցութիւնով», ըսաւ Չավուշօղլու։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կարգ մը ընկերութիւններուն միջեւ վերջին օրերուն ստորագրուած է յուշագիր մը, որով կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղը բարձր փորձագիտութիւններու կեդրոնի մը վերածել։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021