ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ
Քառասուն մանուկներ, բոլորն ալ կանխաւ քրիստոնեայ եղած, զանազան քաղաքներէ, Սեբաստիա գտնուած միջոցին, Լիւսիաս Կեսարիոյ դուքսը (=duc), հրաման ստացաւ Լիկիանոսէ, քննել թէ կա՞ն քրիստոնեաներ բանակին մէջ։
Պատուէրը հաղորդուած ըլլալով Ագրիկողայոսի, քառասուն երիտասարդ զինուորները քննութեան ենթարկուեցան։ Իրենց անվախ, անվեհեր եւ համարձակ պատասխաններով քառասուն երիտասարդները շուտով իրենց վրայ հրաւիրեցին դատաւորին զայրոյթը։ Ուստի անմիջապէս բանտարկուեցան։ Բայց այս անարդար բանտարկութեան պատճառով, աւելի՛ զօրացան իրենց հաւատքին մէջ, որովհետեւ անոնք քաջալերուեցան Տիրոջ երեւումովը։
Երբ Կեսարիոյ դուքսը Լիւսիաս Սեբաստիա եկաւ, դարձեալ քննութեան ատեան բերուեցան քառասուն երիտասարդները, նորէն ցոյց տուին իրենց հաստատուն հաւատքը։ Դահիճները շփոթութեան մատնուեցան, երբ հրամայուեցաւ իրենց տանջանքի ենթարկել զանոնք, եւ սկսան իրարու զարնել։ Եւ վերստին բանտարկուեցան անոնք, ուր դարձեալ ընդունեցին երկնային այցելութիւնը։
Վերջին քննութենէ մը յետոյ, անոնք մերկ վիճակի մը մէջ լիճը ձգուեցան իրիկնադէմին. որովհետեւ ձմեռ էր, սառեցան ջուրերը, եւ անոնց մարմինները սկսան ճեղքուիլ։ Չկրցաւ տոկալ քառասուններէն մին, եւ դուրս վազելով մտաւ հոն մօտը յատկապէս պատրաստուած բաղնիքը, եւ իսկոյն մեռաւ։ Գիշերամիջին երկնային լոյս մը ճառագայթեց լճին վրայ՝ պսակներ երեւցան նահատակներուն գլուխներուն վրայ։ Այդ տեսնելով պահապան զինուորներէն մին, հոգեկան փոփոխութիւն մը զգաց իր մէջ, լիճը նետուեցաւ եւ պսակից եղաւ միւսներուն՝ փոխան պակսածին։
Առտուան դէմ հանեցին քառասունները լիճէն, բիրերով՝ հաստ գաւազաններով կտոր կտոր ըրին անոնց զիստերը՝ աճուկէն մինչեւ ծունկը, եւ մահացնելով սայլերով գետեզրը տարին զանոնք։
Որովհետեւ անոնցմէ ամենէն մանկատին դեռ ողջ էր, իր մայրը շալկեց զայն եւ հետեւեցաւ սայլերուն, մինչեւ որ ան ալ ճամբու ընթացքին աւանդեց իր հոգին։
Քառասուն երիտասարդներու մարմինները այրեցին եւ գետը թափեցին նշխարները, այսինքն մնացորդները։
Եպիսկոպոսը երազի մէջ տեսաւ, թէ գետին ո՞ր մասին վրայ ափունք ելած են քառասուններու մարմիններուն մնացորդները. ուստի բծախնդրութեամբ եւ մեծ պատուով հաւաքեց եւ ամփոփեց զանոնք, 316-ին։
Արեւելքի ամենէն ժողովրդական սուրբերէն եղան քառասուն մանուկները (երիտասարդները)։ Իրենց վրայ ներբողականներ՝ գովաբանութիւններ գրեցին Սուրբ Բարսեղ, Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի, Սուրբ Եփրեմ, եւ մանաւանդ Սեբաստիոյ Սիսիանոս վարդապետը։ Այս առթիւ քառասուն գմբէթեայ տաճար մը կանգնուեցաւ Սեբաստիոյ մէջ այն թուականներուն «Քառասուն Մանկունք» անունով տեղւոյն հայոց գերեզմանատունն ալ կը կոչուէր, ուր կանգնուած էր վերոյիշեալ տաճարը։
Իսկ քառասուն երիտասարդներու մահացած լիճը կը մնար ամփոփուած նեղ սահմանի մը մէջ՝ շուրջը եւ վրան քարէ պատերով ծածկուած։
***
Եկեղեցւոյ մէջն է որ հաղորդութեամբ բոլոր մկրտեալներուն հետ, քրիստոնեան կ՚իրագործէ իր կոչումը։ Եկեղեցիէն ան կ՚ընդունի Աստուծոյ Խօսքը, որ կը բովանդակէ «Քրիստոսի Օրէնք»ին ուսուցումները։ Ան Եկեղեցիէն կը սորվի «սրբութեան օրինակ»ը. անոր տիպարը եւ աղբիւրը կը տեսնէ Սուրբ Կոյս Մարիամի մէջ. զայն կը նշմարէ վաւերական վկայութեան մէջ անոնց, որոնք կ՚ապրին զայն. զայն կը գտնէ հոգեւոր աւանդութեան եւ երկար պատմութեան մէջ սուրբերուն՝ որոնք կանխեցին զինք եւ զորս ծիսակատարումը կը տօնէ Տօնացոյցին էջերով։ Եւ այս իսկ պատճառով, կարեւոր տեղ կը գրաւէ սուրբերուն բարեխօսութիւնը քրիստոնեաներու աղօթքին մէջ։
Արդարեւ, «Երկինքի բնակիչ»ները Քրիստոսի հետ աւելի՛ սերտօրէն միացած ըլլալով, աւելի՛ հաստատօրէն կը սատարեն Եկեղեցւոյ ամրացումին՝ սրբութեան մէջ։ Անոնք չեն դադրիր բարեխօսելէ մեզի համար Հօր մօտ, ընծայելով այն արժանիքները, զորս շահեցան երկրի վրայ՝ Յիսուս Քրիստոսով, միակ Միջնորդով Աստուծոյ եւ մարդոց։ Այսպէս սուրբերուն եղբայրական հոգածութիւնը մեծ օգնութիւն մը կը հանդիսանայ մեր տկարութեան համար։ Սուրբ Դոմինիկոս մահամերձ կ՚ըսէ. «Մի՛ լաք մահէս ետք՝ ես ձեզի աւելի օգտակար պիտի ըլլամ եւ աւելի արդիւնաւորապէս պիտի օգնեմ ձեզի քան կեանքիս ընթացքին»։
Արդարեւ, սուրբերու հետ մեր հասարակութիւնը մեզ Քրիստոսի կը միացնէ, որմէ՝ կը բխի մեզի ամէն շնորհք եւ կեանք…։
- Տ. Թորգոմ Պատրիարք. «Սուրբք եւ Տօնք»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 6, 2021 Իսթանպուլ