ԿՐՕՆ, ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս կազմակերպեց առցանց գիտաժողով մը՝ «Կրօն, կրթութիւն եւ խաղաղութիւն» վերնագրով։ Հեռավար այս գիտական ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ Հայկազեանի հետ համագործակցած էր՝ Մինէսոթայի Սենթ Ճոնզ համալսարանի «Ճէյ Ֆիլիփս» միջհաւատքային ուսուցման կեդրոնը։ Լիբանանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Հիւսիսային Իրլանտայէն, Պոսնա Հերսեքէն, Միանմարէն եւ աշխարհի եւս տասն տարբեր երկիրներէն ատենախօսներ մասնակցեցան ծրագրին՝ ներկայացնելով շահեկան զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ զանազան երեսակներով բիւրեղացաւ արծարծուած նիւթը։

Հեռավար գիտաժողովի բացման ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան եւ գործընկեր կեդրոնի տնօրէն տքթ. Ճոն Մերքլէ։

Առցանց գիտաժողովը վարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօսական կազմէն Անիթա Մուչոյեան։ Զեկուցումներու ներկայացումէն վերջ, գիտական ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ բաց քննարկում մը։ Այս փուլին կարծիքի փոխանակումները վարեց տքթ. Պերճ Թրապուլսի՝ նոյնպէս Հայկազեան համալսարանի դասախօս։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021